Հայ Դատի բնագաւառին մէջ պէտք է շարունակել յառաջխաղացքը

(ՀՈՐԻԶՈՆ) Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 126-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի խօսքը։

Ուրախ եմ, որ այսօր մեզի հետ կը կիսէք մեր տօնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տարեդարձը, որովհետեւ ան նաեւ ձեր տօնն է, համայն հայ ժողովուրդին տօնն է. քանզի արդի եւ ժամանակակից Հայոց պատմութիւնը կարեւոր չափով միահիւսուած է Դաշնակցութեան 126-ամեայ երթի ելեւէջներուն, թռիչքներուն, խարխափումներուն, նուաճումներուն, կորուստներուն, իրագործումներուն եւ յաղթանակներուն հետ։

Հ.Յ.Դ.-ն ծնաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաօրհասական, դժուարին օրերուն, իր ժողովուրդին հետ կիսեց անոր գողգոթան, իր ժողովուրդին առջեւէն քալեց կենաց-մահու ամենադժուարին անդունդներէն, անոր սորվեցուց մերժել յուսահատութիւնը, մերժել մահը, նայիլ ճակատագրի աչքերուն մէջ եւ զայն փոխել։ Հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան դասերն էին, որ Դաշնակցութիւնը բիւրեղացուց, անմահ Քրիստափորի գրչով զայն վերածեց «յարատեւ կռիւ»ի տեսութեան եւ վերադարձուց նոյն ժողովուրդին, զայն ամբոխէն բարձրացնելով ազգի մակարդակին։ Եւ այսօր մեր անմահ ժողովուրդը իրաւա՛մբ կը հպարտանայ արցախեան մարտադաշտերուն վրայ իր գերակայութիւնը բազմիցս ապացուցած իր յաղթական բանակով, եւ անոր հովանիին տակ ծաղկող իր զոյգ անկախ պետութիւններով, ուր մեր կուսակցութիւնը՝ ինքնիշխան՝ կը ձգտի հաստատել եւ զարգացնել ժողովրդավարական, իրաւական, եւ ընկերային արդարութեան բարձրագոյն չափանիշներով հասարակարգեր։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծաւալած այս գործընթացը անշուշտ տակաւին ամբողջացած չէ։ Գործընթաց մը, իր ոչ միայն ներկայի իրավիճակը պէտք է հասցնէ սոցիալ, տնտեսական արդարութեամբ բնորոշուող նախանձելի բարձրութեան մը, այլ մեր պետականութեան այսօրուան կորիզը դարձնէ այն ադամանդին, այն կարծր կորիզին, որուն ճառագայթող շողերուն շուրջ պիտի համախմբուին ե՛ւ մեր հողերը՝ մեր պատմական հայրենիքը, ե՛ւ մեր ժողովուրդը. հողահաւաքի եւ հայահաւաքի բանաձեւը, Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովներէն բխած, իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած։

Պատմութեան անիւը կանգ չառնէր, ան կը շարունակուի իր վերիվայրումներով, յուսախափութիւններով, եւ նորանոր յոյսերով։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը։ Բանաստեղծին բառերով. «Մենք չհանգանք՝ դեռ կը գանք»։

ՀՅԴ 126-ամեակը կը զուգադիպի ժամանակաշրջանի մը, ուր քաղաքական շարժումներ կը գոյանան այս կամ այն բնագաւառէն ներս հռչակ ապահոված՝ celebrity-ի դարձած անձերու շուրջ, որոնք առանց գաղափարական լուրջ ենթահողի, կարգախօսային՝ ամբոխավարական պատգամներով կը հասնին իշխանութեան եւ զայն կը վարեն իրենց կարգախօսներուն արժանի թեթեւամտութեամբ։ Այս երեւոյթը միայն արեւմուտքին յատուկ չէ, այլ վերջին տասնամեակներուն տարածուած է աշխարհով մէկ, հասնելով նաեւ Հայաստան։

Կուսակցութիւն հասկացութիւնը դուրս եկած է քաղաքացիին եւ կառավարութեան միջեւ կապի իր դասական դերէն. Ան այլեւս չի ծառայեր քաղաքացին եւ պետականութիւնը հզօրացնելու, անոնց միջեւ համագործակցութիւնը քաջալերելու, այլ պարզապէս կը ծառայէ իշխելու եւ իր մօտիկ շրջանակներուն անձնական շահերը ապահովելու։

Հռոմէացի փիլիսոփան կ՚ըսէ, թէ «ան որ չի գիտեր թէ դէպի ուր կ՚ուզէ նաւարկել, նպաստաւոր քամի չի գտներ»։ Հայաստանի ու հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ, Դաշնակցութեան մօտեցումը միշտ եղած է նպատակային։ Մենք որոշած ենք հետամուտ ըլլալ, որ Հայաստանի քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկուի սահմանադրական բարեփոխումներու ճանապարհով եւ ընկերային արդարութեան հաստատումով։ Միաժամանակ, մենք կը պայքարինք համահայկական տեսլականով՝ Արցախի անկախութեան ճանաչման խնդիրը հետապնդելով, պաշտպանելով Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները, ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելով Սուրիոյ հայութեան, եւ, անշուշտ, շարունակելով ամրապնդել Սփիւռքի գաղթօճախները եւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ համագործակցութիւնը ի խնդիր համահայկական հզօրացման։

Այս մօտեցումով է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւորած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, եւ մանաւանդ, ի մտի ունենալով հայութեան դրացիները, Դաշնակցութեան ուշադրութեան կիզակէտին վրայ եղած են մեր զինուած ուժերը, որոնք օրնիբուն կը պաշտպանեն մեր հայրենիքի սահմանները, կ՚ապահովեն հայութեան անվտանգութիւնը։ Դեռ վերջերս էր, որ Դաշնակցութեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը պահեստազօրք հիմնելու մասին եւ, առանց ժամավաճառութեան, Դաշնակցութիւնը անմիջապէս գործի լծուեցաւ եւ հարիւրաւոր կամաւորներու ցանկ մը արդէն իսկ կը գտնուի նախարարութեան տրամադրութեան տակ։

Այս է այսօրուան Դաշնակցութիւնը։

Մեր ընելիքը ինքնիշխան, ժողովրդավար, իրաւական եւ ընկերային բարձր չափանիշներով հայրենիքի զոյգ պետութեանց զարգացումն է։ Պետութիւններ, որոնք պիտի դառնան հիմնաքարը միացեալ Հայաստանին, այն վայրին՝ ուր պիտի իրականացնենք հայահաւաքը։

Սփիւռքը իր կարգին կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք յաղթահարելու համար Դաշնակցութիւնը եւս ընելիքներ ունի, անոր միասնականութիւնը ապահովելու եւ ուժականութիւն բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Որովհետեւ Դաշնակցութեան համար, Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի իր յստակ տեղը եւ դերը համահայկական մեր տեսլականին մէջ, Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի տեսլականի իրականացման մէջ։

Մեր շրջանը, Գանատայի շրջանը, մաս կը կազմէ հայութեան սփիւռքեան իրականութեան, եւ այսօր, մեր կուսակցութեան տարեդարձին առթիւ, կ՚ուզեմ պահ մը անդրադառնալ ՀՅԴ Գանատայի շրջանին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Գանատա մուտք գործած է անցեալ դարի սկիզբին, շուրջ 114 տարիներ առաջ։ Առաջին հերթին, Դաշնակցութիւնը գործեց հարաւային Օնթարիոյի Պրանթֆըրտ, Համիլթըն եւ Սէնթ Գաթրինզ քաղաքներուն մէջ, ուր 1880-ականներէն սկսեալ պանդուխտ հայեր, մեծամասնութեամբ տղամարդիկ, կու գային աշխատելու գործարաններուն մէջ։ Դաշնակցութեան Գանատա մուտքի տարիներուն անոնց թիւը շուրջ 2000 էր։ Առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը աշխատեցաւ կազմակերպել գաղութը, առաջին ալիքի հայերը, որոնց Գանատա հոսքը շարունակուեցաւ մինչեւ համաշխարհային առաջին պատերազմը։

