Se realizó en Uruguay intervención urbana en repudio a los pogromos de Sumgait

En la tarde del jueves 27 de febrero, en un nuevo aniversario de las matanzas hacia los armenios que tuvieron lugar en Sumgait, Azerbaiyán, los jóvenes de Unión Juventud Armenia realizaron una intervención urbana en Montevideo. El lugar elegido fue la Puerta de la Ciudadela, lugar emblemático de la capital, donde se conjugan turistas, trabajadores, estudiantes y centros comerciales que le dan un gran dinamismo, sobre todo en el horario elegido.

La intervención consistió en la exposición de fotos de la época y de testimonios presenciales, expuestos mediante libros, escenografía particular vinculada con el eslogan del evento: “Matanza de armenios en Azerbaiyán: no damos vuelta la página”. Además, en cada libro había enganchado un globo -negro, en memoria a las víctimas- que, en conjunto, llamaban la atención desde lejos.

Cientos de peatones se acercaron con curiosidad e interés al circuito marcado por los libros y preguntaron a los miembros de UJA allí presentes por más información y detalles específicos. La prensa uruguaya también se hizo presente, lo que selló el éxito de la manifestación, que es la primera del estilo que se realiza en Uruguay conmemorando lo sucedido en Azerbaiyán en 1988.

«Պատմութեան Էջը Չենք Դարձներ». Իւրօրինակ Բողոքի Ցոյց Մոնթեւիտէոյի Մէջ

ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ

(Մարտ 5) Ուրուկուէյի մայրաքաղաքի ամենաբանուկ փողոցը, որ հետիոտն անցորդներու համար յատկացուած է եւ կը կոչուի Սարանտի, կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը եւ զբօսաշրջիկներու նախընտրելի վայրն է: Այդ փողոցին վրայ կը գտնուին ձեռային աշխատանքի բազմաթիւ կրպակներ, առեւտրական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ փողոցային առուծախի զանազան կէտեր, ինչ որ խայտաբղետ կը դարձնէ եւ գեղեցիկ երանգներով տեսարան մը կը պարզէ, յատկապէս քաղաք այցելող հետաքրքիր զբօսաշրջիկին համար:
Ահա Մոնթեվիտէոյի այդ բաժինին մէջ, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Արմէնիա» Երիտասարդական միութեան վարչութեան, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակային բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ: Իւրօրինակ կ՛ըսենք, քանի որ իսկապէս մեր տղաքն ու աղջիկները բերին նորութիւն մը, որ ուշադրութիւնը գրաւեց բոլոր անցորդներուն: Փողոցին կեդրոնը, սալայատակին վրայ, անոնք ամրացուցին բաց գիրքեր, որոնց մէջ կ՛երեւին Սումկայթ քաղաքին մէջ խոշտանգուած եւ վայրի կերպով սպաննուած հայերու լուսանկարներ եւ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ այդ երկու երեսի վրայ բացուած գիրքերու մէջտեղէն թելերով կապուած էին սեւ փուչիկներ՝ խորհրդանշելով մեր սուգը:
Տեսարանը այնքան տպաւորիչ էր, որ անկարելի էր անցնիլ եւ չնկատել փողոցի լայնքին, երկու շարքով ձգուող այդ գիրքերն ու փուչիկները:
Ցոյցը հասաւ, իր նպատակին, որովհետեւ թէ տեղացի ժողովուրդը եւ թէ զբօսաշրջիկը, տղոց կողմէ պատրաստուած թերթիկները կարդալով, զանազան հարցումներ կու տային անոնց, որոնք յաւելեալ բացատրութիւներով կը գոհացնէին հետաքրքրուողները, Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ հայերու դէմ կազմակերպուած նոր Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններով: Տեղական մամուլն ալ՝ թէ՛ հեռատեսիլ եւ թէ գրաւոր, հարցազրոյցներ ունեցաւ մեր երիտասարդ տղոց հետ, որ միեւնոյն օրը արձագանգեց եւ մեկնաբանեց բողոքի այդ առաջին ցոյցը, որուն նշանաբանն էր՝ «Պատմութեան էջը չենք դարձներ, մինչեւ որ արդարութիւն հաստատուի»:

ԱՍՊԱՐԷԶ