Աղէտի նոյն ճանապարհէն քալած Փոքր Ասիոյ հայերու եւ յոյներու ողբերգութեան անդրադարձող, բայց նաեւ վերապրածներու հոգեկան ուժն ու վերապրումի կարողութիւնը շեշտող ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Յունաստանի Քիքլատես կղզեխումբի Սիրոսի մայրաքաղաք Էրմուփոլիսի մէջ, Շաբաթ՝ 14 Սեպտեմբեր 2019ին, շքեղ «Ափոլոն» թատրոնի դահլիճէն ներս։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սիրոսի Փոքր Ասիացիներու միութեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Պոնտոսցիներու «Էֆքսինոս Փոնտոս» միութեան համագործակցութեամբ։
Ձեռնարկի կազմակերպման առիթով Սիրոս կղզին կ’այցելէին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը։
Պատմական յուշին նուիրուած այս երեկոյին ներկայ գտնուեցան Սիրոսի քաղաքապետական ու մշակութային կեանքի ներկայացուցիչներ եւ տեղացի ժողովուրդ։ Ներկայ էր Սիրոսի մետրոպոլիտ Տորոթէոս սրբազանի ներկայացուցիչը, նախկին քաղաքապետներ եւ մարզային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց նորընտիր քաղաքապետ պրն. Նիքոս Լիվատարաս, անդրադառնալով Փոքր Ասիոյ աղէտին եւ անկէ փրկուած գաղթական հայ եւ յոյն ժողովուրդին, որ հաստատուեցաւ Սիրոս, հիւրասէր կղզիին մէջ վերակենդանացնելով իր մշակոյթը, պահելով իր ինքնութիւնը եւ կերտելով իր ապագան։Ան խօսեցաւ իր մանկութեան ուսուցիչ Զախարիաս Տրոսոսի կողմէ ժառանգ թողուած «Τα παιδιά του κατακλυσμού» աշխատանքին մասին, ուր կարեւոր տուեալներ կը փոխանցուին Զմիւռնիոյ աղէտէն ետք Սիրոս հաստատուած եւ որբանոցին մէջ խնամուած՝ աւելի քան 2.000 գաղթական որբուկներու մասին, որոնք հետագայ տարիներուն, հակառակ որ շատոնց մեկնած էին կղզիէն, շարունակեցին գալ Սիրոս ու այցելել՝ իրենց հանդէպ այնքան սրտագին վերաբերմունք ցոյց տուած կղզեցիներուն։
Վառ խօսքերով, երաժշտութեամբ, պաստառին վրայ արխիւային նիւթերու ցուցադրումով եւ զգայնութիւն պատճառող վկայութիւններով երգա-պարային խառն գեղարուեստական ձեռնարկ մը պատրաստուած էր, ուր հնչեց նաեւ հայկական երգը, յոյն երգչուհիի մը զգայուն մեկնաբանութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, անդրադառնալով Սիրոսի մէջ անցեալին պատսպարուած հայ որբերուն, շեշտելով թէ նոյն հոգատար վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի զաւակներուն հանդէպ շարունակեցին ցոյց տալ Սիրոսցիները, իրենց մօտ հիւրընկալելով Արցախի փոքրիկները, որ արդէն մօտ 25 տարիներէ ի վեր, խումբ-խումբ կը շարունակեն ամէն ամառ Սիրոս գալ եւ ամառնային անհոգ արձակուրդի օրեր վայելել Քինիի ծովեզերեայ շրջանին մէջ։
Այս իւրօրինակ նախաձեռնութիւնը եզակի պարագայ մըն է, որ անքակտելի կապերով իրարու կը մօտեցնէ Սիրոսն ու Արցախն, հայերն ու յոյները։
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց, թէ հայաշխարհի մէջ արձագանգի արժանի դարձած նախաձեռնութիւն մըն է, Սիրոսի մէջ Արցախի փոքրիկներու հիւրասիրութեան պարագան, որ իր փոխադարձ ազդեցութիւնը կը բերէ նաեւ Արցախի ժողովուրդին վրայ, քանի որ 500ի հասնող փոքրիկներուն թիւը, բոլոր այս 25 տարիներուն ընթացքին, կը շարունակէ իր սրտին մէջ պահել Սիրոսի մէջ ապրած օրերուն յիշողութիւնը։
«Անոնք այլեւս մեծցած, ընտանիք կազմած հայորդիներ են, որոնք սակայն Սիրոսի կապոյտ երկինքը իրենց հոգիներուն մէջ ընդմիշտ գոցած են» ըսաւ Սրբազան հայրը, ուխտագնացութիւն բնորոշելով իր առաջին այցելութիւնը Սիրոս կղզին։ Ան յաջողութեան եւ արդիւնաւոր նստաշրջանի մաղթանքներ փոխանցեց նորընտիր քաղաքապետ պրն. Նիքոս Լիվատարասին, իր համոզումը յայտնելով, թէ երկար տարիներ պիտի շարունակուի Արցախի փոքրերու հիւրասիրութեան ծրագիրը։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան յիշատակի նուէրներ փոխանակուեցան: Պարոն քաղաքապետը Սիրոսի պատմութեան անդրադարձող լուսանկարչական հարուստ ալպոմ մը նուիրեց:
Դափնեպսակի զետեղում
Կիրակի՝ 15 Սեպտեմբեր 2019ի առաւօտուն, Փոքր Ասիոյ աղէտին զոհուած հայ եւ յոյն նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ, Քսիրոքամպօ «նախկին գաղթականական» շրջանի Սուրբ Թաքսիարխիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ եղաւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը։
Ապա, կղզիի նահանգապետային, քաղաքապետական, քաղաքական, զինուորական եւ ոստիկանական ուժերու ներկայացուցիչներու առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ Քսիրոքամպոյի հրապարակին վրայ զետեղուած յուշարձանին առջեւ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ դափնեպսակ զետեղեց ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։
Այցելութիւն զօրանոց
Կիրակի՝ 15 Սեպտեմբերին այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ «Զ. Ափոսթոլու»ի անուան զօրանոց, ուր հաստատուած է ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշը եւ հայ որբերու պատմութիւնը հետագայ սերունդներուն ծանօթացնող փոքրիկ, բայց կարեւոր թանգարան մը։
Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն, ծնողազուրկ դարձած հազարաւոր փոքրիկներէն շուրջ 2.000ը պատսպարուեցան «Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի» (Near East Relief) նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէ Սիրոս կղզիին մէջ հիմնուած որբանոցին մէջ:
Պատմական այս վայրին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէս մըն է որ կը գործէ հոն, որ ժամանակագրական շարքով կը ներկայացնէ բազմամշակութային ժառանգութեան վայր հանդիսացող զօրանոցի պատմութիւնը՝ հայ որբերու խնամատարութեան առաջին տարիներուն։ Լուսանկարներէն կը հետեւինք իրենց կեանքի պայմաններուն, երբ երեխաները սկիզբը պարզ վրաններու տակ կը մնային։ Սկզբնական շրջանին փոքրերը դասերով կը զբաղէին, մինչ աւելի մեծերը՝ կ’օգնէին, որպէսզի շէնքերը շինուին։ Անոնք կը հետեւէին յատուկ դասընթացքներու, արհեստներ սորվելով՝ ձեռագործ, կօշկակարութիւն, լեզու, երգեր, դերձակութիւն։
Ցուցադրութեան դրուած բոլոր այդ իրերը (փոքրիկ պուպրիկներ, հագուստներու կտորներ, կոճակներ, մազերու զարդեր, ինքնաշխատ խաղալիքներ, եւայլն) յատուկ խնամքով ներկայացուած են ու կը պահպանուին այս վայրէն ներս:
Որբանոցը արժանացած էր «Միջերկրականի մեծագոյն որբանոց» տխուր տիտղոսին: Շէնքը, հետագային, տարբեր ձեւերով օգտագործուեցաւ, դառնալով յանցապարտ պատանիներու համար բանտ, ապա 1944էն ետք՝ զօրանոց: Նորոգումներու շրջան մըն ալ անցաւ, բայց շէնքային հիմնական կառոյցը կը մնայ նոյնը: Ցուցահանդէսը կազմակերպելու աշխատանքը մի քանի տարիներ առաջ կատարած է հնաբան Լեֆթերիս Զորզոս։
Ցուցադրութեան առաջին բաժնին մէջ ժամանակագրական կերպով ներկայացուած են լուսանկարները: Բացատրողական գրութիւնները յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով տեղեկութիւններ կը փոխանցեն այցելուներուն։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը շարունակական կապ կը պահէ Սիրոսի պատասխանատուներուն հետ, համագործակցելով եւ օժանդակելով այս աշխատանքի բոլոր հանգրուաններուն, որպէսզի պահպանուի պատմական յուշի վերակենդանացման ծառայող կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը: