(ԱԶԱՏ ՕՐ) Անբուժելիօրէն հայրենասէր, անբուժելիօրէն պարտաճանաչ, գաղափարապաշտ, մարդասէր ու հայասէր մարդ մը հողին յանձնուեցաւ Երկուշաբթի՝ 24 Հոկտեմբերին։ Մարդ մը, որ կ’ըսէր՝ ի՛նչ որ կը հաւատար, եւ կը հաւատար՝ ի՛նչ որ կ’ըսէր։ Յիշատակը անմար մնայ։
Խօսքը՝ Նէա Զմիռնիի անցեալի քաղաքապետ Խարալամպոս (Պապիս) Պեխլիվանիտիսի մասին է, որ հայերուս համար իր անունը կապուած է 1978ին Նէա Զմիռնիի պուրակին՝ յուշարձաններու յատկացուած կեդրոնական բաժնին մէջ, յատկապէս իր ճիգերով ու շրջանի քաղաքապետութեան անունով բարձրացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող Յուշարձան-Զանգակին։
Մօտ չորս տասնամեակ առաջ, շրջանի՝ այդ օրերուն «Նիկոլ Դուման» (ներկայիս՝ «Արամ Մանուկեան») Կոմիտէի ջանքերով եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հետեւողական ճիգերով՝ կարելի եղաւ իրականացնել Յուշարձանի հիմնարկէքը, հանդիսանալով եկեղեցւոյ մը շրջագիծէն դուրս Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշարձանը, որ օրին Յունաստանի կառավարութիւնը ենթարկեց Թուրքիոյ կառավարութեան բուռն սպառնալիքներուն, որոնք անտեսուեցան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, շնորհիւ քաղաքապետ Պեխլիվանիտիսի հնարամիտ դարձուածքներուն, արագ կարգադրութիւններուն ու դասաւորումներուն եւ իրագործումներուն։
Արդէն աւարտած էր Մարսէյլի Փրատոյի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 1973ին զետեղուած յուշարձանը, ուր ներկայ եղած էր Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ երիտասարդական հարցերու նախարար Ժոզէֆ Քոմիթի՝ գրգռելով Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը եւ յետս կոչելով թուրք դեսպանը Փարիզէն, առնուազն 6-8 ամսուան համար։ (Այսօր ալ կը կրկնուի հակազդելու միեւնոյն քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ կողմէ)։
Խ. Պեխլիվանիտիս Փոքր Ասիոյ ծնողներու զաւակ էր։ Գաղթական իր ծնողքը 1922ին եկած էր Յունաստան ու հաստատուած Աղրինիօ, ուր ծնած էր ան։ Ծնողքին Աթէնք հաստատուելով՝ պատանի Խարալամպոն մեծցած էր Տուրղութի գաղթակայանը ու տարի մը յաճախած էր Ֆիքսի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մանկապարտէզը, քանի իր ծնողքը լաւ կապեր կը պահէին մանկապարտէզի հայ ուսուցչուհիին հետ։
1940-1944 տարիներուն, նացիական գրաւման ժամանակաշրջանին, իբրեւ գաղափարապաշտ համայնավարի՝ հալածանքի ենթարկուած էր գերմանացիներու կողմէ։ Գիշեր մը, Անօ Նէա Զմիռնիի հայնոցին մէջ, երբ կը հետապնդուէր ու կը հալածուէր նացի զինուորներուն կողմէ, իր կեանքը փրկած են տարեկից հայ բարեկամները՝ իրեն ապաստան տալով թիթեղապատ տուներուն մէջ, մինչեւ որ վտանգը անցնի, կորսուին իր հետքերը եւ իր անունը ժամանակաւորապէս մոռցուի։
Այս պարագան չէր մոռնար եւ մեծ յուզումով կը պատմէր իր մօտիկ մարդոց։ Աւելի վերջ, ան իր գաղափարներուն համար բանտարկուեցաւ ու աքսորուեցաւ Մաքրոնիսօ, Եարօ, Լերօ կղզիներու աքսորավայրները, իսկ Խալքիտայի բանտէն դուրս գալով՝ առաջին անգամ ըլլալով, ճանչցաւ իր 3,5 տարեկան աղջնակը։
Իր քաղաքապետութեան օրերուն լուսաւորուեցաւ ամբողջ Նէա Զմիռնին, շարժական աղբամաններ զետեղուեցան ճամբաներու երկայնքին, կառուցուեցաւ «Էսթիա» մշակութային կեդրոնը եւ կարգաւորուեցաւ «Յուշարձաններու պուրակը» եւ զարկ տրուեցաւ մշակութային շարժման։
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի 3-4 ամիսներու հաւաքական պատասխանատուութեամբ կառուցման ամիսներուն, յաճախ կ’այցելէր «Լէոնտիօ» վարժարանին կից գտնուող տաղանդաւոր ու հայասէր արձանագործ Վասօ Քափատայիի երկյարկանի արուեստանոցը, ուր Վարուժանին, Յովսէփին, Շահանին հետ, երկար ժամեր ստեղծագործական յղացքներու երկունքի մը մէջ կը ծնէր Յուշարձան-Զանգակին գաղափարը, մինչեւ որ ան գաճի իր նախնական վիճակէն փոխադրուէր Ամարուսի «Իղիա» հիւանդանոցին ետեւը գտնուող Ե. Ղավալայի կաղապար-ձուլարանի աշխատանոցը՝ պրոնզի վրայ ձուլուելու եւ այսօրուան վերջնական կերպարանքին հասնելու համար։
Աւելի ետք, երբ Պեխլիվանիտին ձեւաւորեց Նէա Զմիռնիի այսպէս կոչուող «Էվանկէլիքի» վարժարանի, իմա՝ «Ղալաքսիաս»ի հրապարակը, ջրառատ ու գեղեցկօրէն զարդարուած բաժնին մէջ քանդակեց եգիպտական օպելիսքի ոճով բարձրասլաց սիւն մը, համապատասխան պատմական զարդանաշխներով ու սիւնագաւիթով, հոն չմոռցաւ հայկական տառերով քանդակելու՝ «Փոքր Ասիա» պատմական անուանակոչումը, հաւատարիմ մնալով պատմական յիշատակումին։
***
Սիրուած քաղաքապետին թաղման կարգը կատարուեցաւ Նէա Զմիռնիի Այիա Ֆոթինի շրջանի մայր տաճարին մէջ, շրջանի Մետրոպոլիտի հովանաւորութեամբ։ Ներկայ եղան հելլէն խորհրդարանի նախագահը, նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը դափնեպսակ ուղարկած էր։ Ներկայ էին Յանձնախումբի ու «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչները, որոնք ցաւակցական տոմարին մէջ արձանագրութիւն պահեցին։ Ինչ որ մարդոցմով կը սկսի, մարդոցմով ալ կը վերջանայ։ Յուշը պաշտպանուած պէտք է ըլլայ ժամանակի մաշումին դէմ, որպէսզի մարդու յիշատակը ապրելով գոյատեւէ եւ ձեւաւորէ յաջորդներու նկարագիրը եւ կեանքի արժէքները։
Յ.
Լուսանկար – Աջ կողմ՝ Խարալամպոս Պեխլիվանիտիս