ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերն ու Գրասենեակները Վերածուած են Արցախի Հանրապետութեան Դեսպանութիւններու

(ԱՊԱՌԱԺ) Ներկայացնում ենք Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Շահան Գանտահարյանի ելույթը՝ դեկտեմբերի 14-ին Ստեփանակերտում կայացած ՀՅԴ 127 ամյակի տոնակատարությանը:

Այս օրերուն Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցները կը նշեն Դաշնակցութեան Օրը կամ անոր հիմնադրութեան 127-ամեակը։ Այս նշումներուն տարեվերջին համընկումները պարզ տրամաբանութեամբ` տարուան կտրուածքով իրագործուածն ու չիրագործուածը լոյսին բերելն է, պատմական հէնքի վրայ ժամանակակից իրադարձութիւններուն Դաշնակցութեան բերած ներդրումը արժեւորելը բայց մանաւանդ այդ բոլորէն մեկնած հետագայ իրադրութիւնները ուղենշելը։

Աւանդոյթի վերածուած Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւններու ընթացքին պէտք է յաղթահարել ինքնագնահատական տալու փորձութիւնը։ Ի վերջոյ ժամանակը, պատմութիւնն ու ժողովուրդը իրենք են իրադարձութիւններուն գնահատական տուողը եւ ըստ այնմ քաղաքական այս կամ այն ուժին հանդէպ վստահելիութեան վարկանիշ ապահովողը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան ներկայ նշումը թէ’ ժամանակի եւ թէ՛ միջավայրի առումով պարտաւորեցնող է։ Նախ ժամանակի առումով, մենք ազգովին կը նախապատրաստուինք մուտք գործել յոբելինական այնպիսի տարի, որ պիտի նշէ մեր պետականութեան վերականգնման, մեր անկախութեան ձեռք բերման եւ մեր հանրապետութեան կերտման հարիւրամեակը։ Եւ երկրորդ, այս տօնակատարութեան վայրը` Արցախ աշխարհը, սերտօրէն կ’առնչուի պետականութեան կերտումի, անոր հրամայական անհրաժեշտութեան եւ անոր փոխանցած խորհուրդներուն ուղղութեամբ կիզակէտային նշանակութիւն ներկայացնելու հանգամանքներուն։

Եւ եթէ կ’ընդունինք, որ մայիսեան դիւցազնամարտերու ապահոված յաղթանակին վրայ կառուցուեցաւ եւ կերտուեցաւ Հանրապետութիւնը, ապա համոզիչ ձեւով կը մտածենք նաեւ, որ Արցախեան ազատամարտին եւ անոր ապահոված յաղթանակին ու ազատագրումին վրայ յենեցաւ նաեւ մեր վերանկախացումը` հայոց անկախ ժամանակակից պետականութեան վերականգնումը։ Արցախեան ազատամարտը ոչ միայն ապահովեց Արցախի Հանրապետութեան կայացումը, այլ երաշխաւորեց Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումը։ Ահա պատմական եւ ժամանակակից հանգամանքներու այս նկատառումներով է, որ եզակի ու բացառիկ տարազ կը ստանայ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը ներկա՛յ ժամանակին, ներկա՛յ վայրին մէջ։

Դաշնակցութիւնը, 1918ի մայիսեան յաղթանակներուն հայ կեանքի իբրեւ ամենակազմակերպ ուժը յաջողեցաւ համախմբել հայութիւնը, մղել ճակատամարտները, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը միայն երեք տարի ետք հռչակել Հանրապետութիւն եւ կերտել ազատ ու անկախ պետութիւն։ Եւ Դաշնակցութիւնը նոյնպէս Արցախեան ազատամարտի առաջին փուլին մասնակից առաջնային ուժերու շարքին թէ՛ ռազմական առումով եւ թէ՛ առաջին խորհրդարանի ձեւաւորման մէջ ստանձնած կարեւորագոյն դերակատարութեամբ պատուով կը կանգնի նաեւ Արցախի պետականութեան կերտման ակունքներուն։ Այդ ճամբով նաեւ արդարօրէն կը համարուի, Արցախի պետականութեան անշրջանցելի երաշխաւորութեան նկատառումով` Հայաստանի վերանկախացման եւ պետականաշինութեան աշխատանքներուն հիմնական ներդրում ապահոված կուսակցութիւն։

Հետեւաբար թէ՛ Օրուան նշումը, թէ՛ ժամանակը եւ թէ՛ վայրը կը թելադրեն հաւանաբար ամենաշատ կեդրոնանալ Դաշնակցութեան պետականաստեղծ կուսակցութիւն ըլլալու եզակի հանգամանքներուն վրայ։

Իրաւամբ, պետութիւնը նկատուած է ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանաչափը, որու վերականգնման, պահպանման եւ զարգացման համար ահաւասիկ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կը պայքարի հայ ժողովուրդի ազատագրման առաջնորդ կուսակցութիւնը։
Այս հիմնաւորումներով է, որ Դաշնակցութիւնը հակառակ տարաբնոյթ պայմաններու մէջ գործելուն` Առաջին հանրապետութեան օրերուն իբրեւ իշխանութիւն, խորհրդայնացման օրերուն իբրեւ տարագիր դարձած կուսակցութիւն, վերանկախացման առաջին օրերուն եւ առաջին վարչակարգի ժամանակ հալածուած եւ հարկադրաբար ընդդիմութիւն դարձած կուսակցութիւն, աւելի ուշ իբրեւ քոալիսիոն կառավարութիւններու անդամ թէ անոնցմէ դուրս գտնուած ժամանակներուն` պետականութիւն հասկացողութիւնը համարեց գերագոյն ուղղութիւն եւ ինչ կարգավիճակի մէջ ալ որ գտնուեցաւ, գործեց անկախ պետականութեան պահպանման ու անոր զարգացման համար ուղիներ հարթելու առաջադրանքներով։

Մեր զոյգ հանրապետութիւններու կենսագործման ապահովման համար հարթելի ուղիները միեւնոյնն են եւ մէկը միւսին հետ գերազանցօրէն փոխկապակցուած։ Անվտանգութեան ռազմավարական խնդիրներէն մինչեւ տնտեսական զարգացման միջոցներ, կրթութեան ոլորտէն մինչեւ աշխատանքի ապահովման մեթոտներ ու տակաւին աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներէն մինչեւ արտահոսքի կասեցման միտումներու կայացման առաջադրանքներ անտարանջատելի թղթածրարներ են, որոնց լուծման համար համահայկական մարդուժի ներգրաւումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է։

Իսկ համահայկական մարդուժի համախմբան եւ մասնագիտական ոլորտներու համար նպատակաուղղուած հաւաքագրման գործընթացներուն Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ իմաստներով փաստած է, որ համակարգում, ներդրում ու մասնակցութիւն ունենալու տեսակէտէն իբրեւ աշխարհատարած կուսակցութիւն, առաջին հորիզոնականի վրայ է։

Աշխատանքները վերաբերին արցախեան ազատամարտի օրերուն կազմակերպուող զօրակցական ցոյցերուն, թէ Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ ապահովելիք քաղաքական ենթահողի պատրաստութեան, լոպիիստական աշխատանքներուն, թէ վերաբնակեցման ծրագիրներուն։ Տակաւին. օտարազգի պետական դէմքերու այցելութիւններու կազմակերպումներ, համաշխարհային տարողութիւն ունեցող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու ժամանում եւ առարկայական լուսաբանում, աշխարհի տարբեր երկիրներում մէջ մեր հակառակորդի սանձազերծած Արցախեան հակամարտութեան էութիւնը նենգափոխելու փորձ կատարող դրսեւրումներուն ուժգին հակազդեցութիւն եւ յաճախ կանխարգիլում. Շարունակելու համար՝ Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչիներու կողմէ Սումկայիթեան զոհերու նուիրուած յիշատակի հաւաքներու խանգարման փորձերու չէզոքացում, տարբեր երկիրներու մէջ ազրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ բողոքի ցոյցերու կազմակերպում, Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրներու բացայայտման եւ փաստերու տարածման աշխատանքներ. անոնք պարզապէս մէկ մասն են Դաշնակցութեան եւ անոր Հայ Դատի, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներուն ձեռագիրը կրող Արցախի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան կամ ընդհանրապէս Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխարհատարած աշխատանքներուն։

Օրհասի օրերուն եւս, թէ՛ Արցախեան ազատամարտին եւ թէ՛ ապրիլեան քառօրեային պէտք է նկատել յատկապէս Սփւիւռքեան տարբեր շրջաններէ Արցախ փութացած եւ իր հայրենակիցին հետ կողք-կողքի խրամատներու մէջ տեղաւորուած եւ առաջնագիծ գրաւած երիտասարդութեան մեծամասնութեան գաղափարական եւ կուսակցական պատկանելիութիւնը։ Հայրենիքէն հեռու ծնած, շատ յաճախ ալ հայրենիքը չտեսած օտար պայմաններու մէջ կազմաւորուած երիտասարդը օրհասի պահին, եթէ հարկ ըլլայ նաեւ իր կեանքի գնով փաստեց իր պատրաստակամութիւնը միշտ գտնուելու Արցախցի իր հայրենակիցի կողքին։

Անկախութեան 100-ամեակի մօտակայ նշումներուն պատմաքաղաքական կարեւորագոյն էջեր լոյսին բերելը ունի խիստ այժմէական նշանակութիւն։

1918ին, Անդրկովկասեան երկիրներու անկախացման օրերուն, ճիշդ է որ Արցախը մաս չկազմեցՀայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն, բայց նաեւ մաս չկազմեց Ազրպէյճանին: Իրողապէս Արցախը ղեկավարուեցաւ Ազգային խորհուրդով. այսինքն` անկախ ղեկավար մարմինով:

Պատմական այս փաստացի իրողութիւնը կրնայ մղել, որ Արցախը եւս իր անկախութեան 100-ամեակի նշումներուն նախապատրաստուի: Ճիշդ է, որ միջազգային օրէնքներու ընդառաջման հարց չկար, չկար նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի եւ հանրաքուէի խնդիր, այսուհանդերձ կար մերժում Ազրպէյճանին միանալու, առաջադրանք Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելու եւ իբրեւ փաստ կար իրողապէս անկախ կառավարուող միաւոր:

Այս անկախութիւնը կարեւոր է Արցախի համար. նոյնքան նաեւ փաստի ընդգծումը` անկախացած Ազրպէյճանին մաս չկազմելու: Որմէ նաեւ ստալինեան բռնակցումի հակաօրինականութիւնը եւ կանխարգիլումը Պաքուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շահարկման:

Կանխատեսելով հակառակորդի շահարկումը եւ ամենայն հաւանականութեամբ այդ շահարկումին միջազգային արձագանգի ապահովումի փորձը, Արցախի վերաբերող պատմական այս փաստին ներկայացումը, արծարծումը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական հիմնաւորումներով աւելի քան անհրաժեշտ են եւ նշուած պատճառներով նաեւ` ռազմավարական:

Պատմական այս հանգամանքի նկատառումով ալ մեզի համար տարածաքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնոոշման իրաւունքի սկզբունքները կրնան համատեղելի ըլլալ Արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընթացին, տրուած ըլլալով որ Արցախը երբէք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ո՜չ անկախացման ո՜չ ալ վերանկախացման օրերուն։

Միջազգային այս սկզբունքներու կիրարկելիութեան համար քաղաքական նուրբ մեկնաբանութիւններու ամենաարդիական առիթներուն ականատես կ՜ըլլանք. Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ Քաթալոնիայի օրինակին կրնան հետեւիլ մերձակայ կամ հեռակայ աշխարհագրական այլ տարածքներու վրայ ապրող ազգաբնակչութիւններ։ Հակամարտութիւններու կամ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման համեմատական ժամանակակից վերլուծաբանութիւնը յաճախ կը շրջանցէ պատմական հանգամանքներու իրողականութիւնը։ Նորագոյն երեւոյթը կը վերաբերէր Քաթալոնիայի անկախութեան հանրաքուէին։ Յարգելով ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կիրակումը պէտք է նկատել այստեղ, որ Քաթալոնիան երկրի մը` Սպանիոյ, տարածքային ամբողջականութենէն դուրս կու գար, մինչ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքին: Բռնակցումը այս պարագային հիմնովին կը հակադրուի միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքին. սկզբունքով նաեւ` տարածքային ամբողջականութեան` տրուած ըլլալով, որ բռնի միջոցներով, հակաժողովրդավարական եղանակով (տակաւին չենք խօսիր տարբեր ազգի, ժողովուրդի, կրօնի, մշակոյթի, պատմութեան հանգամանքներուն մասին) կայացած որոշումի հիման վրայ Արցախին տրուած է ազրպէյճանական տարածքին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Առաւել եւս. Մատրիտը որեւէ տեսակի սումկայիթեան քաղաքականութիւն չէ կիրարկած քաթալոնացիներուն նկատմամբ:

Այս տարբերութեան իրազեկ են նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանակները երբ կտրուկ կը մերժեն Քաթալոնիայի առած քայլին իրաւականութիւնը եւ երբ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ ի հեճուկս Պաքուի, հռչակագրով կ’ամրագրեն արցախեան հակամարտութեան լուծման համար որդեգրուած`տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառումի միջազգային սկզբունքները:

Անհամեմատելիութեան այս անգամ բոլորովին այլ ուղղութեան, տարբեր պայմաններու եւ շահարկման տարբեր մարտավարութիւններու մօտեցումով Պաքուն համեմատութիւն կը կատարէ Արցախի եւ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի միջեւ։ Իբրեւ հակազդեցութիւն այս համեմատութիւններուն մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, կատարուած այս տարուան ապրլին “սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, որովհետեւ` «Ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած են:

Որքան ալ ընդհանուր հակառակորդ ունենալու եւ տրուած օրինակին պարագային թիրախի կարգավիճակով յայտնուած ըլլալու շարժառիթներուն, այսուհանդերձ այս յայտարարութեան վրայ հայ քաղաքական միտքը յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու պատճառները ունի. Կատարուածը ըստ էութեան պաշտօնական Նիկոսիայի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ճանապարհ հարթող կարեւոր դիրքորոշում է, որուն յղում կատարելու առիթներ կ՜ունենանք տակաւին նկատի ունենալով թէ Կիպրոսի Եւրոմիութեան անդամ ըլլլաը եւ թէ ԵԽԽՎի նոր նախագահին կիպրացի ըլլլաու փաստը։ Եւ այժմ պարզապէս յիշենք, առանց բացարձակ եզրայանգումներ ընելու, որ ԵԽԽՎի նորընտիր նախագահի պաշտօնավարութեան ստանձնման օրերուն իսկ ԵԽԽՎէն հնչեց լուացքատուն կառավարած Պաքուի հասցէին ամենածանր մեղադրանք-բանաձեւերը։ Անտեղի պիտի չըլլար նշելը այստեղ որ Եւրոմիութեան արեւելեան գործընկերութեան հռչակագրի որդեգրումը Երեւանի հետ շրջանակային նոր համաձայնագրի կնքումի առիթով, ըստ էութեան տապալեց Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը հռչակագրին մէջ Ազրպէյճանանպաստ սկզբունքներ ամրագրելու։ Եւրոմիութիւնը այս առիթով հռչակագրային դրոյթի վերածեց ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը Արցախեան հակամարտութեան իր բանաձեւին մէջ։

Առանց համակարգային փոփոխութեան եւ խորհրդարանական համակարգի անցումի դժուար պիտի ըլլար պատկերացնելը Եւրոմիութեան հետ ընդլայնուած եւ համապարփակ համաձայնագրի կնքումը եւ այդ առիթով արցախահայութեան ինքնորոշուելու սկզբունքը ամրագրող Հռչակագրի հրապարակումը։ Իսկ այստեղ պէտք է դարձեալ յիշել քաղաքական այն ուժը, որ քսանը հինգ տարի անդադար առաջադրեց մեր երկրի խորհրդարանական համակարգի անցումը։

Ընթացիկ տարին Արցախի հանրապետութեան համար յատկանշուեցաւ նաեւ դիւանագիտական, քաղաքական կարեւոր այլ իրագործումներով։

Միայն փակուող այս տարուան կտրուածքով` արժէ արձանագրել Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ յաջորդաբար հոլանտախօս եւ ֆրանսախօս հատուածներու հետ Արցախի խորհրդարանի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծումը։

Ապա պելճիքացի ծերակուտականի, Հոլանտայի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ գիտաշխատողին եւ Ընկերվար միջազգայնականի երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու ճանաչողական այցելութիւնները Ստեփանակերտ։ Տակաւին. Պելճիքայի դաշնակցային եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանականներու, Քալիֆորնիայի խորհրդարանական պատուիրակութեան, ԱՄՆ ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ քոնկրէսականներու այցելութիւնները Ստեփանակերտ։
Առանց շրջանցելու միջազգային դէտերու մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին Դիտորդական առաքելութեան բաղադրութիւնը, ներառելով Պոլիվիոյ երեսփոխանական պալատի, եւրոպական խորհրդարանի, Արժանթինի խորհրդարանի անդամներն ու ուրուկուէյցի իրաւապաշտպանները։

Այլ ուղղութեան վրայ այս հանրագումարային արդիւնքին վրայ պէտք է աւելցնել Լրագրող պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինի արտայանձման առիթով կազմակերպուած տարբեր քաղաքներու մեր երիտասարներու ձեռնարկած բողոքի ակցիաները։

Ճանաչման յաղթարշաւի ընթացքին ԱՄՆի Ռոտ Այլընտի, Մէյնի, Լուիզանյայի, Քալիֆորնիայի, Ճորճիայի,եւ Հաուայի նահանգներուն վրայ Միչիկընի նահանգին համալրումը կը նախանշէ, որ Դաշնակցութիւնը ռազմավարական նպատակ ճշդած է նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականի իրականացումը։ Եւ միայն վերջերս` Աւստրալիոյ մէջ գործող ամենանշանւոր կուսակցութիւներէն կանաչներու ճանաչումը ԱՀին։

Յարգելի ներկաներ, 21-րդ դարու համահունչ եւ օրինաչափ նկատուող համակարգերը ցանցային կառոյցի բնոյթ ունին եւ կը յատկանշեն ժամանակակից աշխատելաձեւի նորարար եւ արդիւնաւէտ նկատուող միջոցները։ Դաշնակցութիւնը Հայաստանեան, արցախեան եւ աշխարհատարած կառոյցներով ու Հայ Դատի գրասենեակներով ցանցային այն համակարգն է, որ հայրենակեդրոն նպատակուղղուած գործունէութիւն կ՜իրականացնէ ի խնդիր մեր զոյգ պետութիւններու հզօրացման։ Վարքագիծը պիտի շարունակուի եւ ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս պիտի դրուի նահանգային մակարդակով Արցախի հանրապետութեան ճանաչումներու յաղթարշաւը շարունակելու, տարբեր պետութիւններու պետական ,հասարակական եւ լրագրողական դէմքերու Ստեփանակերտ այցելութիւնները իրագործելու, Արցախի հանրապետութեան պետական դէմքերու եւրոպական, ամերիկեան եւ աշխարհքաղաքական այլ կարեւոր կեդրոններու մէջ հանդիպումներու եւ քննարկումներու տեսակցութւնները ապահովելու .ու տակաւին ռազմական յանցագործութիւններով հարուստ թղթածրար վաստակած Պաքուն միջազգային ատեաններու կողմէ քրէականացնելու Սուկմկայիթէն մինչեւ Թալիշ ամենաանմարդկային եւ ահաբեկչական արարքները գործադրած ըլլալու մեղադրանքներով։

Այս բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու եւ Արցախի համապաատասխան գերատեսչութիւններու հետ առաջադրանքներն ու անոնց կիրարկումը համակարգելու համար Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները իրողապէս վերածուած են Արցախի հանրապետութեան դեսպանութիւններու։ Դաշնակցական մամուլն ու լրատուադաշտը պիտի շարունակեն իրենց սիւնակներուն առաջնային տեղերը տրամադրել Արցախեան լրատուութիւններուն։ Դաշնակցութեան քարոզչական մարմինները տարբեր երկիրներու պետական թէ հասարակական շրջանակներուն մէջ պիտի աշխատին առարկայականօրէն լուսաբանել հակամարտութեան էութիւնը, հակադարձել հակառակորդներու ապատեղակատուութեան։ Մեր ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները բողոքի ակցիաներով պիտի չէզոքացնեն Պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած հակահայ բոլոր միջոցառումները։ Մինչ պիտի համալրուին ԱՀը ճանչցող ամերիկեան նահանգներն ու եւրոպական քաղաքները, ինչպէս նաեւ աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներու մէջ գործող ազդեցիկ կուսակցութիւնները։ Քաղաքական, ռազմավարական եւ անվտանգութեան բոլոր պատճառներով մեր համահայկական օրակարգի առաջնային խնդիրը պիտի ճշդել ԱՀի միազգային ճանաչումը, որուն համար ալ անմնացորդ իր գործը պիտի շարունակէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխարհատարած ցանցային կառոյցը։

Քաղաքականին կողքին զինուորական ապրիլեան լայնածաւալ գործողութիւններու սանձազերծումներու ընթացքին եւ մանաւանդ անկէ ետք արժէ մտածել կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ պաշտպանական պետական համակարգի հետ համադրուած կամաւորական շարժումի երեւոյթին մասին։

Քաղաքական դրական ենթահողի նախադրեալներու ուղղութեամբ համախումբ աշխատելու այս առաջնահերթութեան առընթեր մեր հակառակորդը յաւելեալ պիտի գիտակցի, որ իր դիպուկահարներուն, տիվերսանդներուն թէ թափանցման որեւէ գործողութեան պարագային իր դիմաց պիտի գտնէ մարտնչելու պատրաստ եւ յանուն Արցախի խաղաղութեան, փաստացի սահմաններու պահպանման թէ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար ամէն ինչի պատրաստ ոչ միայն Արցախի զինեալ ուժերը այլ ամբողջ հայկական աշխարհի կամաւորական շարժումը։

Ի վերջոյ հայկական աշխարհը ամբողջ պիտի գիտակցի, որ հայրենիքի սահմանները հսկող, վիրաւորուող, նահատակուող հերոսներուն շնորհիւ է, որ ինք այսօր իբրեւ զոյգ Հանրապետութիւն կերտած ազգ` կ՜արարէ, կը ստեղծագործէ եւ կը զարգանայ։ Այո՜ կը զարգանայ առանց զիջելու։

Բազմակողմանի այդ զարգացումը ապահովելու համար է, որ այսօր բոլորս համոզուած, վճռակամ, հաստատակամ եւ պատրաստակամ` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար պայքարող զինուորներ` ազգովին պէտք է յայտարարենք. Ծառայում ենք Արցախի Հանրապետութեանը։

Շնորհակալութիւն: