Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմին. Յիշատակի Հաւաք` Ի Յարգանս Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն

«ԱԶԴԱԿ» – Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կիրակի, 23 փետրուար 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին հաւաք մը, ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպանին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին եւ յարանուանական, քաղաքական, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու:

Sumgayit1_23022014-720x377

Հաւաքին բացումը աղօթքով կատարեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը փոխանցած էր եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ, ուր յիշած Սումկայիթեան եղեռնագործութեան զոհերն ու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը` շեշտելով, որ մեր թշնամիներու վարած քաղաքականութիւնը աւելիով կը պարտաւորեցնէ մեզ համախմբուելու եւ միասնականօրէն աշխատելու:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անունով խօսք առաւ Շահան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը մանրապատկերն է Հայոց ցեղասպանութեան, կը տարբերին գործադրողները, ժամանակն ու միջավայրը, սակայն մղումը, սպաննելու փաստը, ցեղի տեսակ մը բնաջնջելու բնազդային մղումն ու այդ մղումին ետին կանգնած պետական ամբողջ քաղաքականութիւնը կը մնան նոյնը: Այս բոլորը հետեւանք են Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալու եւ միջազգային դատապարտումի արժանացած չըլլալու իրականութեան, որ մինչեւ այսօր կը քաջալերէ պետութիւնները նոյն մղումներով կազմակերպելու ջարդեր, սպանդներ, ցեղային մաքրազտումներ: Այս իմաստով 10 տարի առաջ Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին քնացած պահուն անասնաբար կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը` Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ յաւելեալ փաստ մըն է, յայտնեց Գանտահարեան:

Երկրորդ եւ վերջին խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ Սումկայիթի եղեռնագործութեան 26-րդ տարելիցին եւ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առիթով յարգանքի խօսք արտասանեց, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող քաղաքական եւ պատերազմական վիճակները` 1988-էն սկսեալ մինչեւ այսօր: Դեսպան Քոչարեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ, թէ Ազրպէյճանը մինչեւ այսօր իր երկրին մէջ ատելութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ հայութեան հանդէպ, ինչ որ խստօրէն պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ` դիտել տալով, որ մենք իբրեւ ժողովուրդ կը գիտակցինք, որ միայն մեր միասնական կամքով եւ հաւաքական ուժով պիտի կարենանք հզօրացնել մեր հայրենիքն ու հայոց բանակը:

Ձեռնարկի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Ձեռնարկէն ետք Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Հայաստանի դեսպանը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ յարանուանական հոգեւոր պետերը, ազգային, քաղաքական եւ միութենական պատասխանատուները: