(ԱԶԱՏ ՕՐ, 24 Մարտ) Իրենց աշակերտներուն հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով առաջնորդուող ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ ազդեցիկ դեր կ՚ունենան երիտասարդ սերունդի կազմաւորման եւ ընկերային զգայնութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ։
Այս առաքելութեամբ առաջնորդուելով՝ Փերիսթերիի 7րդ միջնակարգ դպրոցի կազմակերպութեամբ եւ Փերիսթերիի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ, կլոր սեղանի զրոյց մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 18 Մարտ 2017ի երեկոյեան ժամը 7ին, Փերիսթերիի Քաղաքապետարանի Մշակութային Կեդրոնէն ներս, նուիրուած՝ «Ցեղասպանութիւններ. լուծում-մերժում-դիրքաւորում» նիւթին։
Ձեռնարկի կազմակերպողներուն եւ աշակերտներուն կողմէ կատարուած ներկայացումներու ընթացքին, շեշտը դրուեցաւ ցեղապաշտական ամէն տեսակի մօտեցումները մերժելու եւ անոնց դէմ պայքարելու արդար մարդոց կեցուածքին վրայ՝ դիտել տալով, թէ ատելութենէն աւելի՝ մարդոց անտարբերութիւնն է, որ մեծագոյն վնասը կը հասցնէ։
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութեան պահանջներուն շուրջ ներկայացում կատարեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Խաչիկ Ապարեան։
Ան խօսեցաւ 20րդ դարուն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ սանձազերծուած զանգուածային հալածանքներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Հայաստանի պատմական ժառանգութեան, հայ ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման մասին։ Իր խօսքին առընթեր երիզ մը ցուցադրեց, որ կ՚անդրադառնար մեր ազգի պատմական-պահանջատիրական հանգրուաններուն։
Կլոր սեղանի զրոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Թէոֆանիս Մալքիտիս (Ընկերային գիտութեանց տոքթոր, Ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան միջազգային ակադեմիոյ անդամ), որ խօսեցաւ «Քեմալականութիւն եւ Նացիականութիւն. Ցեղասպանութենէն՝ Հոլոքոսթ» նիւթին շուրջ՝ շեշտելով, թէ ցեղասպանական յանցագործութեանց հիմքը կը գտնուի Քեմալականութեան մէջ, որուն հետեւած է Նացիականութիւնը։ Ան առաջարկեց Յոյներու Ցեղասպանութեան թուականը՝ Մայիս 19ի օրը հռչակել Քեմալականութեան զոհերու յիշատակութեան միջազգային օր. նախաձեռնութիւն՝ որ արդէն ընթացքի մէջ է Գանատայի Ծերակոյտին մօտ։
Յաջորդաբար, խօսքերով հանդէս եկան Քիրիաքոս Պացարաս (Ասորիներու Համահելլէնական Միութեան նախագահ), Բենիամին Ալպալա (Յունաստանի հրեայ համայնքի Կեդրոնական Խորհուրդի նախկին փոխ-նախագահ), Եանիս Եորղիու (Աթէնքի Մեցովիօ համալսարանի ընկերային գիտութեանց դասախօս), որ խօսեցաւ գնչուներու (Ռոմա) դէմ հալածանքներուն մասին։ Աւարտին, խօսք առաւ Վասիլիքի Լազու (Փանտիօ համալսարանի պատմութեան դասախօս), որ խօսեցաւ մարդկութեան պարտականութեան զգացումին մասին՝ շեշտելով, թէ պէտք է շարունակել խօսիլ, վերապատրաստուիլ, ուսումնասիրել պատմական անցեալը, նման յանցագործութիւններ ապագային կանխարգիլելու նպատակով։
Կրթութեան արժէքը կարեւորելով եւ հասարակութիւններուն մէջ հանդուրժողականութեան ու յարգանքի զգացումը շեշտելով, դասախօսները մեծապէս գնահատեցին Փերիսթերիի 7րդ միջնակարգ դպրոցի այս նախաձեռնութիւնը։
Լուսանկար – Կլոր սեղանի զրոյց՝ «Ցեղասպանութիւններ. լուծում-մերժում-դիրքաւորում» նիւթով Ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկ. Խաչիկ Ապարեան (ձախէն 2րդ)