Թեսաղոնիկէի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի քաղաքական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 21 Ապրիլ 2019ին, «Վելիտիս» սրահէն ներս, Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի համակազմակերպութեամբ, սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած ժողովուրդի եւ Յունաստանի մարզպետական, քաղաքապետական ու զինուորական բարձրագոյն ղեկավարութեանց ներկայութեամբ։ Ներկայ էին Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, շրջանի հոգեւոր հովիւը, գաղութի ազգային հաստատութիւններու, կառոյցներու եւ միութիւններու բոլոր ներկայացուցիչները ու յոյն եւ հայ մեծ թիւով ժողովուրդ։
Յունաստանի վարչապետի եւ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղաւ ներքին գործոց փոխ նախարարուհի Էլէֆթէրիա Խածիեորղիու, իսկ Յունաստանի խորհրդարանը ներկայացուց Նիքոլաոս Փարասքէվոփուլոս։
Պահանջատիրական պատգամներով լեցուն էին յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու ելոյթները, որոնք յոյն ժողովուրդի եւ պետութեան զօրակցութիւնը յայտնելով հայութեան արդար դատին, միաժամանակ դատապարտեցին Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը։
Ողջոյնի Խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան (Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ) փոխ նախարար Էլէֆթէրիա Խածիեորղիու, Կեդրոնական Մակեդոնիոյ Մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթաս, Թեսաղոնիկէի մարզային շրջանի փոխ մարզպետ Փարասքէվի Փաթուլիտու, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Եանիս Պութարիս, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի մօտ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Ֆելիփէ Ռէ եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ ընկ. Փաւլինա Չեմինեան։
Բացման խօսքը կատարեց Հայ Դատի ներկայացուցիչ ընկ. Տարօն Տէրէյեան, որ նշեց, թէ անգամ մը եւս համախմբուած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու հայ ազգի նահատակներու յիշատակին։
Յատկանշական էր Թեսաղոնիկէի մօտ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Ֆելիփէ Ռէյի ողջոյնի խօսքը, որ մեծապէս գնահատելով ֆրանսահայութեան աշխուժ ներկայութիւնը երկրէն ներս, կարեւորեց ֆրանսական մշակոյթի եւ ընկերութեան մէջ հայութեան ներդրումը, որպէս թանկագին ու նշանակալից ներկայութիւն։ Ան մէջբերեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, ուր կ’ըսէր թէ Ֆրանսան այդ երկիրն է, որ դէմ յանդիման կը յանդգնի նայիլ իր պատմութեան, մինչ առաջինը եղած է միշտ, որ դատապարտած է հայ ազգի դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրը։ «Ֆրանսան առաջին իսկ պահէն որպէս Ցեղասպանութիւն բնորոշեց հայութեան դէմ զանգուածային ջարդը եւ 2001էն պաշտօնապէս ճանչցաւ այն։ Ներկայ հրամանագրով նաեւ Ապրիլ 24ի օրը որպէս պետական օրէնք ամրագրեց» ըսաւ ան։
Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոսէն զատ, ձեռնարկին ներկայ եղան նաեւ Կիպրոսի եւ Պուլկարիոյ հիւպատոսները եւ Լեթոնիայի պատուոյ հիւպատոսը։
Ձեռնարկը իրեն ներկայութեամբ պատուեցին հելլէն խորհրդարանի պատգամաւորներ Աթանասիոս Վարտալիս, Գոնսթանտինոս Կիւլեքաս, Սթաւրոս Գալաֆաթիս, Թէոտորոս Քարաօղլու, Մարիա Քոլիա-Ցարուխա, Եանիս Սարիտիս, Ալեքսանտրոս Թրիանտաֆիլիտիս, քաղաքապետներ եւ տեղական ինքնակառավարման խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետական թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Փանտիօ համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց ինսթիթութի տնօրէն պրն. Գոնսթանտինոս Ֆիլիս, «Թուրքիա, Quo Vadis. Արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներքին յարաբերակցութիւններ՝ Էրտողանի օրով» նիւթով։
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Քալամարիայի քաղաքապետութեան Ֆիլարմոնիք նուագախումբը եւ երկսեռ երգչախումբը, Քուքասի խմբավարութեամբ եւ սոլիստ Թալիա Մաւրիտուի ելոյթով։
Յաջորդեց քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում Գ՛ զօրաբանակի յուշարձանին առջեւ։
Նկարները այստեղ