Կիրօ Մանոյեան. «Վստահ Չեմ, Որ Հայաստանի Իշխանութիւնները Արցախի Օժանդակութեան Հետ Կապուած Ինչ Որ Բան Կ՛ըսեն Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւններուն»

«Յատկապէս այս Սպիտակ տունը առաջին անգամը չէ, որ կը փորձէ Արցախին տրամադրուող օժանդակութիւնը ո՛չ միայն կրճատել, այլեւ ընդհանրապէս դադրեցնել: Թէեւ նախորդ վարչակազմի օրով ալ այնպէս չէր, որ ուղղակի պիւտճէին մէջ կը գրուէր յատկացման մասին, բայց տեղ մը կ՛արձանագրուէր: Այս իշխանութիւններուն համար քանի մը խնդիր կայ, որոնցմէ գլխաւորը Ազրպէյճանի ազդեցութեան հարցն է»,  «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ  Մանոյեան:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ահազանգած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին  դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ֆինանսական օգնութիւնը, որ  նախնական հաստատման արժանացած էր 2020-ի ելեւմտական ծրագիրով:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, առհասարակ, Միացեալ Նահանգներու գործող իշխանութիւնը նուազեցուցած է մարդասիրական օժանդակութիւնները: Սպիտակ տունը, ինչպէս նշեց Կիրօ Մանոյեան, կը ներկայացնէ պատճառաբանութիւններ, որոնք սակայն, ըստ անոր, զուտ պատրուակներ են: «Իրական նպատակը այն է, որ իրենք Ազրպէյճանը չանհանգստացնեն, քանի որ Միացեալ Նահանգները աշխարհի միակ պետութիւնն է, որ այսպէս ուղղակի մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախին», համոզուած է Կիրօ Մանոյեան:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Արցախին մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրեն 1998-էն ի վեր: Կիրօ Մանոյեան վստահ չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան հաւանական դադրեցման հարցը բարձրացուցած են ամերիկեան կողմին մօտ:

«Վստահ չեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Արցախի օժանդակութեան հետ կապուած հարցով ինչ որ բան կ՛ըսեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն: Եթէ համեմատենք, օրինակ` Ֆրանսայի մէջ առկայ հարցին հետ, երբ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ազրպէյճանական ճնշումներուն ազդեցութեան տակ սկսան դատական գործերով Արցախի քոյր քաղաքներու հետ կապուած որոշումները չեղեալ նկատել, Հայաստանի իշխանութիւնը` մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ ատիկա Արցախի խնդիրն է, Արցախը կը զբաղի, մենք ընելիք չունինք: Այս պարագային ալ շատ վստահ չեմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դժգոհութիւն կամ մտահոգութիւն արտայայտած ըլլան», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Նշենք, որ բոլորովին վերջերս` 14-էն 26 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Մօտաւորապէս նոյն օրերուն Միացեալ Նահանգներ էին նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն ու արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատահակա՞ն է արդեօք, որ Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը ստացուած է հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ամերիկեան այցելութիւններէն ետք, Կիրօ Մանոյեան արձագանգեց. «Արարատ Միրզոյեանը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան միջոցառման մասնակցելու համար այցելած է, նոյն օրերուն փոխվարչապետ Աւինեանն ալ այդտեղ էր եւ արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանը, բայց ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, թէ անոնք այս հարցով խօսա՞ծ են, թէ՞ չեն խօսած: Այդ հարցը պարզ չէ: Այնպէս չէ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը վատանան, այս ամէնը կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Արցախի հարցով Ազրպէյճանը բաւարարելու համար ինչ որ կեցուածք որդեգրած են: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը նոյն ձեւով կ՛առաջնորդուի, ինչ որ է պարագան Ֆրանսայի հարցին, կը նշանակէ, որ ոչ թէ չեն կրցած որեւէ բան ընել, այլ պարզապէս քայլեր չեն առած, չեն զբաղած այդ հարցով, ինչ որ սխալ է»:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիրը, որուն կնքման անհրաժեշտութեան մասին կը բարձրաձայնէ Դաշնակցութիւնը, նման իրավիճակներու համար էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Այդ փաստաթուղթին մէջ, ըստ Մանոյեանի, յստակ կը դրուի հարցը, որ Հայաստանի թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն ու պետական այլ կառոյցներ պէտք է Արցախին օժանդակեն միջազգային յարաբերութիւնները պատշաճ իրականացնելու համար: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը այս ուղղութեամբ քայլեր վստահաբար կ՛իրականացնեն, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով պէտք է աջակցի այդ քայլերուն: