WASHINGTON, DC – The Armenian National Committee of America (ANCA) joined a delegation of Armenian American community and religious representatives to forcefully urge the U.S. government to take immediate action to end the vicious onslaught on the historically Armenian town of Kessab, Syria, which was overrun by al-Qaeda affiliated terrorists in an attack launched from Turkey on March 21st.
During a meeting with State Department officials earlier today, community representatives stressed, in urgent and frank terms, that “the United States has a unique responsibility to protect the citizens of Kessab especially since a large proportion of them have American families desperately seeking to provide protection and refuge for them.” The delegation submitted a series of requests for prompt U.S. action including:
** Publicly condemn both the vicious attack on an Armenian civilian town by Al Qaeda-linked terrorists and Turkey’s assistance for and cooperation in the attack.
** Demand an immediate withdrawal of the extremists, so that civilians can return to their homes.
** Provide assurances of ongoing protection for the civilian population and call the reinstatement of a demilitarized zone around Kessab and the Turkish border.
** Provide targeted and need-based humanitarian assistance for the displaced civilians from Kessab, who have found refuge in Latakia.
** Demand Turkey secure its border and not allow militants in Kessab to be reinforced with supplies or be able to return to Turkey.
** Investigate Turkey’s assistance to US designated terrorist groups such as Al Nusra and publish its findings.
** Facilitate the return of Armenians back to their homes.
** Assist Americans with missing family members to locate their relatives and bring them to safety.
Earlier this week, ANCA Chairman Ken Hachikian sent a strongly worded letter to calling on President Obama to direct his Secretary of State, the U.S. Ambassador to Turkey, and his Ambassador to the United Nations to demand that Turkey halt the cross-border attacks on Kessab that have forced the immediate civilian evacuation of the area and led to the looting of properties and the desecration of churches.
Located in the northwestern corner of Syria, near the border with Turkey, Kessab had, until very recently, evaded major battles in the Syrian conflict. The local Armenian population had increased in recently years with the city serving as safe-haven for those fleeing from the war-torn cities of Yacubiye, Rakka and Aleppo. On the morning of March 21st, extremist foreign fighters launched a vicious attack on Kessab civilians, forcing them to flee neighboring Latakia and Bassit.
Ամերիկահայութիւնը Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Կասեցնել Քեսապի Վրայ Յարձակումը
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը ներկայացնող աշխարհական եւ կրօնական շարք մը այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները միացեալ պատուիրակութեամբ մը Հինգշաբթի, Մարտ 27ին հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը հետ, պահանջելով Ուաշինկթընի իշխանութիւններէն, որ անմիջական քայլերու դիմեն՝ կասեցնելու համար հայկական Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ վայրագ յարձակումը, որ կ՛իրականացուի «Քայիտա»ի զինակից ահաբեկիչներուն կողմէ:
Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները «իւրայատուկ պատասխանատուութիւն ունին Քեսապի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու»:
Հայկական պատուիրակութիւնը հետեւեալ առաջարկները կատարած է.
– Բացայայտօրէն դատապարտել Քեսապի վրայ «Քայիտա»ի զինակից ահաբեկիչներուն յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ ահաբեկիչներուն ցուցաբերուած համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը Թուրքիոյ կողմէ.
– Պահանջել ծայրայեղականներու անմիջական նահանջը Քեսապէն, որպէսզի տեղւոյն բնակչութիւնը կարենայ վերադառնալ իր տունը.
– Քեսապի եւ անոր բնակչութեան ապահովութիւնը պահանջելու երաշխիքներ տալ ու Թուրքիոյ սահմանակից շրջանը ապազինել.
– Ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրել Լաթաքիա ապաստանած Քեսապի բնակիչներուն.
– Պահանջել Թուրքիայէն, որ հսկողութեան տակ դնէ իր սահմանը եւ չարտօնէ զինեալներու եւ զինամթերքի մուտքը դէպի Քեսապ.
– Հետաքննել Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութեանց օժանդակութիւններ տրամադրելու Թուրքիոյ արարքները.
– Դիւրացնել հայութեան Քեսապ վերադարձը.
– Օժանդակել շրջանին մէջ ազգականներ ունեցող ամերիկացիներուն, որ գտնեն ու ապահով վայրեր փոխադրեն իրենց ազգականները:
Նշենք, որ այս շաբթուան սկիզբը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան պահանջած էր Ուաշինկթընէն, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով՝ վերջ դնէ Քեսապի բռնագրաւման, որ հազարաւոր հայերու տեղահանութեան պատճառ դարձաւ: