Հայ Դատի Յանձնախումբը Ներկայ Գտնուեցաւ CIJA-ի Տարեկան Ընդունելութեան

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմոեր 2016-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Իսրայէլեան եւ Հրէական Հարցերու Կեդրոնի (Centre for Israeli and Jewish Affairs) տարեկան ընդունելութեան, Օթթաուայի մէջ:

Ընդունելութեան ընթաքին, Հայ Դատի ներկայցուցիչները հանդիպումներ ունեցան կեդրոնի վարիչ մարմնի անդամներուն հետ, ուր քննարկուեցան Հայ Դատի առնչութեամբ կարգ մը հարցեր: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց շարքին՝ Թոնի Քլեմէնթ, Փիթըր Քենդ, Տան Տէյվիզ, Հելէն Լաւէրտիէ, Քէվըն Ուա, Ֆրանք Պէյլիս եւ այլոց: