Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ

Ժողովրդային Հսկում

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ, 28 Ապրիլ) ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններու Վարիչ կազմը, նորահաս սերունդներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը վառ պահելու նպատակով, «Դէպի հատուցում` իրաւունքներու վերականգնում» կարգախօսով, կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցին փոքրիկ Հայաստանի մը վերածելով, Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ համախմբեց պահանջատէր քուէյթահայութիւնը` ժողովրդային հսկումով, ոգեկոչելու մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու անմեռ յիշատակը, ապա խորհրդածելու, նշեալ կարգախօսին շուրջ:

Քուէյթի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան բեմավար Մարինա Մովսէսեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ վերահաստատեց, որ մէկ դար ու երկու տարի ետք հայուն պահանջատէր հոգիին լուսաճաճանչ բոցը տակաւին չի շիջիր, որովհետեւ անոր նպատակը երբե՛ք տկարութիւն չի ճանչար, եւ ան կը շարունակէ ըլլալ արդարութեան ջատագովը` քաջ գիտակցելով, թէ անդուլ աշխատանքն ու միասնական ջանքերը անպայմանօրէն Հայաստան աշխարհի երկնակամարը պիտի լուսաւորեն արդարութեան վառ արեգակով:

Գուրգէն Մանուկեանի եւ Ալպեր Պօղոսի գործիքաւորումով, Սարինա Ատանալեան մեներգեց «Արժանին»:

Սէրլի Թովմասեան ներկայացուց «Քրիստափոր» երիտասարդական միութեան խօսքը` շեշտելով, որ ա՛յս հայաբոյր միջավայրին մէջ է, որ հայ երիտասարդին ու պատանիին ազգային դիմագիծը կ՛ուրուագծուի եւ անոնք իրենց աշխատանքով մեծ նպաստ կը բերեն թէ՛ մայր հայրենիքին, եւ թէ սփիւռքի ազգային կեանքին: Ան իր խօսքը աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Տէր Զօրեան» ուխտով, ուր բարձրաղաղակեց մնալ հաւատարիմ, պահանջատէր եւ յանձնառու զինուորները մեր պապերուն սրբազան դատին:

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով խումբ մը ՔԵՄ¬ականներ կատարեալ համոզումով եւ պահանջատէրի ոգիով հանգամանքով Հարիւրամեակի հռչակագիրը, թատերական գեղեցիկ ներկայացումով մը հրամցուցին հանդիսատեսին նշել, որ սոյն հռչակագիրը թատերական ներկայացումի վերածուեցաւ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի եւ Ճորճ Արապաթլեանի համատեղ գործակցութեամբ, իսկ բեմականացումը իրականցուցին Պերճ Շահպազեանն ու Հուրի Արսլանեանը:

«Տալուորիկի զաւակն եմ», «Զարթիր լաօ», «Հայեր միացէ՛ք» եւ «Արդեօք ովքեր են» երգերով, «Հ. Դժոխք» պատանեկան միութեան երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ, ղեկավարութեամբ` Ժաննա Սերոբեանի, նուագակցութեամբ` Հայկօ Բազեանի:

Ապա Քուէյթի Ազգային վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան, որպէս կլոր սեղանի զրուցավար, բեմ հրաւիրեց իր զրուցակիցները` Լիբանանէն յատուկ ժամանած «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր` Շահան Գանտահարեանը, Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժան Պէպէճեանն ու ազգային վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, որոնց կենսագրական ամփոփ տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք արծարծեց շարք մը հարցադրումներ, որոնք իրականութեան մէջ մեր ներկան հունաւորող եւ դէպի ապագան առաջնորդող համահայկական գերխնդիրներ են:

Զրուցակիցներէն իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն ներկայացուց Հայ դատի ներկայ հանգրուանի քաղաքական, ընկերային ու Հոգեբանական վերլուծումները եւ պատկերացումներ գծագրեց մեր հետագայ մարտավարութեան:

Կլոր սեղանի եզրափակումէն ետք «Հայոց մարտիկներ» երգը հնչեց Լիլա Կարապետեանի կատարողութեամբ, իսկ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»-ը, Յարութ Գայթանճեանի եւ Վալերի Տէր Պետրոսեանի մեկնաբանութեամբ:

Աւարտին, Արտակ քհնյ. Քէհեայեան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց, յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն եւ սրտի գոհունակութեամբ նշեց, որ նոր սերունդին համար այլեւս յստակ են պահանջուածները, եւ անոնք համոզումով ու հաստատակամութեամբ կ՛անցնին դէպի հատուցման հանգրուան:

Հուսկ, «Տէր Ողորմիա»-ի երգեցողութեամբ եւ քահանայ հօր առաջնորդութեամբ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ծաղկեմատոյց:

Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, քուէյթահայութիւնը անգամ մը եւս մէկտեղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նշելու մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Օրուան բեմավար Մարիա Սարգիսեան իր բացման խօսքին մէջ զուգահեռ մը գծեց անմահանուն գրագէտ Րաֆֆիի ապագայատեսիլ մտայղացումներուն եւ մերօրեայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն միջեւ` նշելով, որ ուր 1800¬ական թուականներէն իսկ Րաֆֆի կը կանխատեսէր, թէ բարբարոս թուրքը քաղաքակրթուելէ ետք աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ: Իսկոյն պատմութիւնը փաստեց այս իրողութիւնը եւ մենք այսօր ազգովին կը զգանք այդ վտանգի ահագնութիւնը, հաստատեց ան:

Ապա Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեան յատուկ ոճով ներկայացուց հատուած մը Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը եղեռնին մէջ» վէպէն, որմէ ետք «Լեռներ հայրենի» երգով Ատոմ Քէհեայեան ելոյթ ունեցաւ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Ճորճ Արապաթլեանի:

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով, բեմավարը ներկայացուց 90 ամեայ փառահեղ պատմութիւն ունեցող «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութիւնն ու գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը տասնհինգ տարիներէ ի վեր վարող օրուան պատգամախօսը` Շահան Գանտահարեան:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն երկու տարի անց, քաղաքական իրադրութիւններու վերլուծման փորձը նախ լոյսին կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին մէջ հայկական գործօնին առնչուած զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները, որոնց ուղղակի թէ անուղղակի ներգործութեամբ կ՛իրականանան մեր համազգային պահանջատիրութեան առնչուած զարգացումները»: Այս խօսքերով բանախօսը իր մտածումներու հորիզոնը բացաւ ներկաներուն առջեւ եւ առաւել շեշտադրումով վկայակոչեց, որ մենք այլեւս սեփականատէրն ենք Համազգային հռչակագիրի մը, որուն շուրջ կայացած է ամբողջ ազգը ներկայացնող պետական, կրօնական եւ հասարակական միաւորներու համաձայնութիւնը, եւ մենք արդէն ճանաչման գործընթացէն անցած ենք հատուցման իրաւական դաշտ:

Ապա, անդրադառնալով Եւրոպայի ապահովութիւնը սասանող Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին բանախօսը ըսաւ. «Ներկայիս կը կասեցուի դէպի Եւրոմիութիւն Անգարայի վազքի իրաւակարգը, եւրոպական տարբեր քաղաքական միջավայրերու մէջ կ՛արծարծուին Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները առկախելու գաղափարները, փոխադարձաբար դեսպաններ տուն կը կանչուին, ամենախիստ բանաձեւերով կը գնահատուի Թուրքիոյ մէջ տիրող բռնատիրական իրավիճակը եւ Անգարան կը մեղադրուի իբրեւ ժողովրդավարութիւնը սպաննող պետութիւն»:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ շարունակուող զինուորաքաղաքական թէժ իրավիճակները լուսարձակի տակ առնելով` Գանտահարեան ըսաւ. «Այս բոլորին սերտօրէն առնչուած է Անգարան, որ մերթ Ռուսիոյ հետ թշնամանալով, ապա մերձենալով, մերթ Իրանի ուղղութեամբ հռետորական լարուածութիւնը բարձրացնելով, սուրիական պատերազմին անմիջապէս սկիզբը Դամասկոսի հետ սերտօրէն մերձենալով, ապա շատ կտրուկ թշնամանալով, կը փորձէ իր ազդեցութեան գօտիները պահպանել տարածաշրջանին մէջ»:

Յար եւ նման իրադարձութիւններու թողած բացասական ազդեցութիւններուն մասին խորանալով` բանախօսը մասնաւորեց սփիւռքահայ մեր համայնքներուն ներկայ պատկերը եւ ըսաւ. «Դասական, աւանդական համայնքներ եթէ տեղ մը կը նօսրանան, ուրիշ սակաւաթիւ համայնքներ զսպանակող նոր մարդուժ կը ստանան, եւ իրենց ինքնուրոյն տեղը կը գրաւեն համահայկական քարտէսին վրայ: Փաստօրէն սուրիահայ համայնքը, հակառակ իր կրած ծանր հետեւանքներուն, կը շարունակէ իր գոյութեան կռիւը, իր առաքելութեան պահպանումը, մինչ քուէյթահայ համայնքը` իբրեւ երբեմնի սուրիահայ, այժմ նորացուած եւ կայացած համայնք, յատկապէս աւանդութիւններու գուրգուրանքին, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ մարդուժի արտադրողականութեան առումով, սուրիական պատերազմին պատճառով ստեղծուած բացերը լրացնելու առաջնային առաքելութիւնը ունի, սփիւռքահայ աւանդական համայնքներու ցանցին մէջ: Քուէյթահայութիւնը այն համայնքն է, որ որեւէ ատեն չէ զլացած իր տնտեսուժը, փորձն ու աւանդը ներդրելու համահայկական ծրագիրներուն, Արցախաշինութեան, Հայաստանի հզօրացման միտող աշխատանքներուն, Հայ դատի նուիրահաւաքներուն եւ սուրիահայ իր հայրենակիցներու օժանդակութիւններուն: Այս գաղթօճախը իր կրթական, միութենական հաստատութիւններով, Հայաստանի դեսպանութեամբ, նոր օծելի եկեղեցիով եւ ազգային կառոյցներով իր կայացած տեղն ու նշանակութիւնը ունի սփիւռքի ցանցային համակարգին մէջ»:

Արցախը իր յաղթանակած քառօրեայ պատերազմով եղաւ բանախօսին խօսքին վերջին բաժինը, ուր ընդարձակ տողերու մէջ մեծարեց ապրիլեան նորօրեայ նահատակները, որոնք հայ ժողովուրդը նոր եղեռնի ենթարկուելու վտանգէն փրկած հերոսներ են: Եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ. «Թալիշը փաստեց, որ թշնամին սումկայիթներ կրկնելու ծրագիրէ չէ հրաժարած տակաւին:

«Շնորհիւ հերոսաբար ինկած նահատակ զինուորներուն` այսուհետեւ ապրիլը նաեւ ուժական միջոցով ցեղասպանութեան որեւէ փորձ կանխարգիլող հայկական ուժի խորհրդանիշ ամիս է»:

Ոգեկոչական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Արտակ քհնյ. Քէհեայեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Լուսանկար – Ձախէն՝ Ճորճ Արապաթլեան, Ներսէս Սարգիսեան, Շահան Գանտահարեանը, Ժան Պէպէճեան