(ASBAREZ) SACRAMENTO – Senator Anthony J. Portantino announced the addition of $16 million in the State Senate Education Budget Subcommittee spending plan to fund the History-Social Science curriculum framework, which includes teacher training for the Armenian Genocide and other important historical updates.
Last year, the California State Board of Education (“CSBE”) adopted a new History-Social Science curriculum framework with guidelines for public school teachers. This framework provides significant improvements and expanded language and scope of information regarding the Armenian Genocide. The additions regarding the Armenian Genocide were a result of collaborative work between the ANCA-WR, the Genocide Education Project (“GenEd”), the Instructional Quality Commission (IQC), Superintendent Tom Torlakson, and a culmination of the initiative taken by Assemblymember Adrin Nazarian (D – San Fernando Valley) and the Armenian Legislative Caucus beginning with the Armenian Genocide Education Act (AB 1915) signed into law in 2014.
“I am very proud to have helped continue efforts to bring accurate and appropriate education to students across California. I am particularly pleased that this budget allocation includes implementation of Armenian Genocide curriculum standards. Historical accounts of the Armenian Genocide are a tragic and important part of world history that continues to face denial and organized opposition. To have it taught in our schools is appropriate and critical,” commented Portantino.
Senator Portantino Chairs the Senate Budget Subcommittee on Education, which voted Wednesday on Portantino’s proposal to provide $16 million in one-time Proposition 98 funds to support the implementation of the History-Social Science curriculum framework adopted by the State Board of Education. This important allocation will be used for regional trainings and professional development available for teachers, administrators and paraprofessionals and the development of an online repository of resources available to support instruction.
Sen. Portantino represents nearly 930,000 people in the 25th Senate District, which includes Altadena, Atwater Village, Bradbury, Burbank, Claremont, Duarte, Glendale, Glendora, La Cañada Flintridge, La Crescenta, La Verne, Lake View Terrace, Los Feliz, Monrovia, Montrose, Pasadena, San Dimas, San Marino, Shadow Hills, Sierra Madre, South Pasadena, Sunland-Tujunga, and Upland.
Photo: California State Senator Anthony Portantino
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Ենթայանձնախումբը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Յատուկ Գումարը
(ԱՍՊԱՐԷԶ) ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը Մայիս 22ին տեղեկացուց, թէ Ծերակոյտի Կրթական ամավարկի հարցերով ենթայանձնախումբը, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած է ինք՝ Փորթանթինօն, վաւերացուցած է այն առաջարկը, ըստ որուն՝ կրթական ամավարկին մէջ պիտի աւելնայ 16 միլիոն տոլար, իրականացնելու համար նահանգի վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բաժինը ընդարձակելու ծրագիրը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ Յուլիսին, Քալիֆորնիոյ նահանգային կրթական վարչութիւնը վաւերացուցած էր նահանգի վարժարաններուն համար պատմութեան-ընկերային ուսմանց դասանիւթը, որուն մէջ յատկանշական կերպով բարելաւուած եւ ընդարձակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բաժինը: Անիկա նաեւ կը պարունակէ ուսուցիչներու բարելաւուած ուղեցոյց մը։
Հայոց Ցեղասպանութեան բաժինի ընդարձակումը կարելի դարձած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին, Դասաւանդումներու որակի յանձնաժողովին (IQC), Հանրային դասաւանդման նահանգային վերահսկիչ Թամ Թորլաքսընի, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ խորհրդարանի Հայկական համախմբումին ջանքերով: Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեան եւ Սքաթ Ուիլք եւս կարեւոր դերակատարներ էին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ:
«Հպարտ եմ, որ կրցայ իմ աջակցութիւնը բերել պատմութեան այս ողբերգական ու կարեւոր էջը մեր նահանգի աշակերտներուն աւելի՛ լաւ կերպով մատուցելու ջանքին, որովհետեւ յատկապէս այս օրերուն, երբ ուրացման արշաւը սաստկացած է, շատ կարեւոր է ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճշգրի՛տ պատմութեան դասաւանդումը։
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2015ին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը՝ թիւ 1915, որ կոչ կ՛ընէր նահանգային վարժարաններու 7-12րդ դասարաններուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու: Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէր նահանգի Կրթական վարչութենէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան առնչութեամբ նիւթեր պատրաստէ: Իսկ 2014ին ներկայացուած թիւ 659 բանաձեւը կոչ կ՛ընէր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներուն մէջ նկատի առնելու նաեւ վերապրողներու բանաւոր վկայութիւններ:
Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին նիւթերու համար, դիմել info@GenocideEducation.org հասցէին, կամ այցելել teachgenocide.org կայքը: