(ԱԶԱՏ ՕՐ, 14 Դեկտեմբեր 2016) Մեծ յաջողութեամբ ու ներկաներու լայն բազմութեամբ՝ Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակութային հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի՝ 8 Դեկտեմբերին ձեռնարկ մը՝ «Ռաֆայէլ Լեմքին եւ մարդկային իրաւունքները» նիւթով։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Ցեղասպանութեանց Ճանաչման Ցանց»ի կողմէ, որ կազմուած է Յունաստանի Համապոնտական Միութեան, Յունաստանի Գաղթականներու Միութեան, Ասորիներու Յունաստանի Միութեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ եւ որուն նպատակն է աշխատանք տանիլ Ցեղասպանութեանց ճանաչման ուղղութեամբ։
Ձեռնարկին սկիզբը հանդէս եկաւ Ցանցի համադրիչ վարչութեան ատենապետ պրն. Անտոնիս Փաւլիտիս, որ անդրադարձաւ այն պատճառներուն, որոնք ուղղեցին մասնակից միութիւնները՝ դիմելու Ցանց կազմելու հարկադրանքին, ու նշեց անոր ռազմավարական հեռանկարները։
Ապա՝ ներկայ հանրութեան ողջոյնի խօսք ուղղեցին մասնակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով՝ ողջոյնի խօսք ուղղեց ընկ. Արթօ Շեմմաս։ Ընկ. Շեմմաս անդրադարձաւ Լեմքինի կենսագրութեան ու անձնաւորութեան ու նշեց, թէ Լեմքինի տարած աշխատանքին դրդապատճառը հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնն էր։
Ապա՝ նիւթին շուրջ խօսք առին Աթէնքի փաստաբաններու միութեան ատենապետ պրն. Վասիլիս Ալեքսանտրիս եւ ռազմավարական խորհրդատու պրն. Նիքոս Լիղերոս, որոնք անդրադարձան Ռաֆաէլ Լեմքինի ունեցած նախաձեռնութեան, որուն արդիւնքով Մ.Ա.Կ.ը 1948ին որդեգրեց Ցեղասպանութեանց դէմ իր Հռչակագիրը։
Բանախօսները արտայայտուեցան զանազան օրինական հարցերու շուրջ, որոնք կը բխին այս Հռչակագրէն որպէս հետեւանք, ինչպէս նաեւ՝ Լեմքինի այս նախաձեռնութեան անդրադարձին շուրջ, մարդկութեան ապագային նկատմամբ։
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաներու համաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ գիր մը, ուր կը ներկայացուի դիմում, որպէսզի Յունաստանի խորհրդարանը քուէարկէ օրէնք, ուր կը ճանչցուի Դեկտեմբեր 9ը որպէս «Յարգանքի օր՝ Ցեղասպանութեանց զոհերու հանդէպ»։
Յաջորդ օրը, Ուրբաթ՝ 9 Դեկտեմբերին, «Ցեղասպանութեանց ճանաչման Ցանց»ի հինգանդամ պատուիրակութիւն մը, կազմուած Ցանցի մասնակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն, հանդիպեցաւ երեսփոխան Ալեքսանտրոս Թրիանտաֆիլիտիսի հետ ու անոր յանձնեց ելոյթէն յառաջ եկած գիրը։
Երեսփոխանը խոստացաւ զայն յանձնել խորհրդարանը կազմող կուսակցութիւններու նկատողութեան, որպէսզի յաջորդող ժամանակաշրջանին, ան քննութեան առարկայ դառնայ յունական խորհրդարանի նիստի ընթացքին։
Լուսանկար – Արթօ Շեմմաս՝ ողջոյնի խօսքը ուղղած ժամանակ