Յարգանքի տուրք՝ Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Աթէնքի, Փիրէայի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ձեռնարկներուն ներկայ եղան Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Անցեալ շաբաթավերջին Աթէնքի, Փիրէայի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին, ներկայ եղան Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները։
Աթէնքի Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ, Ուրբաթ` 19 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8ին, տեղի ունեցաւ Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան նուիրուած կեդրոնական ոգեկոչական ձեռնարկը, որու բանախօսն էր Գանատայէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Ցեղասպանութեանց Ուսումնասիրութեան Ակադեմիոյ նախագահ Անտրիու Ղուլֆորտ։
Դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ հալածանքները եւ Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութիւնը, ան զօրակցութիւն յայտնեց ճանաչման ու միջազգային դատապարտման ապահովման գործի ընթացքին՝ նշելով, թէ անցեալէն դասեր պէտք է քաղել, կանխարգիլելու համար ապագայ ցեղասպանութիւնները։ Ի յիշատակ ու պատիւ Պոնտոսի մէջ զոհուած 353.000 անմեղ յոյներուն՝ դափնեպսակ զետեղեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Սեդրակ Այվազեան։
Սինտաղմայի վրայ պատուոյ պահակները կը կրէին Պոնտոսի ֆետայական տարազը՝ իւրաքանչիւր պոնտոսցիի սրտին եւ հոգիին մէջ յուզումի ու հպարտութեան զգացումներ արթնցնելով։
Ձեռնարկի աւարտին պարուեցաւ պոնտական պատերազմական ՍԷՐԱ պարը, իսկ յաջորդաբար՝ համախմբեալ ժողովուրդը բողոքի ցոյց կատարեց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, ուր յուշագիր մը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ պետութեան։
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ ցոյցերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Երիտասարդականի անդամները՝ պաստառներով եւ Եռագոյն դրօշակներով։
Թեսաղոնիկէ եւ Փիրէա
Պոնտական աւանդական տասնեակ դրօշակներով եւ պահանջատիրական լոզունգներ կրող պաստառներով, Ուրբաթ` 19 Մայիսի գիշերը, Թեսաղոնիկէի Այիաս Սոֆիաս հրապարակին վրայ համախմբուած էին մեծ թիւով յոյն-պոնտոսցիներ։ Օրուան բանախօսն էր Կիպրոսի եւրօ-երեսփոխան եւ հայութեան հաւատարիմ բարեկամ տիկին Էլէնի Թէոխարուս։
Կիրակի առաւօտ՝ Այիա Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Թաղականութեան կողմէ զոհերու յիշատակին դափնեպսակ զետեղեց Արէթ Տէրէյեան։
Իսկ Կիրակի՝ 21 Մայիսի առաւօտեան, Փիրէայի Ալեքսանտրաս հրապարակին վրայ, մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին, Յունաստանի պետական-քաղաքական բարձրապաշտօն անձնաւորութիւններու ներկայութեան։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ներկայ եղաւ ընկ. Յակոբ Յովակիմեան ու դափնեպսակ զետեղեց։
Յարգանքի տուրք Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ Պոնտոսի յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Մայիս 19ին յարգանքի այցելութիւն մը տրուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, յիշատակելու ու դատապարտելու համար Պոնտոսի յոյներու Ցեղասպանութիւնը։ Ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով, Հ.Հ. Ա.Ժ. Հ.Հ.Կ. խմբակցութեան քարտուղար Գագիկ Մելիքեան, պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեան, Հայաստանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Արկադի Խիտարով, հոգեւոր դասի եւ Հայաստանի յունական համայնքի ներկայացուցիչներ։
Էդուարդ Շարմազանով Հայաստանի օրէնսդիր իշխանութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ։
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ եւ խոնարհումով ու լռութեամբ յարգեցին Փոքր Ասիոյ տարածքին 1915-1923 թթ. Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Պոնտոսի յոյներու նկատմամբ իրականացուած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը։
Էջմիածնի միաբան Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգը։
Իր խօսքին մէջ, Է. Շարմազանով ըսած է.- «Այսօր վերածնունդի օր է։ Ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնուեն նմանօրինակ ցեղասպանութիւններ։ Իսկ դրա վկայութիւնը յունական երկու պետութեանց եւ հայկական երկու պետութեանց առկայութիւնն է։ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ անելու են քրիստոնեայ ժողովուրդների ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման ուղղութեամբ, եւ մենք պէտք է միաւորենք մեր ջանքերը, որովհետեւ ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնքան վտանգաւոր է, որքան ցեղասպանութիւն կատարելը»։
Հայաստանի մէջ յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Արկադի Խիտարով խորհրդանշական համարած է Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ Պոնտոսի յոյներու յիշատակի նշումը, քանի որ հայ ժողովուրդը առաջինն է, որ ենթարկուեցաւ եղեռնի։
Ինչպէս ծանօթ է, Պոնտոսի յոյներու Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած են Հայաստանն ու Արցախի Հանրապետութիւնը։
Նոյն օրը, Մայիս 19ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները, իրենց նիստը սկսելէ առաջ, մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Պոնտոսի յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։