«Մենք՝ Եգիպտահայերս» Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը

(ՅՈՒՍԱԲԵՐ, 21 Յունուար) Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ հայ համայնքին եւ օտար հրաւիրեալ լրագրողներու եւ մտաւորականներու համար ցուցադրուեցաւ «Մենք՝ եգիպտահայերս» վաւերագրական ժապաւէնը։
Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ եւ երկու տարուան աշխատանքի արդիւնք այս ֆիլմն առաջին անգամ ցուցադրուած էր Գահիրէի միջազգային ֆիլմի փառատօնին ու հռչակ ձեռք բերած։
Անիկա արդիւնքն է ֆիլմի բեմադրիչ Ուահիտ Սոպհիի, արտադրող Հանան Էզզաթի նախաձեռնութեան եւ լրագրող Էվա Տատրեանի գործակցութեան։
Ներկաներու շարքին էին՝ եգիպտական «Վեթօ» պարբերականի խմբագրապետ Էսամ Քամէլ, միջազգային ճանաչում նուաճած ճազմէն Եահիա Խալիլ, պատմաբան, գրող Իպրահիմ Ապտէլ Մեկիտ տեղական մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ։ Երեկոյթի հեռուստառեփորթաժը կատարեց dmc հեռուստացանցը։
Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց հիւրընկալներու ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զիրենք դիտելու ժապաւէնը։
Եգիպտահայեր՝ այր թէ կին, տարեց թէ երիտասարդ, պատասխանատուներ թէ ոչ, ուրուագծեցին վերջին 100-150 տարուան հայոց երթը այս երկրին մէջ, որ զիրենք հիւրընկալած էր ու ապաստան, աշխատելու եւ արարելի հնարաւորութիւն ու ապահովութիւն տուած էր, թրքական հալածանքներէն ետք։ Հսկայ շտեմարան մըն էր տեղեկութիւններու, թէ՛ անհատներու, թէ՛ հաւականութեան կեանքին վերաբերող մանրամասնութիւններու, որոնք կրնան վրիպած ըլլալ նոյնիսկ եգիպտահայերու ուշադրութենէն։
Ֆիլմը սկսաւ Մուսա լեռան հերոսամարտէն ետք փրկուածներու Փորթ Սայիտ ապաստան գտնելու պատմութեամբ, զոր ներկայացուց Էվա Տատրեան եւ աւարտեցաւ Մեծ Եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին Փորթ Սայիտի քէմփին մէջ մահացած եւ տեղւոյն քրիստոնէական գերեզմանատան մէջ հողին յանձնուած մուսատաղցիներու վերանորոգուած հաւաքական դամբարանի բացման հաւաքին ու արարողութեան մասին քատրերով։
Ըստ ամենայնի արհեստավարժ ստեղծագործութիւն մը, որ կենդանի ընդհանուր պատկեր կը փոխանցէ հայութեան անցած և մասամբ նաև արդի կեանքին մասին 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, ասով ալ գաղթական հայութեան եգիպտական կեանքին անոր ներդրումին մասին բազմաթիւ դրուագներ ու դէմքեր լուսարձակէ դուրս կը մնային, յատկապէս արհեստներու վերաբերեալ, որոնք այսօր գոյութենէ դադրած են կամ զանոնք կիրառած ենթակաները մեկնած են երկրէն կամ շիջած՝ հեռացած այս կեանքէն։
Տեղին է աւելցնել, որ թերի ու պակասաւոր էր հանրային կառոյցներու մասին անդրադարձի բաժինը, աչքի զարնող անոնցմէ ոմանց դերն ու պատմութիւնը անտեսելու վարքը, օրինակ՝ հազիւ նկարներ ցուցադրուեցան «Յուսաբեր»ի տան շէնքին և օրաթերթի խմբագրատան մուտքի ցուցանակին, ոչ մէկ խօսք ցարդ կանոնաւոր լոյս տեսնող օրաթերթին, Մշակութային ընկերակցութեան, Հ.Կ. Խաչին մասին։ Նման անտեսումները կատարուած գործի արժէքը կը նուազեցնեն միայն, քանի որ իրողութիւնները կարելի չէ թաքցնել կամ արժեզրկել։
Եգիպտացի բեմադրիչն ու արտադրողը վստահաբար անտեղեակ են մեր ներքին կեանքին եւ հոն պատեհ-անպատեհ գլուխ ցցող կողմնապահութեան. կը մնայ միակ հաւանական վարկածը՝ ստեղծագործող խումբ ներառուած միակ հայը, որ յայտնի դարձաւ՝ թերեւս արհեստավարժ լրագրող է օտար միջավայրի մէջ, իսկ ազգային կեանքին մէջ համակրանքներով ու հակակրանքներով առաջնորդուող շարքային մը։ Զարմանալ կարելի էր, եթէ նախընթացներ չունենայինք։ Չենք զարմանար։ Կը ցաւի՛նք միայն, որ անցած դարու 30-ականներէն վերապրող մօտեցումները կը գոյատեւեն։
Ասիկա պատճա՞ռ է, որ մենք մեր վարքը փոխենք. երբե՛ք։ Մեր ամբողջ կեանքը եւ աշխատանքը անխախտելի արժեհամակարգի վրայ հիմնուած է եւ ոչ նման շիլ նկատառումներու, այդպէս ալ պիտի շարունակենք։ Արդարեւ մենք չէ որ պիտի փոխուինք, իրե՛նք պիտի փոխուին, կեա՛նքը զիրենք պիտի փոխէ, որովհետեւ այլընտրանք չկայ, ինչպէս չկար այլ արժէքներու պարագային, զորս անցեալին կʼուրանային, իսկ այսօր՝ գէթ խօսքով, տէր կը կանգնին անոնց։
Այս դառը խոհերը թող չկանխատրամադրեն մեր հայրենակիցները ընդհանուր գործին հանդէպ։ Հայեր նկարահանուած են եւ վկայած հաւաքական կեանքի իրենց վերաբերող բաժնին մասին, իսկ ազգակիցներն ընդհանրապէս դաշնակիցներ են, երբ ազգային արժէքներու կրողներ են։
Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն, որոնցմէ գլխաւոր երեքին, յանուն «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, ցուցադրութեան աւարտին յանձնուեցան գնահատագրեր։

Զ.Լ.