Դէպի Գանատա հայութեան երկրորդ ալիքը 1915-1922 տարիներուն էր, մեծ մասամբ եղեռնը վերապրած մարդիկ, կիներ ու երեխաներ։ Այս ալիքին մաս կը կազմեն հանրածանօթ Georgetown-ի տղաքն ու աղջիկները։ Փոքրաթիւ էր այս ալիքը, թիւով մի քանի հազար, եւ հաստատուեցան հարաւային Օնթարիոյի արդէն իսկ կազմակերպուած շրջանները։ Երկու աշխարհամարտերուն միջեւ դէպի Գանատա հայութեան ներհոսք չեղաւ, որովհետեւ Գանատայի ներգաղթի այն ատենուան օրէնքներով ասիացիներու մուտքը արգիլուած էր եւ հայերը ասիացի կը համարէին։ Այս երեւոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտը։

1945-էն ետք, միջին արեւելքի գրեթէ անընդմէջ տագնապներն ու քաղաքացիական կռիւները գաղթականական նոր ալիքներ առաջացուցին. 1950-էն 1990 Յունաստանէն, Պոլսէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Սուրիայէն բազմահազար հայեր եկան հաստատուելու այս ափերուն վրայ։ Այդ տարիներուն է, որ գաղութը համախմբուեցաւ Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի բազմաթիւ արուարձաններուն մէջ։ Մեր կառոյցները՝ կուսակցութիւն, ՀՕՄ, եկեղեցի, երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային, ինչպէս նաեւ այլ յարանուանութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, գործի լծուեցան գաղութը կազմակերպելու համար։ 37 տարիներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը ունի իր պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը, իսկ տաս տարի առաջ հիմնուեցաւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակը։ Կեդրոններ, ակումբներ, կրթական օճախներ եւ եկեղեցիներ եկան հայ գաղութի կեանքին միս ու ոսկոր տալու եւ հետզհետէ ստանալու այն ձեւը, որ ունինք այսօր, Ատլանտեանէն Խաղաղական, — աւելի ճշգրիտ՝ Մոնթրէալէն Վանգուվըր սփռուած կեդրոններով ու համայնքներով։

Սիրելիներ,

Գանատայի հայ գաղութի պատմութեան այս յետադարձ ակնարկը կատարեցի նշելու համար, որ մենք արդէն այսօր թեւակոխած ենք մեր գաղութի կեանքին 4-րդ հանգրուանը, ուր ունինք կազմակերպուած համայնքներ Մոնթրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, հարաւային Օնթարիոյի զանազան քաղաքներու եւ Վանգուվըրի մէջ։ Իրենց ամենօրեայ կամ շաբաթօրեայ դպրոցներով, բազմաթիւ եկեղեցիներով, Հայ Դատի յանձնախումբերով, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի մասնաճիւղերով, ՀՅԴ կոմիտէներով, ԳԵՄ-ի եւ ԳՊՄ-ի մասնաճիւղերով բնակեցուած մեր կեդրոնները մեր համայնքներու գլխաւոր հրապարակներն են, ուրկէ իրենց ուժականութիւնը կը ստանան Հայ Դատի եւ հայապահպանման մեր աշխատանքները, մեր հոգեւոր ու մշակութային կեանքը։

Այո. ունինք կազմակերպուած գաղութ, ճիշտ է որ արձանագրած ենք զանազան քաղաքական յաջողութիւններ Հայ Դատի գծով. — հպարտութեամբ կը նշենք ամենուր, թէ մեր Հայ Դատի ճիգերուն շնորհիւ Գանատան այսօր մաս կը կազմէ Հայկ. ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած երկիրներու ցանկին վրայ։ Որպէս գանատացիներ մենք այսօր ներկայ ենք այս երկրի կեանքին բոլոր մարզերէն ներս, պատրաստած ենք այս երկինքին տակ ծնած սերունդներ, եւ ընդունած ու կը շարունակենք ընդունիլ նոր հայ գանատացիներ աշխարհի բոլոր ծագերէն, ինչպէս է պարագան վերջին տարիներուն Սուրիայէն հոս ապաստանած մեր ազգակիցներուն։

Այս բոլորը սակայն չեն նշանակեր, որ մենք կրնանք հանգիստ քնանալ մեր դափնիներուն վրայ. ընդհակառակը, այս յաջողութիւնները մեր առաջ կը բերեն յաւելեալ մարտահրաւէրներ։

Ներազգային առումով, հարկ է ամրապնդել մեր գաղութը, ընդարձակելով կրթական մեր օճախներու ցանցն ու ծաւալը, որպէսզի մեր նոր սերունդները լաւապէս տիրապետելով հանդերձ տեղւոյն մշակոյթին եւ լեզուներուն, ըլլան նա՛եւ հայախօս, ըլլան նա՛եւ հայ ազգայիններ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան այս կառոյցներու յարատեւութիւնը ապահովել ապագային, երբ իրենց կարգը գայ ստանձնելու ղեկավարութիւնը մեր եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ գաղութի ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը ապահովող զանազան օղակներուն։

Հայ Դատի բնագաւառին մէջ, պէտք է շարունակել պայքարը, պէտք է շարունակել յառաջխաղացքը, որովհետեւ չենք կրնար տեղքայլ ընել։ Մեր թշնամիները անընդհատ կը փորձեն մեր վերջին տասնամեակներու նուաճումները ետ տանիլ, հետեւաբար պէտք է աւելի յառաջանանք, որպէսզի թշնամիները իրե՛նք ստիպուին պաշտպանողականի դիմել եւ չկարենան յարձակիլ։ Այս աշխատանքներուն մէջ իրաւունք չունինք թերանալու. Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը, մեզի պէտք ունին։ Բոլոր այն գաղութները, ուր հայութեան վտանգ կը սպառնայ՝ մեզի պէտք ունին։ Մեր գաղութի հզօրութիւնը նաեւ համայն հայութեան՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրութիւնն է, եւ Հայ Դատի աշխատանքները այն գլխաւոր ռազմադաշտն են, ուր այդ հզօրութիւնը կը դրսեւորուի ամենափայլուն ձեւով։

Հայրենակիցներ,

Ի տարբերութիւն երգին, մենք դաշնակցականներս չենք սպասեր, որ «տան զանգը, ահազանգը»։ Մեզի համար զանգը միշտ տրուած է։ Արամ Վեհափառ անցնող տարին հռչակած էր Ծառայութեան տարի։ 126 տարիներ ծառայելէ ետք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կու գայ այսօր վերանորոգելու իր յանձնառութիւնը ծառայելու մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին, յանձնառութիւն մը, որ ամեն դաշնակցական ուխտած է կատարել, նոյնիսկ իր կեանքին գնով եթէ անհրաժեշտ ըլլայ։

Այսօր պահ մը կը խոնարհինք անցեալի բոլոր հերոսներու յիշատակին, անոնց վաստակին եւ թափած արեան առջեւ։

Այսօր նաեւ յոտնկայս կը խմենք կենացը մեր նորօրեայ հերոսներուն, անոնց որոնք գիշեր ու ցերեկ կը հսկեն հայրենի սահմաններու ապահովութեան, ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթենք երենց բազուկներուն, եւ անվրէպութիւն իրենց հարուածին։

Այսօր նաեւ կու գանք խոնարհաբար մեր տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին մաղթելու փայլուն եւ պայծառ ապագայ, նորանոր նուաճումներ եւ աշխարհը զարմացնող յաջողութիւններ։

Կեցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը,

Կեցցէ հայ ժողովուրդը,

Կեցցէ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը։