«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայ Դատի Աշխատանքները Եւ Գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ»

Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին երրորդ հիւրն էր Վերա Եագուպեան` Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու, իսկ նիւթը` «Հայ դատի աշխատանքները եւ գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ»:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ նախ հակիրճ կերպով ներկայացնէք ընդհանուր առմամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակն ու անոր կառոյցը, նաեւ նշէք, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ո՛ր երկիրները մաս կը կազմեն գրասենեակին:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.- Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը հիմնուեցաւ 2005-ին` կեդրոնատեղին Լիբանան: Աշխարհագրական իմաստով կ՛ընդգրկէ Միջին Արեւելքի երկիրները, ուր գոյութիւն ունին հայկական գաղութներ, այսինքն` Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Եգիպտոս, Իրաք, Ծոցի երկիրները` Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ եւ Քաթար: Անշուշտ Յորդանանն ալ սկզբունքով կը ներառուի, բայց մենք հոն կառոյց չունինք, թէեւ ծրագիր ունինք հոն եւս որոշ աշխատանքի սկսելու:

ANCME Logo

Հ.- Ինչո՞ւ Պէյրութի մէջ հաստատուած է գրասենեակը եւ ոչ` այլ արաբական երկրի մը:

Վ. Ե.- Մենք լաւ գիտենք, որ Լիբանանի քաղաքական կառոյցը տարբեր է: Լիբանանը որոշ չափով ազատ երկիր է, ուր ժողովրդավարական կարգեր կան` ի տարբերութիւն արաբական մնացեալ երկիրներուն: Թէեւ հոն ալ կը գործեն Հայ դատի յանձնախումբեր, սակայն նկատի ունենալով այդ երկիրներուն բռնատիրական վարչակարգերը, մեր աշխատանքները տարբեր տարբեր հանգրուաններուն կը դանդաղին: Աւելի՛ն. Լիբանանը որպէս համայնքային երկիր հայութեան ընծայած է քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւն, այսինքն համայնքը կարեւոր է որպէս քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կառոյց, հետեւաբար հոս աւելի դիւրին էր գրասենեակը հաստատել եւ այստեղէն բացուիլ դէպի այլ արաբական երկիրներ:

Հ.- Ե՞րբ հաստատուած է գրասենեակը, ո՞ր ժամանակաշրջանին եւ ինչո՞ւ այն ատեն, այսինքն կա՞ն քաղաքական պայմաններ, որոնք մղած են նման քայլի մը:

Վ. Ե.- Գրասենեակը, ինչպէս ըսի, հիմնուեցաւ 2005-ին, Դաշնակցութեան 29-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով. ասիկա Հայ դատի գրասենեակներուն վերջինն է: Արդէն կը գործէին Ուաշինկթընի, Եւրոպայի եւ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակները. կը մնար հիմնել Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ: Այսպիսով Միջին Արեւելքի գրասենեակը օղակ մը աւելցուց Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, մանաւանդ որ Միջին Արեւելքը օրրանն է հին եւ հիմնական հայկական գաղութներուն, հոս կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր, կարեւոր համայնքներ, որոնք պատմական հիմք ունին, յատկապէս խօսքը կը վերաբերի Լիբանանի եւ Սուրիոյ: Նաեւ մենք լաւ գիտենք, թէ ինչ պատկեր կը ներկայացնեն արաբական աշխարհին եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, որոնք երբեմն երբեմն կամ որոշ հանգրուաններու կը սերտանան, ապա կը պաղին. հետեւաբար կարեւոր նկատուեցաւ այս շրջանին մէջ եւս Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ մը հիմնել:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել գրասենեակի գործելադաշտերը եւ ներկայ գործունէութիւնը:

Վ. Ե.- Ի տարբերութիւն Հայ դատի միւս գրասենեակներու աշխատանքներուն, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքները կեդրոնացած են քարոզչական մարզին վրայ, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել` նկատի ունենալով արաբական երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, ուր բռնատիրական վարչակարգեր կան, բացի Լիբանանէն, ուր, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, իւրայատուկ վիճակ է: Լիբանանի մէջ սահմանադրութեամբ արտօնուած են ազատութիւնները, այսինքն համայնքները կը վայելեն ազատութիւններ, եւ մենք որպէս համայնք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ներկայութիւն ենք եւ կը վայելենք նոյն ազատութիւնները: Սակայն Սուրիոյ մէջ, Եգիպտոսի մէջ, Իրաքի մէջ կամ արաբական այլ երկրի մէջ այդ կարելիութիւնը չկայ: Նաեւ կայ այն, որ այս երկիրներուն մէջ քաղաքական աշխատանքները կը տարուի Կեդրոնական կոմիտէներուն կողմէ, ուստի Հայ դատի գրասենեակին վերապահուած է քարոզչական մարզը: Քարոզչական մարզ ըսելով կը հասկնանք այն, ինչ որ կապ ունի Հայ դատի քարոզչութեան հետ. այսինքն մենք կը կազմակերպենք սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, մեր կապերը կեդրոնացած են յատկապէս արաբական աշխարհի լրատուամիջոցներուն վրայ: Ներքին քարոզչութիւնը կը կատարեն շրջաններու Հայ դատի մարմինները, մերը կեդրոնացած է արտաքին ճակատին վրայ: Այսինքն մենք կը խօսինք ընդհանրապէս արաբներու հետ, կը փորձենք ստեղծել արաբական հանրային կարծիք, անոնց փոխանցելով մեր դատին պատմական, քաղաքական եւ իրաւական տեղեկութիւններ: Մեր յարաբերութիւնները կեդրոնացած են ակադեմական շրջանակներուն եւ ուսումնասիրական կեդրոններուն վրայ: Լաւ յարաբերութիւններ մշակած ենք տեղեկատուական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ, որովհետեւ անոնք պիտի կատարեն մեր դատին քարոզչութիւնը արաբական-իսլամական շրջանակներուն մէջ: Ըսեմ, որ մեր յարաբերութիւնները Լիբանանի սահմաններէն դուրս անցած են բնականաբար, այսինքն մեր գրասենեակը լաւ կապեր հաստատած է նաեւ արաբական տարբեր երկիրներու քարոզչական հաստատութիւններուն հետ` ըլլան անոնք լրատուամիջոցներ, ուսումնասիրական կեդրոններ կամ անձնաւորութիւններ: Հարկ եղած պարագային քաղաքական յարաբերութիւններ կը մշակենք այն շրջաններուն մէջ, ուր Հայ դատի յանձնախումբը կարելիութիւնը չունի նման քայլեր առնելու տուեալ շրջանին մէջ առկայ քաղաքական սեղմումներուն պատճառով: Իսկ մենք հոն դիւրաւ այդ աշխատանքը կը կատարենք Լիբանանէն:

Հ.- Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունի միւս գրասենեակներուն հետ:

Վ. Ե.- Բնական է, որ մենք օրկանական կապ ունինք իրարու հետ: Մեր գործունէութիւնը կարգաւորելու համար մենք հերթական դրութեամբ կը հանդիպինք եւ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպենք: Փոխյարաբերութիւններ բնականաբար կան գրասենեակներուն միջեւ: Օրինակ եթէ հարկ զգացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ մտաւորական կամ հետազօտական անձնաւորութեան մասին տեղեկութիւններ ունենալու կամ անոր հետ կապ հաստատելու, այդ աշխատանքին համար մենք կը դիմենք Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին, հակառակն ալ ճիշդ է: Անշուշտ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու Երեւանի գրասենեակը կը համադրէ այս աշխատանքները, իսկ հարկ եղած պարագային անիկա կամրջումի դեր կը կատարէ:

Հ.- Գրասենեակներէն բացի արդեօք կը յարաբերի՞ք ուրիշ կազմակերպութիւններու հետ, օտար կամ հայկական, կամ մարդկանց իրաւունքներու պաշտպան կառոյցներու հետ եւ այլն:

Վ. Ե.- Երբ Միջին Արեւելքի մասին կը խօսինք, մարդկային իրաւանց հասկացողութիւնը քիչ մը խորթ կը թուի: Միւս գրասենեակները բնական է, որ այդ կառոյցներու հետ կապեր հաստատեն եւ յարաբերութիւններ մշակեն: Միջին արեւելեան տարողութեամբ եւ մակարդակով այս տեսակ իսկական յանձնախումբեր գոյութիւն չունին: Մեր յարաբերութիւնները կեդրոնացած են քարոզչական բնոյթի կառոյցներու վրայ` համալսարաններ, ուսումնասիրական կեդրոններ, լրատուամիջոցներ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ թէեւ նմանօրինակ յարաբերութիւններ չենք ծաւալել մեր շրջաններուն մէջ, սակայն հոս շատ լաւ կապեր հաստատած ենք լրատուամիջոցներու պատասխանատուներու հետ, ինչ որ Արեւմուտքին մէջ դժուար հարց է: Այս իմաստով դիւրին չէ այսօր, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ «Լը Մոնտ»-ի պէս թերթի մը խմբագիրին հասնիլ:

Հ.- Գործելադաշտի եւ կազմակերպական մանրամասնութենէն մեկնելով` անդրադառնանք քաղաքական տարբեր գործօններուն եւ յարաբերութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Միջին Արեւելքի Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ: Առաջին հերթին կ՛ուզէի անդրադառնանք Թուրքիոյ բանեցուցած ճնշումներուն եւ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս արաբական երկիրներուն հետ: Ի՞նչ են գլխաւոր մարտահրաւէրները այս գծով:

Վ. Ե.- Այս տարածաշրջանին մէջ մեր հիմնական դժուարութիւնը Թուրքիոյ յարաբերութիւնն է արաբական աշխարհի հետ, որովհետեւ հոս կրօնքը մեծ դեր կը խաղայ, այսինքն` Թուրքիան կը շահագործէ իսլամական հանգամանքը արաբներուն հետ յարաբերութեան ընթացքին: Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ իսլամական իշխանութիւնները յաջողեցան սերտ յարաբերութիւններ մշակել Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Լիբանանի հետ: Այդ յարաբերութիւնները մեծ դժուարութիւններ ստեղծեցին մեր աշխատանքներուն համար: Օրինակ երբ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները բարելաւուեցան անցնող տասը տարիներուն ընթացքին, Հայ դատի աշխատանքները Սուրիոյ մէջ սկսան դժուարութիւններու մատնուիլ, Հայ դատի հրատարակութիւնները յանկարծ շուկայէն վերցուեցան, սուրիահայ գաղութի ձեռնարկները սկսան սահմանափակուիլ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած հրապարակային ձեռնարկները արգիլուեցան, եւ գաղութը ապրիլեան ոգեկոչումները կը կայացնէր փակ սրահներու կամ եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ: Բայց վերջին երկու-երեք տարիներուն, յատկապէս արաբական գարունէն ետք, Սուրիա-Թուրքիա, Եգիպտոս-Թուրքիա յարաբերութիւնները վատթարացան, եւ այսօր ի նպաստ Հայ դատին մթնոլորտ մը ստեղծուած է այս երկու երկիրներուն մէջ:

Հ.- Լիբանանի գծով արդեօք տարբեր մարտահրաւէրներ ունի՞նք:

Վ. Ե.- Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումով Լիբանանի մէջ Հայ դատի մեր աշխատանքները ազդուեցան: Օրինակ տարի մը Ապրիլեան ոգեկոչման հանդիսութենէն բացակայեցան պետական ներկայացուցիչները: Թրքամէտ եւ հակահայ յօդուածներ լոյս տեսան լիբանանեան եւ արաբական բազմաթիւ թերթերու մէջ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին գործունէութիւնը աշխուժացաւ. Լիբանանի Հիւսիսը ի յայտ եկաւ թրքական ծագումով համայնք մը, որուն Թուրքիոյ պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց` անոր տրամադրելով տնտեսական եւ բարոյական օժանդակութիւն: Այս հարցերը օրին մեզի խորթ թուեցան եւ դժուարութեան մատնեցին մեր աշխատանքները, որովհետեւ Լիբանանի մէջ մենք նմանօրինակ հարցերու չէինք հանդիպած:

Հ.- Ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Սուրիոյ տագնապը Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի գործունէութեան վրայ, ծագեցա՞ն դժուարութիւններ:

Վ. Ե.- Սուրիոյ մէջ պատահածը մեր գործունէութեան վրայ մեծապէս ազդեց: Եթէ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ եւ կարեւոր գաղութներ կային, անոնցմէ մէկը Սուրիան էր: Սուրիոյ մէջ պատահածը իրականութեան մէջ մեծ վնաս եղաւ Հայ դատի մեր պայքարին համար: Այսօր դժբախտաբար Հալէպը որպէս պատմական հին գաղութ կիսաքանդ վիճակի մէջ է, Հալէպի հայութիւնը տարտղնուած է տարբեր երկիրներու մէջ: Սուրիան վկան էր Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, եւ եթէ պատերազմը շարունակուի, մենք պիտի կորսնցնենք պատմական այս փաստը: Սուրիան ամրոցն է Հայ դատի մեր պայքարին: Եթէ այսպէս շարունակուի, մենք կը յայտնուինք շատ ծանր վիճակի մէջ:

Հ.- Ի՞նչ են արաբական աշխարհին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնը, ի՞նչ դրութեամբ է եւ ի՞նչ տեսակի ազդեցութիւն ունին Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն վրայ:

Վ. Ե.- Արաբական աշխարհ-Հայաստան յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին անշուշտ, բայց դժբախտաբար չեն հասած ակնկալուած մակարդակին, հակառակ անոր որ այս շրջաններու հայկական գաղութները հիմք պէտք էր հանդիսանային այդ յարաբերութիւններու զարգացման: Այս կացութեան պատճառները մէկ կողմէ արաբական երկիրներու մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատուներուն անբաւարար գործունէութեան մէջ պէտք է փնտռել, իսկ միւս կողմէ անոնք որոշ չափով կ՛ազդուին Թուրքիոյ հետ անցնող տարիներուն սերտացող յարաբերութիւններէն: Այսօր Հայաստանի յարաբերութիւնները արաբական որեւէ երկրի, նոյնիսկ Լիբանանի հետ, չեն այնպէս, ինչպէս որ են եւրոպական կամ ընդհանրապէս արեւմուտքին հետ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նուազ կարեւոր համարած է այս տարածաշրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները, քան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու կամ Քանատայի հետ: Այս իմաստով կարելի է հաստատել, որ քսան տարիէ ի վեր համաձայնագիրներ ստորագրուած են Հայաստանի եւ արաբական տարբեր երկիրներու միջեւ, սակայն անոնք գործնական քայլերու չեն վերածուած: Իսկ եթէ այդ յարաբերութիւնները, իսկապէս զարգանային այնպէս, ինչպէս որ զարգացան Թուրքիա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւնները մենք այսօր տարբեր վիճակի դէմ յանդիման կը գտնուէինք որպէս գաղութներ, եւ անոնք վստահաբար պիտի նպաստէին մեր Հայ դատի աշխատանքներուն:

Հ.- Կրնա՞յ ըլլալ, որ մշակութային, քաղաքական կամ նոյնիսկ աշխարհագրական հեռաւորութիւնն է, որ չի նպաստեր այդ կապերու հաստատման:

Վ. Ե.- Հայաստանը եւ Թուրքիան աշխարհագրական իմաստով գրեթէ նոյն հեռաւորութիւնը ունին արաբական աշխարհէն: Բայց ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այդ յարաբերութիւնները հարկ եղածին պէս չէ զարգացած, մինչդեռ Թուրքիան` որպէս հզօր պետութիւն, շահագործելով կրօնական իր հանգամանքը արաբական աշխարհի մէջ յաջողեցաւ բազմատեսակ յարաբերութիւններ մշակել: Թէեւ պէտք չէ բաղդատել Հայաստանը Թուրքիոյ նման հզօր պետութեան մը հետ, բայց Հայաստան այս շրջանին մէջ ունի գաղութներ, որոնք հիմք պէտք է հանդիսանային այդ յարաբերութիւններուն:

Հ.- Նկատի ունենալով այդ տարբեր մարտահրաւէրները, որոնց մասին խօսեքանք` ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ, ըլլայ Թուրքիոյ բանեցուցած ճնշումներուն վերաբերող, ինչպէ՞ս կը դիտէք Հայ դատի գրասենեակին ապագան, ինչպէ՞ս կարելի է ամրապնդել անոր դիրքը եւ գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:

Վ. Ե.- Այսօրուընէ մենք չենք կրնար նախատեսութիւններ ընել` նկատի ունենալով շրջանի ապահովական եւ քաղաքական խառնակ վիճակը: Սակայն, հակառակ այս վիճակին, ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի, այսօր Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ կայ Հայ դատի ի նպաստ նոր մթնոլորտ: Այս երկու երկիրներուն մէջ արաբներուն կողմէ կայ ճիգ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի: Այդ աշխատանքին ետին մենք չկանք: Միաժամանակ այս մթնոլորտը ունի լուրջ պատճառներ, որոնք առաջ կու գան Թուրքիա-Սուրիա կամ Եգիպտոս-Թուրքիա յարաբերութիւններու վատթարացումէն: Այսօր եգիպտական մամուլը կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան հարցին եւ կը պահանջէ պետութենէն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անպայման ճանչցուի: Նոյնն ալ կը պատահի Սուրիոյ մէջ: Մենք կը հետեւինք այս աշխատանքներուն, եթէ կարիքը զգացուի, կ՛օգնենք, սակայն զգուշ կը մօտենանք, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէջ, ինչպէս գիտէք, քաղաքական կամ ապահովական կայուն վիճակներ չկան:

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ», 20 Մարտ 2014