WASHINGTON—The Armenian National Committee of America (ANCA) is rolling out Quick Connect, a new calling system that directly connects community members with their U.S. legislators to advance Armenian American advocacy priorities.
Activists taking part in Quick Connect get an immediate automated call-back on their phone, providing them with customized voice prompts and suggested phone scripts. They are then directly connected with the Washington, DC office of their U.S. Representative, so they can leave a short message with the receptionist or on voice-mail.
The ANCA’s inaugural Quick Connect campaign is in support of the Armenian Caucus letter urging President Trump to properly commemorate the Armenian Genocide this April 24th. U.S. Representatives who have already signed will get thank you calls, while others will be urged to support this bipartisan appeal.
“We are pleased to offer Quick Connect as a quick and easy way for friends to communicate their priorities with their Members of Congress,” said Nerses Semerjian, ANCA’s IT Director. “With research showing that phone calls are the single most effective way for grassroots communities to get the attention of U.S. legislators, we encourage everyone to take part and then to share this new tool with friends and relatives.
The ANCA’s Quick Connect link is anca.org/call.
Հայ Դատը Քոնկրեսականներուն Դիմելու Արագ Միջոց Կը Համակարգէ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ համակարգած է համացանցային նոր ծրագիր մը, որ կարելի պիտի դարձնէ ամերիկահայ քաղաքացիներուն՝ հայութիւնը յուզող հարցերու ջատագովման նպատակով աւելի արագ կերպով դիմել իրենց քոնկրեսականներուն։
«Quick Connect» անունով մկրտ-ուած սոյն ծրագիրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական տեղեկութիւններ ստանալ ձեր շրջանի քոնկրեսականին հետ հաղորդակցելու կարելիութեանց մասին, միաժամանակ ստանալով քանի մը առաջարկներ, խնդրոյ առարկայ հարցը լաւապէս ներկայացնելու համար քոնկրեսականին։
Արշաւին գլխաւոր թիրախը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմող Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի նամակին կարելի եղածին չափ մեծաթիւ քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը ապահովելն է։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տեղեկատուական արհեստագիտութեան հարցերու վարիչ Ներսէս Սեմերճեան կը յայտնէ, թէ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ քոնկրեսականներու կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ հեռաձայնային զրոյցները ջատագովման լաւագոյն միջոցներէն են, եւ այդ պատճառով ալ որոշուած է այս ծրագիրը մէջտեղ բերել։
Ձեր ձայնը ձեր շրջանի քոնկրեսականներուն ազդու կերպով լսելի դարձնելու համար, այցելել anca.org/call կայքէջը։