Australian appeal for Syrian-Armenians raises over $47,000

(Armenia Online) SYDNEY: September 19-26 was announced as “Benefit Week for Syrian-Armenians” in Australia, and the community rallied to raise over $47,000, with the figure announced at a Fundraiser Event on Friday.

The Armenian Revolutionary Federation, Armenian Relief Society, Homenetmen, Hamazkaine, the Armenian Youth Federation, the Armenian National Committee and Armenia Media, Inc. began the week with an Appeal to the community, who were asked to donate in person or by credit card to their troubled Armenian brothers and sisters in Syria.

Syria has been at war since 2011, and recently, the most Armenian-populated city of Syria since the Armenian Genocide of 1915 – Aleppo – has been the subject of regular bombings, resulting in countless injuries and deaths of local Armenians.

The Appeal was to raise money to help Syrian-Armenians receive basic needs, such as water, electricity, education and security.

The Armenian-Australian community proved generous as usual.

At Friday’s event, organised by the Australian Committee Aiding Armenian Immigrants from the Middle East, Boghos Baliozian said: “I thank the ARF and its sister organisations for organising this week, and again providing an opportunity for us to aid our brave brothers and sisters in Syria. I especially thank the Armenian community of Australia, who are always generous to help their compatriots in need.”

ARF Australia Chairman, Haig Kayserian said: “Our Armenian community in Syria has been the greatest factory producing great Armenians, and we in Australia have benefited over the years with some fantastic Syrian-Armenians joining our community.”

He added: “Our brothers and sisters are ready to sweat this war out and are continuing to produce great Armenians. It is our job to keep that factory open with our funds, and I am glad our community has responded as it usually does. I thank the ARF and all organising organisations, as well as the very hard-working Australian Committee Aiding Armenian Immigrants from the Middle East.”

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուայ ընթացքին հանգանակուեցաւ 47000 Տոլար

(Armenia Online) 19-էն 23 Սեպտեմբերի շաբաթը Աւստրալիոյ գաղութին մէջ յայտարարուած էր Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբաթ որու ընթացքին Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ աւելի քան $47,000 տոլար որ յայտարարուեցաւ Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած խրախճանքի ընթացքին:

Ընդառաջելով Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուայ կազմակերպիչ մարմիններու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութեան կոչին Աւստրալահայ գաղութը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւզօրակցութեան շաբթուայ ընթացքին:

Սուրիոյ պատերազմը թեւակոխեց իր հինգերորդ տարին որուն ընթացքին Սուրիոյ բոլոր շրջանները անոնց մէջ ըլլալով հայահոծ Հալէպ քաղաքը ենթարկուեցաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ենթարկուիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հրթիռներուն որոնց պատճառով բազմաթիւ հայորդիներ նահատակուեցան եւ վիրաւորուեցան իսկ ազգային հաստատութիւններն ու ժողովուրդի բնակարանները քար ու քանդ եղան:

Օժանդակութեան շաբթուայ նպատակն էր հարկ եղած նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրել Սուրիահայ մեր ազգակիցներուն ապահովելու համար անոնց առօրեայ պէտքերը ինչպէս ջուր, ելեկտրականութիւն, սնունդ եւ դեղորայք:

Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը որուն ներկայ էին աւելի քան 200 հայորդիներ: Խրախճանքի ընթացքին կամաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս սիրուած երգիչներն ու երաժիշտները: Խրախճանքը կը կազմակերպէր ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններու ջանքերով կազմուած Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակութեան Յանձնախումբը: Բացման խօսքի ընթացքին յանձնախումբի ատենապետ Պօղոս Պալիօզեան ըսաւ <<Երախտապարտ ենք ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն որոնց ջանքերով երկրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբաթը Աւստրալիոյ մէջ որուն միջոցաւ Աւստրալհայութիւնը առիթը կ’ունենայ օժանդակելու Սուրիոյ մէջ ծայր առած դժնդակ պատերազմիպայմաններուն մէջ գոյատեւող իրենց ազգակիցներուն: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Աւստրալահայ գաղութին եւ բարձր գնահատել անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը սոյննախաձեռնութեան>>:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով <<Սուրիոյ մէջ մեր գաղութը եղած է հայակերտման հիմնական կեդրոններէն մէկը որուն պտուղներէն օգտուած է ամբողջ սփիւռքի գաղութները անոնց մէջ ըլլալով նաեւ մեր գաղութը>>:

<<Մեր ազգակիցները Սուրիոյ մէջ պատրաստ են պայքարելու եւ վերակառուցելու իրենց գաղութը իսկմեր պարտականութիւնն է մեր կարելիէն աւելին ընել վառ պահելու համար մարդակերտման եւ հայակերտման այս օճախը: Հպարտ եմ որ Աւստրալահայ գաղութը ընդառաջեց մեր կոչին եւ մասնակցեցաւ օժանդակութեան շաբթուայ աշխատանքներուն: Բարձր կը գնահատեմ ուղեկից միութիւններու աշխատանքը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակութեան Յանձնախումբի աշխատանքը>> աւելցուց Գայսէրեան:

Խրախճանքի ընթացքին ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Կարօ Եուզպաշեան Skype-ի միջոցաւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով <<Հինգ տարիներ է, Սուրիահայութիւնը մեծ տագնապ մըն է որ կը դիմագրաւէ իսկ դժբախտաբար Հալէպահայութեան վիճակուած է ծանրագոյնը։ Այսուհանդերձ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով՝ Երիտասարդական, Պատանեկան և Ուղեկից Միութիւններով կը շարունակէ կազմակերպուածօրէն գործել՝ հոսանքն ի վէր դիավարելով։ Բերիոյ թեմը իր Ազգային Վարչութեամբ, խորհուրդներով եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ վառ կը պահեն ազգային կեանքը։ Կը գործէ նաևմեր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, նախակրթարանը, մանկապարտէզը և շուրջ 800 աշակերտներ անվճար կը յաճախեն վարժարան շարունակելով իրենց կրթական կեանքը։ Պատնէշի վրայ են օրական 24 ժամ տեւողութեամբ մօտաւորապէս 300 նուիրեալներ, մեծամասնութեամբ ընկերներ, հերթականութեամբ կը տանին իրենց նուիրական սուրբ գործը։ Անոնք կեանքի գնով, ճիգ չեն խնայերեր աշխաւորելու հայկական թաղամասերու մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը և ազգային–կուսակցական կալուածներու ապահովումը։ Սուրիահայ գաղութը ի գին ամէն դժուարութեանց որոշած է գոյատեւել աննկուն կամքով, յույսով և լաւատեսութեամբ։>>

<<Շնորհակալութիւն Աւստրալահայ գաղութին, կազմակերպիչ կոմիտէութեան և բոլորյանձնախումբերուն, այս ձեռնառկի յաջողութեան, բայց յատկապէս ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կանքնած էք մեր կողքին, թեթեւցնելով մեր տագնապը։ Վարձքերնիդ կատար։ Մենքհպարտ ենք ձեզմով>> աւելցուց ան: