Իսրայէլի նախագահին յայտարարութեանց առթիւ հապճեպ խանդավառութիւն: Բայց եւ այնպէս, Ռէօվլին կը խոստանայ Հայոց ուղղուած կարեւոր քայլ մը
(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) Ապաւինելով թիւր տեղեկատւութեան մը, հաղորդած էինք, թէ Իսրայէլի նախագահը Յունուար 28ին, ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովին առջեւ ունեցած ելոյթին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ սխալ է: