“The Armenian Cause Today” talk show on Radio Voice of Van (94.7 & 95 Mhz fm, Beirut). Tune in tomorrow, Tuesday 11/03/2014, at 5 pm for an episode about the Armenian Cause in Armenian schools.
Live streaming and podcasting: www.voiceofvan.net
Listen to the talk show by clicking here.
«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայ Դատը Եւ Հայ Դպրոցը»
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին հիւրն էր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ ձեւով Հայ դատը կը ներկայացուի մեր դպրոցներուն մէջ, այսինքն Հայ դատի ըմբռնումը ինչպէ՞ս կը փոխանցուի աշակերտներուն:
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Նախ պէտք է հաստատել, որ հայ դպրոցին գոյութիւնը խարսխուած է Հայ դատի հասկացողութեան վրայ: Հայ դպրոցը միայն գիտելիք, տեղեկութիւն եւ պետական ծրագիր փոխանցող հաստատութիւն մը չէ: Այս բոլորին կողքին, ան հայկական դիմագիծ, նկարագիր եւ ինքնութիւն կերտող միջավայր մըն է, հայ մարդը պատրաստող հնոց մը, ուր կը կազմաւորուին մարդիկ, որոնք իրենց Դատին եւ պահանջատիրութեան տէրը կը կանգնին: Հետեւաբար, Հայ դատի հասկացողութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ հայ դպրոցի առաքելութեան եւ դերակատարութեան մէջ: Հայ դատը աշակերտներուն կը փոխանցուի ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով` կրթութեամբ, ազգային դաստիարակութեամբ, դասերով, ձեռնարկներով, արտադասարանային գործունէութեամբ եւ յատկապէս` հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահերով:
Հ.- Եթէ օրինակներով ուզենք անդրադառնալ, հայոց պատմութեան կամ հայոց լեզուի դասապահերէն զատ, որոնք արդէն գլխաւոր միջոցներն են Հայ դատը աշակերտներուն փոխանցելու, այս նպատակին ծառայող այլ պահեր կամ այլ նախաձեռնութիւններ կա՞ն մեր դպրոցներուն մէջ:
Վ. Ա.- Անհրաժեշտ է, որ նախաձեռնութիւններ ըլլան` սկսելով առաւօտեան տասը վայրկեան դաստիարակի յատուկ ժամէն, որուն ընթացքին կարելի է փոխանցել ազգային գիտելիք եւ Հայ դատի առնչուող տեղեկութիւններ: Կան արտադասարանային աշխատանքներ, պատի թերթերու պատրաստութիւններ, աշակերտական խորհուրդներու կամ դպրոցական ակումբներու տարբեր-տարբեր նախաձեռնութիւններ, միջվարժարանային մրցումներ, որոնք բոլորը օգտակար նախաձեռնութիւններ են: Եթէ փափաքը կայ, կարելիութիւնները բազմազան են: Հարցը չի սահմանափակուիր հայերէնով եւ հայոց պատմութեամբ: Հայերէնով դասաւանդող բոլոր ուսուցիչները, ի՛նչ նիւթ ալ դասաւանդեն (գիտութիւն, աշխարհագրութիւն թուաբանութիւն թէ այլ…), կրնան օգտագործել իրենց պահերը Հայ դատի հասկացողութիւնը աշակերտներուն փոխանցելու համար:
Հ.- Ձեր կարծիքով, ինչպէ՞ս կարելի է փոքր տարիքէն հայ աշակերտին` որպէս Հայ դատի ապագայ իրաւատէրերու, փոխանցել Հայ դատի ըմբռնումը եւ պահանջատիրութեան զգացումը:
Վ. Ա.- Հայ դատի ըմբռնումը կը սկսի մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանէն, այն պահէն, երբ փոքրիկը կը սորվի «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, սարսափեցէ՛ք իմ ձեռքէս, Հայաստանը ազատող Քաջ Վարդանին թոռն եմ ես» ըսել բարձրաձայն: Այդ հանգրուանին ան կը գիտակցի, որ հայ է եւ, առանց անդրադառնալու, այդ հանգրուանին կը խօսի հայ ըլլալու մասին, Հայաստանը ազատելու մասին: Ուսուցիչներ կամաց-կամաց, տարիներու ընթացքին պիտի բացատրեն, թէ Հայաստանը որմէ՞ պիտի ազատէ, ինչո՞ւ պիտի ազատէ եւ ինչպէ՞ս պիտի ազատէ: Ուրեմն,սերմերը կը դնենք կանուխ տարիքէն, Բողբոջ¬Կոկոն դասարաններէն, եւ ի զուր չէ,որ այս արտասանութիւնը այդ տարիներուն կը սորվեցնենք աշակերտներուն: Անիկա խորքին մէջ մեր ազգային¬պահանջատիրական փիլիսոփայութիւնը կը խտացնէ: Մանկապարտէզի եւ հետագային նախակրթարանի առաջին դասարաններուն մէջ կարելի չէ աշակերտին ուղղակի խօսիլ Հայ դատի մասին, ան պիտի չկարենայ ըմբռնել, բայց կան սկզբունքներ,որոնց մասին կարելի է խօսիլ: Օրինակ, մանկութեան այդ տարիներուն պէտք է խօսիլ օրէնքի եւ օրինազանցութեան մասին, արդարութեան եւ անարդարութեան մասին, իսկ աւելի վերին կարգերուն մէջ` ազատութեան, ազնուութեան, քաջութեան, ազգային հպարտութեան, կորուստի գաղափարին մասին, ասոնք միտքեր են, արժէքներ են, զորս պէտք է զարգացնել, որպէսզի աւելի ուշ, բարձր կարգերուն մէջ`միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ, մենք խօսինք ազատազրկումի մասին, իրաւազրկումի մասին, անարդարութեան մասին, մեր հողերու կորուստին մասին, մեր ազգային արժէքներու կորուստին մասին: Դաստիարակութեան աստիճանական այս ընթացքով աշակերտներ կրնան լաւապէս ընբռնել այս բոլորը: Կարելի է նաեւ այս արժէքները անուղղակիօրէն փոխանցել աշակերտութեան, այդ մէկը կ՛ըլլայ հայերէնի պահերուն` մեր գրականութենէն ընտրելով այնպիսի հատուածներ, ուր կը խօսուի ազատութեան արժէքին, արդարութեան, օրէնքի եւ իրաւունքի հասկացողութեան, պահանջատիրութեան մասին, եւ հետզհետէ զարգացնելով այդ միտքերը` կարելի է հասնիլ մինչեւ քաղաքական մտածողութեան փոխանցում, մինչեւՀայ դատի մեր ընկալեալ ըմբռնումներու ծանօթացում:
Հ.- Ի՞նչ է ուսուցիչին դերը եւ կարեւորութիւնը այս փոխանցումը աշակերտներուն համար աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի դարձնելու առումով: Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ աշակերտներուն յիշողութեան մէջ աւելի թարմ պահել Հայ դատ հասկացողութիւնը:
Պ.- Մեծ է ուսուցիչին դերը, առանցքային ու հիմնական: Նախ` անոր ներկայութիւնը, ունեցած գիտելիքներուն պաշարը, մասնակցութիւնը դասարանին մէջ` իբրեւ վարող այս ամբողջ աշխատանքը, բայց նաեւ անկէ առաջ, ըստ մեզի, ուսուցիչը իբրեւ անձ եթէ ներդրում ունի մեր հաւաքական կեանքին, մեր Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, այն ատեն նաեւ իր անձին օրինակով մեծագոյն դաստիարակութիւնը փոխանցած կ՛ըլլայիր աշակերտներուն: Այլապէս, ի՞նչ իմաստ ունի, որ ուսուցիչ մը դասարանին մէջ խօսի Հայ դատի ու պահանջատիրութեան մասին եւ ինքը հեռու ըլլայ այդ բոլորէն, կամ` առնուազն բացակայ ըլլայ մեր առօրեայէն, մեր ազգային¬հասարակական կեանքէն:
Երկրորդ, չի բաւեր, որ ուսուցիչ մը հայագիտական վկայականի տիրացած ըլլայ, անհրաժեշտ է, մանաւանդ մեր դարուն, որ ան տեւաբար թարմացնէ իր գիտելիքները, միշտ քայլ պահէ օրուան նորութիւններուն հետ, որովհետեւ քսան տարի առաջ Հայ դատի հասկացողութիւնը բան մըն էր, այսօր ուրիշ բան մըն է, վաղը կրնայ ուրիշ ըլլալ: Կ՛ապրինք մնայուն կերպով զարգացող աշխարհի մը մէջ, ուր միշտ նորութիւններ կան: Նաեւ հիմնական է, որ ուսուցիչը իր մանկավարժական կարողութեամբ կարելիութիւն ունենայ աշակերտները մղելու պրպտումի, զանոնք մղէ հետաքրքրուելու իրենց արմատներով: Օրինակ, եթէ դասարանին մէջ սասունցիներ, կարնեցիներ կան, ուսուցիչը պէտք է մղէ աշակերտները հետաքրքրուելու Սասունով, Կարինով եւ պապենական մշակոյթով, Երկրէն հասած արժէքներով: Անհրաժեշտ է այսօրուան սերունդը կապել իր արմատներուն, որովհետեւ առանց արմատի` մենք չենք կրնար առողջ սերունդ պատկերացնել եւ ապահով ապագայի մը երաշխիքը ունենալ:
Հ.- Արդեօք արդի լսատեսողական միջոցները կրնա՞ն օգտակարութիւն ունենալ այս իմաստով:
Պ.- Անկասկա՛ծ: Ներկայիս շատ մեծ կարելիութիւններ կան, բայց պայմանաւ որ ուսուցիչներ նախ իրենք ծանօթ ըլլան այդ տեղեկութիւններու բովանդակութեան եւ, երկրորդ, զանոնք օգտագործելու արհեստագիտութեան: Պէտք է ընդունինք,որ այսօր աշակերտներ ուսուցիչներէն աւելի լաւ կը տիրապետեն արդի արհեստագիտութեան գաղտնիքներուն: Դժբախտաբար այսօր այնպէս մըն է, որ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող մեր ուսուցիչներուն միջին տարիքը քառասունէն վեր է եւ, հետեւաբար, անոնց մեծ մասը դժուարութիւն ունի արհեստագիտական վերջին նորութիւններուն հետ քայլ պահելու:
Այսօր բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ «Եութիուպ»-ի վրայ, համացանցի վրայ ընդհանրապէս, տասնեակներով, հարիւրներով օգտագործելի նիւթ կայ հայագիտական ուսմանց համար` թէ՛ գրական եւ թէ պատմական բովանդակութեամբ: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ վերջին տարիներուն մեծ ու շնորհակալ գործ կը կատարէ Երեւանի Պետական համալսարանը, որուն համացանցի կայքէջը տեւաբար նորութիւններ կը տրամադրէ կրթական մարզի պատասխանատուներուն: Այս բոլորէն պէտք է լաւապէս օգտուիլ: Անշուշտ կայ լեզուի հարցը, այդ պատճառով ալ նախ ուսուցիչը ի՛նք պէտք է դիտէ տուեալ նիւթը, ինք «մարսէ» եւ կարենայ հասկնալ հիմնական տեղեկութիւնը, պատգամը եւ ապա միայն արեւմտահայերէնով փոխանցէ զայն իր աշակերտներուն:
Հ.- Հիմա որ խօսեցանք ուսուցիչին դերակատարութեան մասին, արդեօք ան առանձինն բաւարա՞ր է, կամ զուգահեռաբար ի՞նչ տեսակի աշխատանք պէտք է տարուի, օրինակի համար` տան մէջ եւ որքանո՞վ կարելի է այս ամէնը յաջողցնել:
Պ.- Աշակերտը դպրոց կու գայ տունէն: Հիմքը, ենթահողը տունն է, եւ շատ յաճախ կը պատահի, որ դպրոցին շինածը տունը կը քանդէ, հակառակն ալ կրնայ պատահիլ: Չի բաւեր դպրոցին մէջ ազգային մթնոլորտ ստեղծել, Հայ դատի, պահանջատիրութեան մասին խօսիլ: Տունը շնչող այն միջավայրն է, ուր աշակերտը պիտի ապրի իսկական հայկականութիւնը: Եթէ տան մէջ հայկականութիւն չկայ, Հայ դատ չկայ, հայ երգ չկայ, հայ արուեստ չկայ, եթէ տան մէջ թրքաբարոյ մշակոյթ կայ, այսինքն տան մէջ թրքերէն կը խօսուի, թրքերէն կը դիտուի կամ մտիկ կ’ըլլայ, թրքական ապրանք մուտք կը գործէ, Թուրքիա ճամբորդողներ կ’ըլլան, ապա դպրոցներուն ի գործ դրած ջանքերը ի դերեւ կ’ելլեն: Ուստի,ծնողներ պէտք է օգնեն մեզի, նախ` մինչեւ իրենց զաւակին դպրոց երթալը, մինչեւ երեք տարեկան, տան մէջ հայօրէն մեծցնելով զանոնք, իսկ աւելի վերջ` դպրոցին կողքին լրացուցիչ աշխատանք կատարելով: Աշակերտը դպրոց կը մնայ առաւօտեան ժամը եօթուկէսէն մինչեւ երկուքուկէս-երեք, մնացեալ ժամերը, շաբաթավերջերը, ամառը, արձակուրդները ան տան մէջ է: Տունը պէտք է վերածել փոքրիկ Հայաստանի մը, որպէսզի աշակերտը պատրաստ ըլլայ ընկալելու դպրոցին մէջ իրեն տրուածը եւ դպրոցին մէջ տրուածը տան մէջ չարժեզրկուի: Երբ տան մէջ հայերէն գիրք չկայ, երբ տան մէջ Վարդանանցին, ապրիլ 24-ին, մայիս 28-ին ընտանիքի բոլոր անդամներով մասնակցութիւն չկայ մեր ազգային ոգեկոչումներուն, ու երբ ծնողներ իրենք օրինակ չեն դառնար, հայերէն թերթ չեն կարդար, հայերէն գիրք չեն կարդար, իրենք ձեռնարկի մը չեն երթար, բնականաբար զաւակները իրենց կարգին չեն մղուիր այդ բոլորը կատարելու: Այս իմաստով ծնողներու դերակատարութիւնը մեծ է:
Հ.- Ինչպէս արդէն կ՛անդրադառնաք, մեծ թիւով աշակերտներ դժբախտաբար իրազեկ չեն Հայ դատի գլխաւոր առանցքներուն, ինչպէ՞ս կարելի է այս իրողութեան դէմ դնել:
Պ.- Դժուար աշխատանք է, բայց ոչ` անկարելի: Օտար վարժարան յաճախողներուն մասին խօսելով նախ պէտք է ափսոսալ, որ այսօր կարեւոր թիւ կը կազմեն օտար վարժարան յաճախող այն տղաքը, որոնք այսօր կը գտնուին իրենց պատկանելիութեան եւ նկարագիրի կազմութեան հանգրուանին մէջ: Հաւանաբար այսօր չեն անդրադառնար, թէ իրենց ծնողները ի՞նչ կ՛ընեն, բայց անոր հետեւանքները յառաջիկային նկատելի պիտի դառնան իրենց անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Չի բաւեր Վարդանանցին եւ Ապրիլ 24-ին ինքզինքին արձակուրդ տալ, տունը նստիլ եւ ըսել, թէ մենք հայկական վարժարան չենք յաճախեր, բայց հայու պէս կը մեծնանք: Չի բաւեր շաբաթը 5-6 օր արաբական վարժարան յաճախել, իսկ շաբթուան մէջ քանի մը ժամ հայկական միութեան մը մաս կազմել կամ հայկական դասընթացքի մը հետեւիլ եւ ինքզինք հայ նկատել: Աշակերտը պիտի մտերմանայ, ծանօթանայ Նարեկացիին, Րաֆֆիին, Մեծարենցին, Վարուժանին, Խրիմեան Հայրիկին, հայ երգին ու հայ պարին:
Արաբական վարժարաններ յաճախողներուն հասնելու համար մեր աշխատանքին ծիրը պէտք է ընդլայնել եւ մակարդակը`բարձրացնել: Մենք պէտք է աշխատինք լիբանանեան մակարդակով: Երբ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն, լիբանանեան թերթերէն, լիբանանեան մակարդակի կազմակերպուած կլոր սեղաններէն հանրութեան խօսք կ’ուղղենք, այնքան մը սերտուած եւ ազդու պէտք է ըլլայ մեր խօսքն ու ներկայացուցածը, որ կարենայ ներգրաւել նաեւ զանոնք, օտար վարժարան յաճախողները` իբրեւ լիբանանցի մտածողներ ու ապրողներ: Կը կարծեմ, թէ այս ձեւով կրնանք մասամբ հասնիլ օտար վարժարան յաճախողներուն, այլապէս դժուար է, որովհետեւ երբ իրենք որոշած են իրենց ազատ կամքով այլասերիլ, հեռանալ իրենց արմատներէն… մենք ի՞նչ կրնանք ընել, չենք կրնար զիրենք քաշել ու բերել եւ զինու զօրութեամբ պարտադրել իրենց արմատներուն կապուիլ: Երբ ընտանիքով որոշած են օտարանալ, ձուլուիլ, իրենց արմատներէն խզուիլ, անոր հետեւանքներուն գլխաւոր պատասխանատուն վերջին հաշուով իրենք են:
Հ.- Կայ նաեւ այլ հարց մը: Հայկական վարժարաններու մէջ հայոց պատմութեան դասապահերուն շատ աւելի ժամեր կը տրամադրուէին նախապէս, սակայն այսօր բարձր դասարաններ երբ հասնին աշակերտները, ծանրաբեռնուած ըլլալու պատճառով, նախ եւ առաջ նուազ ժամանակ կը տրամադրուի հայոց պատմութեան, պետական քննութիւնները առաջնահերթութիւն կը նկատուին, ուստի շատ քիչ ժամանակ կը մնայ Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան անդրադառնալու եւ կամ շատ ամփոփ ձեւով է, որ կը փոխանցուին այս բոլորը: Արդեօք այս իրողութիւնը ծրագիրի փոփոխութի՞ւն կ՛ենթադրէ կամ ընդհանուր առմամբ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին այս գծով:
Պ.- Այս մէկը բազմակողմանի աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ուսուցիչ, դասագիրք եւ ծրագիր: Սկսինք նախ ընդհանուր ծրագիրէն: Մենք պէտք ունինք աշխատանքային նոր ծրագիրի, ազգային դաստիարակութեան եւ հայոց պատմութեան համապարփակ մէկ ընդհանուր ուղեգիծի: Մեր ծրագիրները դժբախտաբար կանգ կ՛առնեն ասկէ 20-30 տարի առաջ: Չկան, առնուազն մեզի կը պակսին այսօրուան մեր պահանջներուն գոհացում տուող նոր ծրագիրներ: Իսկ աւելի մտահոգիչը, մեր ուսուցիչներուն հարցն է: Ես 28 տարիէ հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդեմ եւ օրին մէկը չեմ լսած հայոց պատմութեան ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացքի մը մասին: Ուսողութեան եւ գիտական բոլոր նիւթերու ուսուցիչները ամէն տարի կը վերապատրաստուին, սակայն հայոց պատմութեան պարագային կա՛մ վերապատրաստող չկայ, կամ հետաքրքրութիւն չկայ, կա՛մ պակաս բան մը կայ: Լուրջ հարց է ասիկա: Այսօր հայոց պատմութեան մեր ուսուցիչները բոլորն ալ նուիրեալ դասատուներ են, կասկած չկայ, բոլորն ալ գիտելիք ունին, ապրում ունին, անպայման, բայց այսօր մենք նոր իրականութիւններ ունինք: Եթէ ուսուցիչներ ինքնաշխատութեամբ ճիգ չընեն, իրենք զիրենք չվերանորոգեն, հեռու կը մնան իրենց մարզին մասնագիտական¬մանկավարժական նորութիւններէն: Ազգային վարժարաններու պարագային կրնամ ըսել, որ ազգային երկու վարժարան` Սոֆիա Յակոբեան եւ Եղիշէ Մանուկեան, երկու տարիէ նախաձեռնութեան մը դիմած են, Հայ դատի դասընթացք հաստատած են աւարտական կարգի իրենց աշակերտութեան համար` շաբաթը մէկ պահ: Լաւ ու օգտակար փորձառութիւն մըն է, կ՛արժէ նաեւ, որ միւս դպրոցները օգտուին այս փորձառութենէն:
(Շար. 1)