Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին ՀՅԴ-ն կասեցուց ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը

Յուլիս 11 եւ 12-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ Ընկերվար Միջազգայնականի (ԸՄ) Խորհուրդի ժողովը, որուն առաջին նիստին հիւրաբար խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ զինեալ բախումներու պատճառով ստեղծուած տեղահանուածներու համատարած տագնապին, աշխարհը պատուհասող միջազգային ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան ճգնաժամին եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ շեշտելով համատարած անգործութեան լուծումներ գտնելու հրամայականը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ զինեալ առճակատումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ աւելի գործնական լուծումներ պէտք է որդեգրէ միջազգային ընտանիքը։
ՄԱԿ-ի մէջ այս ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար Միջազգայնականի լիիրաւ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Հայաստանը ներկայացնող ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութեան կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, իսկ այդ պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), Սանտրա Վարդանեան (ԱՄՆ), Մարալ Չոլոյեան (ԱՄՆ), Սեւակ Պելեան (Գանատա), Յակոբ Յակոբեան (Գանատա), Նարէ Քիւփէլեան (ԱՄՆ)։
Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ-ի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ է, իսկ Արմէն Ռուստամեան տարածաշրջանի յանծնաժողովի նախագահ է:
ԸՄ-ի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու եւ ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա ներկայացուցին այս ժողովի հետեւեալ երեք գլխաւոր նիւթերը՝
1) Ամրագրել բազմակողմ համագործակցութիւնը խաղաղութեան համար.
2) Վերահաստատել մեր արժէքներն ու քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ փոփոխութիւններու լոյսին տակ.
3) Պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը, ուր որ ժխտուած է կամ կը գտնուի սպառնալիքի տակ:
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան եւ անոր իշխանութիւններու ի գործ դրած բռնաճնշումներուն։ Խօսք առաւ Թուրքիոյ CHP կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ումութ Օրան, որ յայտնեց, թէ ներկայ դրութեամբ Անգարայի իշխանութեանց հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է 50 հազար քաղաքացի, 164 լրագրող, 200 լրատուամիջոց եւ 12 խորհրդարանի անդամ։ Ան հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ոտնակոխուած են մարդ անհատի իրաւունքները, խօսքի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար Միջազգայնականի մեծ ընտանիքի ցուցաբերած զօրակցութեան համար։
Ատրպէյճանի Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արազ Ալիզատէ խօսք առնելով յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հայերը ռուսերու անմիջական օժանդակութեամբ գրաւած են Ատրպէյճանի 20%-ը։ ՀՀի ներկայ ու նախկին նախագահները որակեց որպէս Ղարաբաղի մաֆիա եւ նշեց որ 2016ի Ապրիլին հայկական կողմի յարձակումը սանձելու նպատակով միայն Պաքուն զինուորական գործողութեամբ հակադարձեց։ Ըստ Ալիզատէի, անցնող քառասուն օրերուն հայերը 30 երեխաներ սպաննած են։ Ալիզատէ նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան եւ Ղարաբաղի հարցը յանձնելու ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդին։
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա խոսքը փոխանցեց ՀՅԴ պատուիրակութեան ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, որ առաջին հերթին ցաւ յայտնեց ազերի ներկայացուցիչի ապատեղեկատուական, անարգալի ու զգացական զեղումներով կատարած անընդունելի ելոյթին համար: Ան յայտնեց, որ 2016ի Ապրիլեան ազերի գրոհը մեծ խախտում էր 1994-ի Ատրպէյճանի իսկ ստորագրութիւնը կրող հրադադարին եւ կը միտէր բռնկեցնել Արցախի ու Հայաստանի սահմանները՝ նոր պատերազմի մը սկիզբ տալով. ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը ոչ միայն խախտեց պատերազմական միջազգային օրէնքը, այլ խողխողումի ենթարկեց սահմանամերձ խաղաղ հայ բնակիչներ, որոնց մէջ տարեցներ եւ երեխաներ. այս խժդժութիւնները կը վերյիշեցնէին Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ հայերու դէմ գործադրուած սպանդները, որոնց միջոցաւ Պաքուն բնաջնջեց Ատրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան կարեւոր տոկոսը ու մնացեալն ալ աքսորեց իր երկրէն դուրս: Ան շեշտեց, որ Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին, այլ Խորհրդային իշխանութիւններու կամայական որոշումով զետեղուած էր Խորհրդային Ատրպէյճանի հովանիին տակ Ստալինեան օրերուն:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ յայտնեց որ հայ ժողովուրդը լաւ գիտէ պատերազմի արհաւիրքը, որովհետեւ անցեալ դարուն ունեցած է դառն փորձառութիւնը ցեղասպանութեան, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր Թուրք պետութեան կողմէ իր իսկ քաղաքացիներու նկատմամբ 1915 – 1923-ի ընթացքին: Ուստի, բնական է որ Ղարաբաղի հայութիւնը, որ ճաշակած էր ազերի հալածանք ու սպանդ եւ տեսած թէ Ատրպէյճանի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներն անգամ կը հերոսացնեն հայասպան ոճրագործներ, բացառէր Ատրպէյճանի որեւէ ենթակայութիւն: Ղարաբաղի ժողովուրդին համար երբեք ընդունելի չէ ազատ ինքնորոշման իր միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքի ոտնակոխումը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի Ընկերվար Տեմոկրատ կուսակցութեան պատուիրակութեան, ապատեղեկատուութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու փոխարէն իր պետութիւնը մղէ, որ Ղարաբաղի հարցը Մինսքի խմբակի միջոցաւ ու քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով լուծելու հետամուտ ըլլայ։ Ան շեշտեց, որ պատերազմը պէտք է բացառուի ու Արցախի հիմնախնդրի հանգուցալուծման համար իրագործուին հետեւեալ կէտերը.-
Ա. 1994ի հրադադարի ամրագրում եւ Վիէննայի ու Սանկ Փիթըրսպուրկի հանաձայնութեանց յարգում.
Բ. Ատրպէյճանի հրադադարի խախտումներու կասեցում եւ շփման գիծի երկարութեան հետախուզական սարքերու զետեղում որպէսզի անառարկելիօրէն ճշդուին խախտումներու աղբիւրն ու նախաձեռնող կողմը.
Գ. Ատրպէյճանական մերժողական քաղաքականութեան դադարեցում, միայն խաղաղ ճանապարհով հարցի լուծման ազերի յանձնառութիւն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի հովանաւորութեան ներքոյ բանակցութիւններու լուրջ վերսկսում.
Դ. Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ իր իսկ քաղաքացիները որպէս մարդկային վահան օգտագործելու դատապարտում եւ այդ բարբարոս վերաբերմունքին վերջակէտ դնելու անհրաժեշտութիւն:
Երկօրեայ այս ժողովի ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, օրակարգերու քննարկումներու մասնակցութեան առընթեր, հանդիպումներ ունեցաւ Լատին Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Պելառուսի, Կազախստանի, Թուրքիոյ, Արաբական աշխարհի, Կիպրոսի, Քոսովոյի, Իսրայէլի, Քրտական կազմակերպութիւններու եւ Ընկերվար Միջազգայնականի Կանացի կազմակերպութեան պատուիրակութեանց հետ։
Յուլիս 14ին ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի կանացի ժոովին։

ARF-D Participates in Socialist International Council Meeting; Stands up to Azerbaijan’s Anti-Armenian Rhetoric

NEW YORK— An Armenian Revolutionary Federation-Dashnaktsutyun (ARF-D) delegation participated in the meeting of the Socialist International (SI) Council, which took place on July 11-12 at the United Nations headquarters in New York.

The ARF-D, a full member of SI, participated in the SI Council meeting at the United Nations (UN) in New York with a delegation headed by ARF-D Bureau member and Chairperson of the Armenian National Committee Central Council Hagop Der Khatchadourian. The delegation also included Vahakn Karakashian (Canada), Sandra Vartanian (USA), Maral Choloyan (USA), Sevag Belian (Canada), Hagop Agopian (Canada), and Nare Kupelian (USA). ARF-D member Mario Nalpatian is a Vice President of SI and ARF-D Bureau member Armen Rustamyan is an SI regional committee chairperson.
In his welcoming remarks, the Secretary General of the UN Antonio Guterres discussed the issue of displaced people due to armed conflicts, global terrorism, the crisis regarding climate change, and the challenges facing the youth. He stressed that it is imperative to work to find practical solutions to prevent armed conflicts taking place around the world.
SI president George Papandreou and Secretary General Luis Ayala presented the three main themes of the meeting: strengthening multilateralism for peace; reaffirming social democratic values and policies for the change needed; and defending democracy in places where it is denied or threatened. During his remarks, Ayala also discussed the domestic political situation in Turkey, including the recent crackdown and arrests by authorities following last year’s failed coup.
Umut Oran, representing Turkey’s Republican People’s Party (CHP), said that, to date, Turkish authorities have arrested 50,000 citizens, 164 journalists, 200 members of news agencies, and 12 parliamentarians. He added that human rights, freedom of speech, and democracy are lacking in Turkey. Oran concluded by thanking members of the SI for their support and solidarity.
During the meeting, Araz Alizadeh, a representative of the Social Democratic Party of Azerbaijan, stated that the Armenians of Karabakh (Artsakh) took 20 percent of Azerbaijani land with the help of Russia. He also accused the current and former Presidents of the Republic of Armenia as members of the Karabakh “mafia” and said that in April 2016, Baku only took retaliatory measures against Artsakh’s offensives. According to Alizadeh, Armenian forces killed 30 children in 40 days. He also called on the Organization for Security and Cooperation in Europe (OSCE) Minsk Group to halt its mediation of the conflict and hand the case to the UN.
Following the remarks by the Azerbaijani representative, Secretary General Ayala gave the stage to the head of the ARF-D delegation Der Khatchadourian, who said that he is saddened by Mr. Alizadeh’s emotional outburst, disrespectful tirade and unacceptable remarks. He stated that the Azerbaijani offensive in April of 2016 was a major violation of the ceasefire of 1994 and was a deliberate attempt at raising tensions and instigating war. Der Khatchadourian added that Azerbaijan’s provocations were also a violation of international war laws, especially since innocent civilians were targeted and peaceful Armenian inhabitants living in border areas, including the elderly and children, were ruthlessly massacred. These massacres were reminiscent of the Anti-Armenian pogroms of Baku, Sumgait & Kirovabad in the 1990s, as a result of which official Baku annihilated a considerable percentage of the Armenian population in Azerbaijan and exiled the rest out of the country. He stressed that Karabakh was never part of independent Azerbaijan; it was arbitrarily and unjustifiably carved out of Armenia by Stalin and forcefully placed under Soviet Azerbaijani administration.
Continuing his remarks, Der Khatchadourian said that the Armenian people are familiar with the horrors of war, especially following the Armenian Genocide of 1915-1923 that was orchestrated and implemented by Turkey against its own citizens of Armenian origin. Hence, it is natural for the Armenians of Artsakh—who have also had the bitter taste of persecution and slaughter and have witnessed Azerbaijani murderers revered as heroes and glorified by the Azerbaijan’s leadership —to refuse any subordination to Azerbaijan. He also stated that Karabakh Armenians will never surrender their internationally recognised right to self-determination.

Instead of spreading false information and inciting hatred towards Armenians, Der Khatchadourian then called on the Social Democratic Party of Azerbaijan (SDPA) delegation to urge their government to work towards a peaceful settlement of the Artsakh issue through a civilized dialogue within the OSCE Minsk Group.

He concluded by saying that war should be excluded and the following actions need to be implemented for the settlement process of the conflict: solidify the ceasefire of 1994 and respect the decisions reached by the summits in Vienna and St. Petersburg; stop the constant Azerbaijani ceasefire violations and install verification mechanisms on the Line of Contact (LoC) to determine accurately which side is violating the ceasefire; halt Azerbaijan’s policy of constant obstruction and return to the negotiating table, under the auspices of the OSCE Minsk Group, to arrive at a peaceful solution based on the principles already adopted; and condemn Azerbaijan for and force it to end its barbaric practice of using its civilians as human shields.

During the two-day SI Council meeting, the ARF-D delegation also held separate meetings with the delegations of Latin America, Western Europe, Russia, Belarus, Kazakhstan, Turkey, Arab countries, Cyprus, Kosovo, Israel, Kurdish organizations and the Socialist International Women’s representatives.

On July 14, an ARF-D delegation will participate in the sessions of the Socialist International Women.


El Tashnagtsutiún neutralizó los ataques azeríes en la sede de la ONU

Reunión del Consejo de la Internacional Socialista en Nueva York

(DIARIO ARMENIA) Una delegación de la Federación Revolucionaria Armenia (FRA) estuvo presente en la reunión del Consejo Internacional Socialista, celebrada los días 11 y 12 de julio en la sede de la ONU en Nueva York, y respondieron a los agresivos intentos de los enviados azeríes para desprestigiar a Artsaj y Armenia en la reunión.

El ataque azerí en la conferencia fue llevado adelante por el Partido Socialdemócrata de Azerbaidján, representado por Araz Alizadeh, un aliado al presidente Ilham Aliev. La respuesta de la FRA, a su vez, fue encabezada por el presidente del Consejo Nacional Armenio mundial, Hagop Der Khatchadourian.

La FRA- Tashnagtsutiún es miembro pleno de la Internacional Socialista y en esta reunión participó con una delegación que también incluyó a Vahakn Karakashian (Canadá), Sandra Vartanian (EE.UU.), Maral Choloyan (EE.UU.), Sevag Belian (Canadá), Hagop Agopian y Nare Kupelian (EE.UU.). Además entre sus miembros se encuentran el Ing. Mario Nalpatian, vicepresidente de la IS, y Armen Rustamian copresidente del Comité de la IS para la CEI, el Cáucaso y el Mar Negro.

En su discurso de bienvenida, el secretario general de las Naciones Unidas, Antonio Guterres, abordó temas como el de los refugiados por los conflictos armados, el terrorismo global, la crisis por el cambio climático y los desafíos que enfrentan los jóvenes. También hizo hincapié en la necesidad de trabajar para encontrar soluciones prácticas que sirvan para prevenir los conflictos armados que tienen lugar en todo el mundo.

Por su parte, el presidente de la IS, George Papandreou, y su secretario general, Luis Ayala, presentaron los tres temas principales de la reunión: el fortalecimiento del multilateralismo para la paz, reafirmar los valores socialdemócratas para conseguir el cambio necesario y defender la democracia en lugares donde es negada o amenazada. Otro de los puntos que se tocaron fue la situación política interna de Turquía, incluyendo la reciente represión y detenciones por el fracasado golpe de estado del año pasado.

En relación a esto, Umut Oran, representante del Partido Popular Republicano de Turquía (CHP), comentó que hasta la fecha las autoridades turcas han arrestado a 50.000 ciudadanos, 154 periodistas y miembros de agencias de noticias y doce parlamentarios. Agregó que los derechos humanos, la libertad de expresión y la democracia escasean actualmente en dicho país y concluyó agradeciendo a los miembros de la IS por su apoyo y solidaridad.

Durante el encuentro, Araz Alizadeh, miembro del Partido Socialdemócrata de Azerbaidján, declaró que los armenios de Karabagh, están usurpando un 20% de territorio azerí con ayuda de Rusia. También acusó a los actuales y antiguos presidentes de la República de Armenia de ser miembros de la “mafia” de Karabagh y aseguró que en abril de 2016 Bakú solo tomó medidas de represalia frente a las ofensivas de Artsaj. También denunció que las fuerzas armenias mataron a treinta niños en cuarenta días y solicitó al Grupo Minsk que detenga su mediación en el conflicto y entregue el caso a la ONU.

A raíz de estas denuncias, el secretario general cedió la palabra al jefe de la delegación armenia, Der Khatchadourian, quien dijo estar entristecido por el arrebato emocional, el discurso irrespetuoso y los dichos inaceptables de su homólogo. En respuesta a las acusaciones argumentó que el ataque de Azerbaidján del año pasado fue una violación importante del cese al fuego y un intento premeditado de aumentar las tensiones e incitar la guerra.

Además agregó que las provocaciones azeríes eran una violación de las leyes de guerra internacionales, especialmente desde que civiles inocentes fueron atacados y los pacíficos habitantes armenios que vivían en zonas fronterizas, incluyendo ancianos y niños, fueron masacrados. En relación a estos asesinatos comentó que recordaban los programas antiarmenios de Bakú, Sumgait y Kirovabad en los años noventa, que derivó en una aniquilación de un porcentaje considerable de la población armenia en Azerbaidján y el exilio de la restante. Hizo hincapié que Artsaj nunca fue parte de dicha república desde que esta es independiente y que la misma fue arbitraria e injustificadamente traspasada a la administración soviética azerí.

Continuando con discurso, Der Khatchadourian dijo que el pueblo armenio está familiarizado con los horrores de la guerra, especialmente luego del genocidio de 1915-1923. Por lo tanto, es natural que los armenios de Artsaj, quienes también han tenido el sabor amargo de la persecución y la matanza, rechacen cualquier subordinación a Azerbaidján. “El pueblo de Karabagh nunca abandonará su derecho internacionalmente reconocido a la autodeterminación”, agregó.

Dirigiéndose directamente a la delegación del Partido Socialdemócrata de Azerbaidján, les pidió que instaran a su gobierno a trabajar por un arreglo pacífico del conflicto a través de un diálogo civilizado dentro del Grupo de Minsk.

Concluyó diciendo que la guerra debe ser evitada y que para la resolución el conflicto se debe: fortalecer el alto al fuego de 1994 y respetar las decisiones alcanzadas por las cumbres en Viena y San Petersburgo, detener las violaciones del cese al fuego de Azerbaidján e instalar mecanismos de verificación en la línea de contacto para determinar qué parte viola el acuerdo, detener la política azerí de permanente obstaculización y trabas, volver a la mesa de negociaciones bajo el Grupo de Minsk para una resolución pacífica y condenar a Azerbaidján por su práctica bárbara de poner a sus civiles como escudos humanos.

Durante el congreso de dos días, la FRA también mantuvo reuniones separadas con delegaciones de América Latina, Europa Occidental, Rusia, Bielorrusia, Kazajstán, Turquía, distintos países árabes, Chipre, Kosovo, Israel, organizaciones kurdas y las representantes de la Internacional Socialista de Mujeres, cuya reunión se realizó el 14 de julio y también contó con la presencia de la FRA-Tashnagtsutiún.