Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Մոնթրէալի զօրակցական նուիրահաւաքին գոյացաւ 170 հազար տոլար

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Սեպտեմբեր 18-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցական նուիրահաւաքի ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 150 Հայ Դատի գործիցներ, համակիրներ եւ զօրակիցներ։

Օրուան հանդիսավար Սօսէ Պէօճեքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, շեշտելով, թէ յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր կիզակէտերն են հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ գանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ Դատի գծով քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները։ Միաժամանակ ան ներկայացուց յանձնախումբի ֆինանսական ամավարկը եւ ներկաներուն ծանօթացուց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի նորանշանակ գործավար Սեւակ Պելեանին։

Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Արամ Էլակօզ եւ Յակոբ Ապաճեան ներկայացուցին Քեպէգ նահանգին մէջ տարուող Հայ Դատի աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը։

Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Արարատ Թորոսեան եւ մանրամասն ներկայացուց Շրջանային յանձնախումբին եւ Օթթաուայի գրասենեակին կողմէ անցնող երկամեակի ընթացքին տարուած աշխատանքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին, յայտնելով, թէ ներկայ հանգրուանին, 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը՝ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է։ Ան շեշտեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբի այսօրուան կիզակէտը՝ հայրենի պետականութեանց ամրապնդումն ու հայոց պահանջատիրութեան արդար լուծումն է։

Օրուան գլխաւոր բանախօս, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յայտնեց, որ Հայ Դատի զինուորագրեալները, հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակն են, որոնց պարտականութիւնն է քաղաքական քուլիսներու ետին կատարել քարոզչութեան եւ լոպպիյինկի դժուարին աշխատանքը։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը իբրեւ հայութեան պաշտպանական վահան, անխափան եւ վճռակամ պիտի շարունակէ հայութեան պահանջատիրական դատի հետապնդումը։

Ընդունելութեան ընթացքին դաշնակով հանդէս եկաւ Նէնսի Սոլաքեան։ Հանդիսութեան աւարտին յայտարարուեցաւ, որ նուիրահաքէն գոյացած է 170 հազար տոլար։ Հանդիսութեան փակումը կատարեց Սուրէն Արք. Գաթարոյեան։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանգանակային ձեռնարկները պիտի շարունակուին հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.՚

– Սէնթ Գաթրինզ եւ Համիլթըն՝ 2016 Հոկտեմբեր 1, Սէնթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնէն ներս.

– Գէմպրիճ՝ 2016 Հոկտեմբեր 2, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս.

– Թորոնթօ՝ 2016 Հոկտեմբեր 21, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս.

– Վանգուվըր՝ 2016 Նոյեմբեր 5, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնէն ներս։

Յաւելեալ լուսանկարներ գտնել սոյն հղումով: