ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրէ Ազուլէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնեց կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային գործակցութեան ճամբով աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու անվտանգութեան նպաստող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ գնահատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի մշակութային, պատմական եւ բնական գոհարներու պահպանման ջանքերը:
Մարմինը, սակայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին յիշեցուց, որ շարք մը միջազգային այլ կազմակերպութիւններու նման ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը եւս մէկ տարի առաջ մտահոգութիւն յայտնած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Միջազգային ժառանգութեան յանձնախումբի քաղաքականացման առնչութեամբ` մասնաւորաբար յանձնախումբի 43-րդ նիստը գումարելով Ազրպէյճանի մէջ, երկիր մը, որ կը շարունակէ Մշակութային ցեղասպանութիւնը` կանոնաւոր կերպով բնաջնջելով մարդկութեան անգնահատելի ժառանգութիւններ, ինչպիսիք են Նախիջեւանի Ջուղա շրջանի հայկական խաչքարերը, որոնց դէմ գործուած ոճիրը տեսագրուած էր 2005-ին:
Մարմինը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներու դիտաւորեալ կերպով չտրամադրուելուն պատճառով հայկական պատուիրակութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 43-րդ նիստին մասնակցութեան կարելիութիւնը խափանուեցաւ:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբը յուլիս 2019-ին իր գումարած նիստին ընթացքին որդեգրեց համաշխարհային ժառանգութեան 29 նոր վայրեր, որոնց շարքին` Հիւսիսային Ազրպէյճանի մէջ Շեքի Խանի պալատը, որ կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր գոյութիւն ունին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հաստատումէն դարեր առաջ կառուցուած պարսկական, վրացական եւ հայկական կարեւոր վայրեր:
Մարմինը յոյս յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իր այդ քայլով կը նպաստէ նաեւ վերաշինութեանը Շեքի Խանի պալատին մօտ գտնուող նոյնքան կարեւոր ու գեղեցիկ նմանօրինակ վայրերու, ինչպէս` Ս. Եղիշէ եկեղեցիին եւ Վարդաշէն պատմական քաղաքին: Մարմինը նաեւ կարեւոր նկատեց հաստատումը հետաքննական առաքելութեան մը, որուն նպատակը ըլլայ ճշդել ճակատագիրը Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող եւ հայ ժողովուրդի ժառանգութեան պատկանող հազարաւոր մշակութային վայրերու ու պաշտպանել զանոնք, մանաւանդ որ անոնք անտեսումի կամ դիտաւորեալ ու կանոնաւոր բնաջնջումի պատճառով կը կորսուին:
«Այս քայլերը մեծապէս պիտի նպաստեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի մշակութային, պատմական եւ բնական գոհարները պահպանելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նպաստելու առաքելութեան», ընդգծեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: