Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակը

29 Մայիս 2019-ին, միջօրէի ժամը 12։00-ին, Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի շէնքին մուտքին ծածանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 101-ամեակի յիշատակման արարողութիւն, որուն ներկայ էին Գանատայի Բնապահպանութեան նախարար Ռոտ Ֆիլիփս, խորհրդարանի փոխ նախագահ Ռիգ

Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանին մէջ նշուեցան Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախեան շարժման տարեդարձները

(«Հորիզոն») – Մայիս 28-ին, Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առաւ նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս եւ խորհրդարանի անդամներուն հրաւիրեց ոգեկոչելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակն ու Արցախեան

Հայ Դատի պաշտպան գանատացի իրաւագէտ փրոֆ. Իրուին Գոթլըր արժանացաւ «Հայաստանի ոգին» պատուոյ կոչումին

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովներու առիթով, տարիներու բարի աւանդութիւն մը ստեղծուած է «Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացնել Հայ Դատի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն նուիրեալ ու ծառայող

Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկ. Անիք Կուլէի հետ

Մայիս 3-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկին Անիք Կուլէի եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան միջեւ։

Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով, Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները Համիլթընի մէջ տեղի ունեցան Ապրիլ 28-ին։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պահանջատիրութեան քայլարշաւը կայացաւ Օթթաուայի մէջ

Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ քայլարշաւ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն եւ այլ վայրերէ աւելի քան 1000 հայորդիներու: Գանատայի

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի յիշատակում Քեպէգի Խորհրդարանէն ներս

16 Ապրիլ 2019-ին, Քեպէգի Ազգային Ժողովի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման բանաձեւը։ Յաջորդաբար խօսք առին երեսփոխան Քրիսթին Սէն-Փիէռ (Աքատիի շրջան, PLQ), Միջազգային յարաբերութիւններու եւ

Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը 24 Ապրիլ 2019-ը հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր

15 Ապրիլ 2019-ին Մոնթրէալի քաղաքապետարանը յատուկ նիստի մը ընթացքին հրապարակեց յայտարարութիւն մը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի յիշատակման օրուան առնչութեամբ, որուն մէջ կը նշուի, թէ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