ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, այսօր Երևանում կայացած «Հրանտ Դինք. 10 տարի անց» կլոր սեղան-քննարկման ընթացքում ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանի խօսքը։
Հրանդը իսկական թրքահայ էր, աւելի ճիշտ, ինչպէս ինք պիտի նախընտրեր ըսել՝ թուրքիացի հայ էր։ Ան ծնած էր Թուրքիա, Փոքր Հայքի Մալաթիա քաղաքը։ Թուրքիոյ քաղաքացի էր, հաւատարիմ քաղաքացի. իր բոլոր քայլերը ուղղուած էին լաւ, արդար, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտելուն։ Ան նաեւ հայ էր, որպէս հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը՝ մտահոգ հայութեան խնդիրներով։ Ինք իր մտքին մէջ կրցած էր զուգորդել իր ինքնութեան այս երկու յատկանիշները, եթէ նոյնիսկ հրապարակաւ չուզէր կամ չկարենար այդ մասին միշտ ամբողջապէս բարձրաձայնել։
Ան միաժամանակ ամբողջական հայ էր. մտահոգ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի հարցերով։ Սակայն, իրեն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնն էր, սկսած Արեւմտահայաստանի մէջ մնացած բեկորներէն, որոնց Պոլսոյ մէջ հայերէն սորվեցնելով, հայեցի դաստիարակութիւն տալով զբաղած էր իր ընկերոջ հետ. Ապա, սկսած էր կազմակերպել երիտասարդները, որոնց շարժումը թափ առաւ իր՝ Հրանդի սպանութենէն ետք։ Իր բացած ակօսները սկսան իսկապէս բերք տալ յատկապէս իր սպանութենէն ետք։
Կարեւոր է նաեւ շեշտել Տինքի տեսակէտը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան կարգավիճակի մասին։ Ան կ՚ուզէր, որ թուրքիացի հայերը համարուէին ոչ թէ եկեղեցական հաամյնք կամ կրօնական փոքրամասնութիւն, այլ՝ որպէս ազգային փոքրամասնութիւն։ Իր այս մօտեցումը թէեւ վտանգաւոր կրնար ըլլալ Թուրքիոյ հայութեան համար, ի վերջոյ անոր կրօնական փոքրամասնութիւն ըլլալը ամրագրուած էր 1923֊ի Լօզանի դաշնագրին մէջ, ինչը Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին անոր տուած էր իր իրաւունքները, սակայն, ունէր քաղաքական այլ նպատակներ եւս։
Թուրքիացի այս հայուն, սակայն, չհանդուրժեց Թուրքիան, Թուրքիոյ պետութիւնը։ Չհանդուրժեց, որովհետեւ ան Թուրքիոյ հասարակութեան հետ կը խօսէր իրեն հասկնալի լեզուով, իրեն հասկնալի ոճով եւ ատոր մէջ Թուրքիոյ պետութիւնը վտանգ տեսաւ։ Վտանգ՝ որովհետեւ Հրանդ Տինքը սկսած էր համոզել Թուրքիոյ հասարակութեան, որ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել տասնամեակներ շարունակ իրենց մատուցուած պաշտօնական «իրականութիւնը», սկսած թրքական ինքնութենէն մինչեւ Թուրքիոյ պատմութիւն։ Սպանութենէն երկու ամիս առաջ, մեր վերջին հանդիպումին, Թեհրանին մէջ, Հայ Դատի Թեհրանի յանձնախումբի կազմակերպած «Հայ Դատն այսօր» 4րդ խորհրդաժողովին, Տինք հրաշալի ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցի տագնապը։ Հայոց Ցեաղսպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ ան կը համարէր կարեւորագոյն խնդիր եւ համոզուած էր, որ այդ ճանաչումը տեղի չունենար մէկ մտահոգութեամբ. Ան ըսաւ. «Անոնք ունին ուրիշ մտավախութիւն […]. անոնք ստեղծեցին նոր քաղացի մը, նոր ինքնութիւն մը, որ կը կոչուի թուրք, եւ ատիկա ունի իր պատմութիւնը, իր մշակոյթը, որ արհեստական պատմութիւն է, արհեստական մշակոյթ է եւ եթէ հիմա այդ ինքնութիւնը [Ցեղասպանութեան ճանաչումով] չեղեալ ըլլայ, երկրաշարժ կ՚անցնէ, եւ եթէ այդ ինքնութիւնը կը տապալի, այդ երկի՛րը կը տապալի»։
Հայաստանի մէջ վերջին անգամ զինք տեսայ 2006֊ի Սեպտեմբեր 21֊ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15֊ամեակին առիթով զինուորական շքերթին։ Յատուկ եկած էր ներկայ ըլլալու։ Այդ մթնոլորտին մէջ ալ առիթ ստեղծեց իր քաղաքական գաղափաարներէն մէկը փոխանցելու, որպէս խորհուրդ։ Նոյն տեսակէտը ան բարձրաձայնեց Թեհրանի մէջ, վերոյիշեալ խորհրդաժողովի ընթացքին։
Ի՞նչ էր Հրանդի մի բանին։ Ան կ՚ըսէր, որ անշուշտ կարեւոր է որ տարբեր երկիրներ, եւրոպական երկիրներ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Սակայն, հարց կու տար Տինք. «Արդեօք կարելի չէ՞ ուրիշ բաներ պահանջել անոնցմէ՝ վասն հատուցում անցեալի նկատմամբ։ Եթէ ինծի հարցնէք՝ եւրոպացիները պէտք է այն գիտակցութեան յանգին, որ իրենք պատասխանատու են այս ժողովուրդին նկատմամբ եւ այսօր հատուցում պէտք է վճարեն այս ժողովուրդին»։ Եւ Տինք կ՚առաջարկէր, որ այդ հատուցումը ըլլայ այնպէս, որ Թուրքիոյ Եւրամիութեան անադամակցելու ժամանակ, Հայաստան եւս ընդունուի որպէս Եւրամիութեան անդամ։ «Կը խորհիմ, որ Եւրոմիութեան անդամակցիլ Հայաստանի համար թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ադրբեջանի այդ պաշարումէն ազատուիլ կը նշանակէ, թէ Ռուսիոյ ձեռքէն ազատուիլ կը նշանակէ եւ թէ զարգանալ կը նշանակէ, ապահովութիւն կը նշանակէ, անվտանգութիւն կը նշանակէ»։
Տինքի շարք մը այլ քաղաքական հայեացքներուն նման, այս ալ կարելի է համարել «ռոմանտիկ», ինչպէս ինք կը համարէր ինքզինք։ Սակայն, անառարկելի է, որ իւրայատուկ գաղափար էր։
Տինքի այս ու շարք մը այլ քաղական հայեացքներուն համար մենք ընդդիմախօսներ էինք։ Սակայն, այդ պատճառ չէր որ մենք միասին չգործակցէինք։ Այդ կը պարտադրէր Հրանդի ինքնավստահութիունը, իր գաղափարներուն համոզուածութիունն ու նուիրուածութիունը։
Կ’ուզեմ աւարտել Տինքի հիմնադրած և խմբագրած «Ակօս» շաբաթաթերթի այս՝ 10րդ տարելիցին առիթով բացառիկին համար խնդրած իմ «Տինքին նամակ»ովս, որ լոյս տեսաւ թերթի այսօրուան հայերէն և թրքերէն թիւին մէջ։ Այնտեղ կ’եզրականացնեմ.
«Վստահաբար ուրիշներ ալ արդէն քեզի տեղեկացուցած կ՚ըլլան, որ այս տասը տարուան մէջ բաւական բան փոխուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, մէկ քայլ առաջ-երկու քայլ ետ կշռոյթով։ Անկեղծ ըսած, վստահ չեմ, որ դուն պիտի ուզէիր այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ ողջ ըլլալ, ֆիզիքապէս՝ ողջ։
«Սակայն, այլապէս, ինչպէս արդէն ըսի, դուն կաս։ Դուն կաս շատերու մօտ եւ իւրաքանչիւրը քեզի կը յիշէ իւրովի։ Շատեր ուրիշ շատերու կողմէ քու մասին ըսածները լսելով, կրնան զարմանալ եթէ բոլորը նոյն մարդուն՝ քու մասիդ կը խօսին։ Ամենայնդէպս, ինծի համար կարեւորը այն է, որ քու մասիդ կը խօսի, կը մտածէ Թուրքիոյ, գոնէ՝ Պոլսոյ հայ երիտասարդութեան մէկ մասը եւ այն ալ՝ խոր յարգանքով, անկեղծ սիրով եւ կարծես որոշեր է վարակուիլ, կամ արդէն վարակուեր է, քու համարձակութեամբ, քու ինքնավստահութեամբ։
«Ի դէպ, 2013-ին այցելեցի քու սպանութեան վայրը, քու աշխատանքի վայրը եւ քու շիրիմիդ։ Չկրցայ չջղայնանալ այդ մեծ անարդարութեան յիշեցումէն։ Խօսակիցներուս կը կրկնէի, որ դուն երկրորդ անձն էիր, որ զիս հրաւիրած էիր Պոլիս։ Առաջինը, ժամանակին իշխող AKP կուսակցութեան երեսփոխան մը, արդէն փախստական էր երկրէն դուրս։ Իսկ դուն… դուն ալ սպաննուած՝ պետութեան կողմէ։ Ամենայնդէպս, կը կարծեմ, որ շատեր պիտի ուզէին գոնէ քեզի պէս ապրիլ այդ երկրին մէջ։
«Հողը դեդեւ գայ, սիրելի Հրանդ։»
Կը շարունակես ապրիլ բազում մարդոց մէջ
(ԱԿՕՍ) ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանի նամակը Հրանդ Տինքին, անոր սպանութեան 10րդ տարելիցին առիթով
Սիրելի Հրանդ,
Դժուար է հաւատալ, որ արդէն տասը տարի է, որ դուն մեր հետ չես մարմնապէս։ Դժուար է հաւատալ, որովհետեւ դուն այլապէս միշտ ալ ներկայ եղար այս տասը տարին. քու մասիդ, քու գաղափարներուդ, ըսածներուդ ու չըսածներուդ մասին այնքան խօսուեցաւ ու կը խօսուի, որ դժուար է հաւատալ, որ չկաս։ Պարբերաբար, քու մասիդ կը խօսեցնէ նաեւ քու սպանութեանդ գծով ընթացով դատավարութիւնը կամ… դատավարութիւնները։ Կը ներես, որ մանրամասն չեմ հետեւիր այդ… ներկայացումներուն, որովհետեւ դատավարութենէ զատ, անոնք ամէն ինչի, յատկապէս՝ ալաթուրքա հեռուստասերիալի կը նմանին… Կը կարծեմ, որ շատերը կը համաձայնին իմ հետս, թէ՝ մենք արդէն գիտենք ով էր քեզի սպաննողը։ Թրքական պետութիւնն է այդ ոճրագործը, որ չկրցաւ հանդուրժել քեզի պէս իսկապէս Թուրքիոյ հաւատարիմ, բայց՝ ո՛չ հլու-հնազանդ ու հայ ինքնութիւնը պահող քաղաքացիի մը համարձակութիւնը։
Թէեւ մենք՝ դուն եւ ես, քաղաքական կարգ մը մօտեցումներով իրարու ընդդիմախօս էինք, բայց քու քաջութիւնդ, համարձակութիւնդ, քու գաղափարներուդ մէջ համոզուածութիւնդ՝ մղած էին, որ յարգեմ քեզի որպէս մարդու, որպէս հայու։
Վստահաբար ուրիշներ ալ արդէն քեզի տեղեկացուցած կ՚ըլլան, որ այս տասը տարուան մէջ բաւական բան փոխուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, մէկ քայլ առաջ-երկու քայլ ետ կշռոյթով։ Անկեղծ ըսած, վստահ չեմ, որ դուն պիտի ուզէիր այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ ողջ ըլլալ, ֆիզիքապէս՝ ողջ։
Սակայն, այլապէս, ինչպէս արդէն ըսի, դուն կաս։ Դուն կաս շատերու մօտ եւ իւրաքանչիւրը քեզի կը յիշէ իւրովի։ Շատեր ուրիշ շատերու կողմէ քու մասին ըսածները լսելով, կրնան զարմանալ եթէ բոլորը նոյն մարդուն՝ քու մասիդ կը խօսին։ Ամենայնդէպս, ինծի համար կարեւորը այն է, որ քու մասիդ կը խօսի, կը մտածէ Թուրքիոյ, գոնէ՝ Պոլսոյ հայ երիտասարդութեան մէկ մասը եւ այն ալ՝ խոր յարգանքով, անկեղծ սիրով եւ կարծես որոշեր է վարակուիլ, կամ արդէն վարակուեր է, քու համարձակութեամբ, քու ինքնավստահութեամբ։
Ի դէպ, 2013-ին այցելեցի քու սպանութեան վայրը, քու աշխատանքի վայրը եւ քու շիրիմիդ։ Չկրցայ չջղայնանալ այդ մեծ անարդարութեան յիշեցումէն։ Խօսակիցներուս կը կրկնէի, որ դուն երկրորդ անձն էիր, որ զիս հրաւիրած էիր Պոլիս։ Առաջինը, ժամանակին իշխող AKP կուսակցութեան երեսփոխան մը, արդէն փախստական էր երկրէն դուրս։ Իսկ դուն… դուն ալ սպաննուած՝ պետութեան կողմէ։ Ամենայնդէպս, կը կարծեմ, որ շատեր պիտի ուզէին գոնէ քեզի պէս ապրիլ այդ երկրին մէջ։
Հողը դեդեւ գայ, սիրելի Հրանդ։
Ջերմ բարեւներով՝
Կիրոյ (Մանոյեան)
Everyone Remembers You in Their Own Way, Hrant
The letter was penned by Armenian Revolutionary Federation – Dashnaktsutyun (ARF-D) Bureau member and director of its Central Hai Tahd office, Giro Manoyan to the late Hrant Dink, on the occasion of the 10th anniversary of his assassination. The letter was translated by the Armenian Weekly.
Dear Hrant,
It is difficult to believe that it has already been 10 years that you have not been with us physically.
It is difficult to believe this, because over the past decade, you have always been present. Your thoughts, your ideas, what you have and haven’t said have been discussed so much, that it makes it difficult to believe that you are gone.
You are also often discussed when the topic of your murder trial—or trials—are brought up. Forgive me for not paying close attention to the case; they are like everything but a trial—more of a Turkish soap opera than anything.
I think many will agree that we know who your killer was.
It was the Turkish state who was responsible, because they could not tolerate an individual like you—one, who was sincerely faithful to Turkey yet not submissive and not afraid to express his Armenian identity.
Although you and I had different political approaches, your bravery, your courage, and your confidence in your ideas compelled me to respect you as a human being and as an Armenian.
I am certain that many have informed you that a lot has changed in Turkey in the last decade—in a “one step forward, two steps back” rhythm. Honestly, I’m not sure whether you would have wished to physically be in Turkey today.
Regardless, as I already mentioned, you are still very much present there. You are still present for many, as everyone remembers you their own distinct way. After hearing about all that is spoken about you, many would be surprised to learn that everyone is speaking about the same man—about you.
What is important for me is the fact that people in Turkey—especially sections of the Armenian youth of Istanbul—are talking about you and thinking about you, and that they are talking about you with respect and sincere love. And thus, your courage and self-confidence continue to spread.
In 2013, I visited the place where you were assassinated, your office, and your final resting place. I could not help but to get angry at the great injustice that had occurred. I kept repeating to the people around me that you were the second person who had invited me to Istanbul. The first was a member of the ruling Justice and Development Party (AKP), who has since fled Turkey.
And you… killed by the state.
In any case, I am certain that many wish to live the way you did in that country.
“Hoghuh tetev gah” [May the earth lay softly], dear Hrant.
With warm regards,
Giro Manoyan