Յունահայութիւնը հանդիսաւորապէս տօնակատարեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեակը

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ­Սեպ­տեմ­բե­րի եր­րորդ շա­բա­թա­վեր­ջը նուի­րեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց։
Շա­բաթ՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 17ի ե­րե­կո­յեան ­Քո­մո­թի­նիի մէջ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը, իսկ ­Կի­րա­կի՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 18ի ե­րե­կո­յեան Ա­յոս ­

Քոմոթինիի տօնակատարութիւն
Քոմոթինիի տօնակատարութիւն

Սոս­թիի մէջ ա­թե­նա­հա­յու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ. ­Կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պած եւ հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թեանց հիմ­նադ­րու­թեան 25ա­մեա­կին նուի­րո­ւած հան­դի­սու­թեանց։
­Զոյգ հան­դի­սու­թեանց ըն­թաց­քին օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ըն­կեր ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան, որ իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց հայ­րե­նի հո­ղի վրայ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կապ­տե­լի ի­րա­ւուն­քին եւ ան­խոր­տա­կե­լի կամ­քին վրայ, ո­րոնց փա­ռա­հեղ վկա­յու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց նո­ւա­ճած ան­կա­խու­թեան 25ա­մեայ ու­ղին՝ իր յաղ­թա­հա­րած ե­րէ­կի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով եւ ներ­կա­յիս դի­մագրա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով։
­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժին։ ­

Հան­դի­սու­թեանց ման­րա­մասն թղթակ­ցու­թիւ­նը կու տանք յա­ջոր­դիւ։

Լուսանկար – Աթէնքի տօնակատարութիւն

Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, բայց միշտ հայ­րե­նի­քին հետ

(­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեա­կին առ­թիւ)

­(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հա­յերս, հա­կա­ռակ մեր ազ­գի ճա­կա­տագ­րին դա­ժան պայ­ման­նե­րուն, ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ ըլ­լա­լով հան­դերձ, փաս­տօ­րէն նաեւ յա­րու­ցեալ եւ փիւ­նի­կի նման վե­րած­նո­ւող ու յաղ­թա­նակ­ներ նո­ւա­ճող ազգ ենք։
Ան­ցեալ տա­րի, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ա­ռի­թով, հայ­րե­նի­քէն մին­չեւ սփիւռ­քի հե­ռա­ւոր ան­կիւն­նե­րը, մեր հա­մազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու­ժեղ ձայ­նը բարձ­րա­ցու­ցինք՝ յի­շեց­նե­լով ողջ մարդ­կու­թեան, թէ մենք կանք ու տէր կը մնանք մեր ար­դար դա­տին։

Այս տա­րի, կը նշենք ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն 25ա­մեա­կը՝ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան ու հպար­տու­թեան բարձր ո­գիով, հեր­թա­կան ան­գամ ա­պա­ցու­ցա­նե­լով հա­մայն աշ­խար­հին, թէ ար­ժա­նի ենք իբր ազգ գո­յա­տե­ւե­լու եւ մեր ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նե­լու։
­Հա­մա­հայ­կա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րու մէջ, թէ փոքր ա­ծու­նե­րէ ներս, մեծ շու­քով թէ սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­նե­րով, մեր զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն 25ա­մեա­կը կը նշո­ւի ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սե­լու խոր գի­տակ­ցու­թեամբ ու նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­յու վճռա­կամ ո­գիով։

Այս­պէս, Ա­րե­ւե­լան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հա­մայնք­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի շրջա­նի ­Յանձ­նա­խում­բին, ­Սեպ­տեմ­բեր 17ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­մո­թի­նիի ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, տօ­նե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­յաց­ման 25ա­մեա­կը։
Օ­րո­ւայ բա­նա­խօսն էր ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած Հ. Յ. Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան։

­Ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, Հ.Յ.Դ. Կ. Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, ­Միջ¬­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ տե­ղա­ցի ու շրջա­նի այլ քա­ղաք­նե­րէն ժա­մա­նած հայ­րե­նա­կից­ներ։

­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց շրջա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կո­մի­տէու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Հայկ ­Չի­չէ­քեան, որ ամ­փոփ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նշա­նա­կու­թեան, իբր կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան՝ ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին մեր ե­րազ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ պրն. Պ. ­Մել­քո­նեան՝ շեշ­տե­լով շրջա­նի հա­յու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը «ներ­կա՛յ» պա­տաս­խա­նե­լու ազ­գա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։
Ք­սան­թիէն տիկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Դա­նիէ­լեան կար­ծես հայ­րե­նի դաշ­տե­րը մեզ փո­խադ­րեց՝ իր քաղցր ձայ­նին նրբե­րանգ ե­լե­ւէջ­նե­րով, մեկ­նա­բա­նե­լով մեր մեծ ­Կո­մի­տա­սի հո­գե­թով ե­րաժշ­տու­թե­նէն պա­տա­ռիկ­ներ։

­Պա­հը ե­կաւ օ­րո­ւան պատ­գա­մին։ ­Բա­ցա­ռիկ ու­րա­խու­թիւն ու պա­տիւ էր մե­զի հա­մար, որ այդ պատ­գա­մը կու­գար ուղ­ղա­կի հայ­րե­նի­քէն, շնոր­հիւ ընկ. ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեա­նի, որ յանձն ա­ռած էր ճամ­բոր­դել մին­չեւ հե­ռա­ւոր մեր շրջա­նը, փոք­րա­թիւ մեր հա­մայնք­նե­րուն եւս փո­խան­ցե­լու հայ­րե­նի շունչ ու հա­յօ­րէն տո­կա­լու կամք։

Իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ 25 տա­րի­նե­րու վե­րան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­յաց­ման զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րուն՝ ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով։ ­Խօ­սե­ցաւ նո­ւա­ճում­նե­րուն, սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն, այլ նաեւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, ար­տա­քին ճնշում­նե­րու եւ վտանգ­նե­րու մա­սին։ ­Թե­լադ­րեց ըլ­լալ զգօն եւ միաս­նա­կան ո­գիով դի­մագ­րա­ւել ա­մէն տե­սա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ ­Շեշ­տեց ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ինչ որ կը յատ­կան­շէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շում­ներն ու ընտ­րա­նիք­նե­րը, տա­կա­ւին ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաստ­տա­նի օ­րե­րէն։

Իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց այն ճշմար­տու­թեան վրայ, թէ ազ­գա­յին գի­ծը միշտ գե­րիշ­խած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։ ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է խո­հե­մու­թիւ­նը եւ ճկու­նու­թիւ­նը իր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը պատ­շա­ճեց­նե­լու զա­նա­զան վար­չա­ձե­ւե­րու, միշտ սա­կայն հաս­տատ մնա­լով ազ­գա­յին իր տես­լա­կա­նին վրայ։

­Յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը, ա­ռանց բա­ցա­ռե­լու հայ­րե­նի­քին, Ար­ցա­խին եւ հա­մայն ազ­գին դէմ ծա­ռա­ցող դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու վտանգ­նե­րը, ի­րա­տես ու յստակ կեր­պով պատ­գա­մեց բո­լո­րիս, թէ կա­րող ենք ա­մէն ինչ յաղ­թա­հա­րել հզօր բա­նա­կով եւ հա­մազ­գա­յին հա­յե­ցա­կէտ որ­դեգ­րե­լով, որ­պէս­զի թշնա­մին չհա­մար­ձա­կի մտա­ծել իսկ մար­տա­կան թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յար­ձա­կում­նե­րու մա­սին։ Ըն­կեր ­Մա­նո­յեան ըն­դու­նեց նաեւ ո­րոշ ազ­գա­յին­նե­րու հար­ցում­նե­րը, ո­րոնց տո­ւաւ լու­սա­բա­նա­կան պա­տաս­խան­ներ։
­Հա­յա­շունչ մթնո­լոր­տը ա­ռա­ւել եւս աշ­խու­ժա­ցաւ ­Գո­մո­թի­նիի պա­րա­խում­բին մերթ հե­զաճ­կուն, մերթ խրոխտ պա­րե­րով։

­Ձեռ­նար­կը փա­կո­ւե­ցաւ ընկ. նա­խա­գա­հին շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քե­րով օ­րո­ւայ բա­նա­խօ­սին, շնոր­հա­լի երգ­չու­հիին, տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ու Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան եւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն ու վեր­ջա­պէս այն սրտա­բուխ մաղ­թան­քով, որ ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­նայ եւ օր մը միա­ցեալ տես­նենք հո­ղը հայ­կա­կան։

­Յա­ջոր­դեց հա­ւա­քա­կան ճաշ՝ Ք­սան­թիի «Ք­սան­թի­փի» ճա­շա­րա­նէն ներս, միշտ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, ու­ժե­ղա­ցած կամ­քով ու վե­րա­նո­րոգ յոյ­սով։
­Թէ­կուզ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, պար­տա­ւոր ենք մենք տո­կա­լու, միշտ հայ­րե­նի­քը եւ հա­րիւ­րա­մեա­կի ան­մո­ռու­կը մեր սրտին, «մին­չեւ բա­ցո­ւին ­Մա­սի­սի ճամ­բա­նե­րը կեն­սա­բեր, մին­չեւ եր­կու քոյ­րե­րը ­Սե­ւա­նայ ծով ¬ ­Վա­նայ ծով մեզ­նով ի­րար գիրկ ընկ­նեն եր­ջան­կու­թեան մեր լա­ցով» ինչ­պէս կը պատ­գա­մէ մեր ան­մահ ­Շի­րա­զը։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

Մ. Ա.

Լուսանկարներ գտնել սոյն հղումով:


Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. անկախութեան 25ամեակին պատգամը. Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբար պիտի նուաճեն հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ եւ միացեալ ապրելու դարաւոր երազը

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Կիրակի՝ 18 ­Սեպ­տեմ­բեր 2016ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, Ա­թէն­քի Ա­յոս ­Սոս­թիս թա­ղա­մա­սի «Ա­թի­նա­յի­քօ» թա­տե­րաս­րա­հը լե­ցո­ւած էր հայ բազ­մու­թեամբ։ Ա­թէն­քի տար­բեր շրջան­նե­րէն մե­ծա­թիւ հա­յեր, ա­ռանց տա­րի­քի եւ սե­ռի խտրու­թեան, հա­ւա­քուած էին՝ միաս­նա­բար տօ­նա­կա­տա­րե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեա­կը։

­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կազ­մա­կերպուած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ. ­Կո­մի­տէին կող­մէ։ Կ. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին ու ան­դամ­նե­րու կող­քին, պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու շար­քին էին յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ­Հո­գե­ւոր ­Հայ­րեր, հայ կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դը, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պանն ու հիւ­պա­տո­սու­հին, ­ Հ.Օ.Մ.ի Կ. ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, «­Հա­յաս­տան» ­Հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ յա­րա­կից խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ան­դամ­ներ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բի եւ պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­ներ եւ ­Հա­մազ­գայ­նա­կան­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեանց վար­չա­կան­ներ ու ան­դամ­ներ, հա­մա­կիր հոծ բազ­մու­թիւն։

­Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բին կող­մէ մեկ­նա­բա­նո­ւած (խմբա­վա­րու­թեամբ՝ Հ­րայր Ա­ւագ ­Քա­հա­նայ ­Նի­կո­լեա­նի) ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան օրհ­ներգ­նե­րու յոտն­կայս ունկնդ­րու­թեամբ։

­Հան­դի­սու­թեան բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց եւ օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ա­նու­նով, տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նա­խա­գահ ըն­կեր ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 25ա­մեա­կը միաս­նա­բար նշե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան խոր­հուր­դը վեր­ծա­նե­լով եւ հիմ­նա­ւո­րե­լով՝ օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջաց­ման գա­ղա­փա­րով ի­րա­րու հետ սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րումն ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը։

Այ­լեւ՝ պատ­մա­կան ներշնչ­ման ու հա­յոց դա­րա­ւոր ե­րա­զի ի­րա­կա­նաց­ման դի­տան­կիւ­նէն՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի 25ա­մեայ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը փա­ռա­ւոր ար­գա­սիքն են 28 ­Մա­յիս 1918ին ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թեան յաղ­թա­նա­կով թափ ա­ռած հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ եր­թին՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նին հաս­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեայ ընդ­հա­նուր, այ­լեւ ամ­փոփ հա­շո­ւեկ­շի­ռին վրայ՝ մեծ խո­րա­գիր­նե­րու տակ թո­ւե­լով թէ՛ ձեռք բե­րո­ւած նո­ւա­ճում­նե­րը, թէ՛ ար­ձա­նագ­րո­ւած վրէպ­ներն ու ընկր­կում­նե­րը ե՛ւ Ար­ցա­խի, ե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ե՛ւ ար­տա­քին-մի­ջազ­գա­յին ճա­կա­տի վրայ հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­րագր­ման, ե՛ւ ներ­քին-կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը ժո­ղովր­դա­վար ու ի­րա­ւա­կան ճամ­բով ար­դար կար­գե­րով, կա­յուն պե­տա­կա­նու­թեամբ ու հա­մե­րաշխ հա­սա­րա­կու­թեամբ օժ­տե­լու՝ զի­նե­լու ա­ռում­նե­րով։

Անդ­րա­դառ­նա­լով այս տա­րո­ւան Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ ­Յու­լի­սեան «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ու զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան փո­խան­ցած դա­սե­րուն, բա­նա­խօ­սը ա­հա­զանգ հնչե­ցուց բո­լոր այն չա­րիք­նե­րուն դէմ՝ չա­րա­շա­հում­ներ, կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն, բռնիշ­խա­նու­թիւն, մե­նաշ­նորհ­ներ եւ ա­պօ­րի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը սպառ­նան ան­կախ մեր հայ­րե­նի­քին ու ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ու­ժի եւ հզօ­րան­քի ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­նե­րուն՝ ա­զա­տու­թեան մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն եւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ի­րենց տունն ու եր­կի­րը շէ­նաց­նե­լու եւ ամ­րաց­նե­լու հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու անբռ­նա­բե­րե­լի ի­րա­ւուն­քին, պատ­ճառ դառ­նա­լով կամ հիմք տա­լով ար­տա­գաղ­թի ա­լի­քին ա­ղէ­տա­լի հա­մե­մա­տու­թեամբ սաստ­կա­ցու­մին։

Իր բաց­ման խօս­քը օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը եզ­րա­փա­կեց՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րը միա­ցեալ ու­ժե­րով նո­ւա­ճե­լու ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լու կո­չով, յա­նուն Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի դա­րա­ւոր ե­րա­զի ի­րա­կա­նա­ցու­մին։

Այ­նու­հե­տեւ՝ երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեց օ­րո­ւան խոր­հուր­դին պատ­շաճ եր­կու երգ՝ «­Ղա­րա­բաղ­ցին» եւ «Ե­րե­ւան-Է­րե­բու­նի»ն։
Ա­պա՝ հան­դի­սու­թեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պա­նը՝ պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, որ կուռ բա­նա­խօ­սու­թեամբ ար­ժե­ւո­րեց 25ա­մեայ ան­կա­խու­թեան ար­ժէքն ու դա­սե­րը հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար։

Ան շեշ­տեց, որ ե՛ւ Ար­ցա­խի, ե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ձեռ­բեր­ման ու ազ­գա­յին մեր պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ու հզօ­րաց­ման հա­մար, հայ ժո­ղո­վուր­դը իր գե­րա­գոյ­նը նո­ւի­րա­բե­րեց, տո­կաց եւ յաղ­թա­հա­րեց ա­մէն կար­գի դժուա­րու­թեանց եւ հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րուն վրայ գու­մա­րեց հա­յոց ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի մար­տու­նա­կու­թեան սքան­չե­լի, այ­լեւ սե­րունդ­ներ ո­գեշն­չող է­ջեր։

Հ.Հ. դես­պա­նը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, թէ 25ա­մեայ ան­կա­խու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­պէս բա­ցա­յայտ դար­ձուց ա­րար-աշ­խար­հին, որ Ար­ցա­խը ա­զա­տագ­րո­ւած եւ ինք­նիշ­խան պե­տա­կա­նու­թեամբ օժ­տո­ւած եր­կիր է, որ բա­ցի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն՝ ո­րե­ւէ այլ երկ­րի կամ պե­տու­թեան մաս կազ­մե­լու տրա­մա­դիր չէ։ Ա­ւե­լի՛ն. ողջ հա­յու­թիւ­նը միա­կա­մօ­րէն կանգ­նած է Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ան­ձեռնմխե­լի ի­րա­ւուն­քին կող­քին՝ յա­նուն Լ.Ղ.Հ. պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան ու մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին։

Իր խօս­քի ա­ւար­տին պրն. դես­պա­նը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց, որ ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք շա­րու­նա­կեն ի­րենց միա­ցեալ եւ հա­մադ­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ոչ միայն ար­տա­քին ճա­կա­տէն ե­կող սպառ­նա­լիք­ներն ու վտանգ­նե­րը, այ­լեւ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ներք­նա­պէս տկա­րաց­նող չա­րիք­ներն ու լա­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ հան­դի­սու­թեան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ընկեր ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան, որ սպա­ռիչ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց ար­տա­քին-քա­ղա­քա­կան թէ ներ­քին կա­ռա­վար­ման-ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծրագ­րա­յին մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մա­սին։

­Բա­նա­խօս ըն­կե­րը նախ շեշ­տեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեայ ան­կա­խու­թիւ­նը պէտք է դի­տել եւ ար­ժե­ւո­րել 1918ի ­Մա­յի­սեան փա­ռա­հեղ յաղ­թա­նակ­նե­րով թափ ա­ռած հա­յոց ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան եւ հայ­րե­նի հո­ղե­րու վե­րա­միաց­ման շուրջ հա­րիւ­րա­մեայ պայ­քա­րի պրիս­մա­կէն։ Այդ ծի­րէն ներս ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մը ի­րա­ւա­կան յար­մա­րա­գոյն լու­ծումն ու մար­տա­վա­րա­կան յա­ջող քայլն էր Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­կալ լու­ծէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ա­զա­տագ­րե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին յար­մար պա­հուն՝ մայր ­Հա­յաս­տա­նին հետ վե­րա­միաց­նե­լու հա­մար։

­Հե­տե­ւա­բար, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ըն­կա­լու­մով, Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին ձայ­նին ա­կան­ջա­լուր պէտք է մնան Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ պէտք է յար­գեն ­Ղա­րա­բա­ղեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իբ­րեւ վճռո­րոշ կող­մի լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւուն­քը՝ հա­մա­պա­տաս­խան պա­հան­ջի առ­ջեւ դնե­լով մի­ջազ­գա­յին բա­նագ­նաց­նե­րը, նաեւ՝ երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րե­լով Լ.Ղ.Հ.ի հետ։

Հ.Յ.Դ. ռազ­մա­վա­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նող ու­ժե­րը ի­րենց կար­գին պար­տա­ւոր են ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին՝ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան-հա­սա­րա­կա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րուն հա­մա­հունչ յա­ռա­ջա­նա­լու։ Այդ ի­մաս­տով՝ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ան­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ եւ ակնկա­լե­լի քայլ է՝ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ներ­քին կռո­ւան­նե­րու ամ­րապնդ­ման ա­ռու­մով։

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 25ա­մեայ ան­կա­խու­թեան եւ կտրած ու­ղիին՝ Հ.Յ.Դ. ծրագ­րա­յին եւ ռազ­մա­վա­րա­կան գնա­հա­տում­ներն ու դիր­քո­րո­շում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ բա­նա­խօս ըն­կե­րը յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման եւ հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը յա­ռաջ մղե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան վար­քագի­ծին վրայ։

Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մի հան­րա­քո­ւէէն մին­չեւ Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման յա­ջոր­դա­կան եր­կու հան­րա­քո­ւէ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ան­շե­ղօ­րէն պաշտ­պա­նեց նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը խորհր­դա­րա­նա­կա­նով փո­խա­րի­նե­լու ծրագ­րա­յին ա­ռա­ջադ­րան­քը եւ փաս­տօ­րէն կրցաւ մղել հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը, որ­պէս­զի հա­մա­պա­տաս­խան բա­րե­փո­խում­նե­րով հաս­նինք այ­սօ­րո­ւան բաղ­ձա­լի ար­դիւն­քին։

Նոյն­պէս, երկ-քա­ղա­քա­ցիու­թեան հար­ցով, Հ.Յ.Դ. հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քար մղեց, որ­պէս­զի նախ Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն հա­նո­ւի երկ-քա­ղա­քա­ցիու­թեան ար­գել­քը, ա­պա՝ յա­տուկ օ­րէն­քով հաս­տա­տո­ւի եւ կա­նո­նա­կար­գո­ւի ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի հայ մար­դոց հա­յաս­տա­նեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե­լու սկզբուն­քը։

­Հա­յաս­տա­նի 25ա­մեայ ան­կա­խու­թեան շրջա­նին յատ­կա­պէս բուռն ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րը ընդ­դէմ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տո­ւած կա­ռա­վար­ման փտած հա­մա­կար­գին, ա­նոր հո­վա­նա­ւո­րած չա­րա­շա­հում­նե­րուն, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու ըն­չա­քաղ­ցու­թեան ու բռնիշ­խա­նու­թեան։ Այս ճա­կա­տին վրայ ալ ներ­կա­յիս կը մղո­ւի, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ, վճռա­կան պայ­քա­րը ի խնդիր ար­մա­տա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան ու ըն­կե­րա­յին ար­դար կար­գե­րու հաս­տատ­ման։

­Բիւ­րո­յի ըն­կեր բա­նա­խօ­սը յա­տուկ բա­ժին մը յատ­կա­ցուց նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան, հզօ­րաց­ման եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման ի խնդիր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մղած գա­ղա­փա­րա­կան ան­դուլ պայ­քա­րին՝ մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րու Հ.Յ.Դ. բարձ­րա­գոյն ժո­ղով­նե­րէն եւ ա­նոնց բա­նա­ձեւ­նե­րէն յի­շե­ցում­ներ կա­տա­րե­լով։ Ան ընդգ­ծեց, որ այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն իսկ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ի­րար­մէ բաժ­նած է ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւնն ու քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը (կա­ռա­վար­ման վար­չա­ձե­ւը)՝ ա­ռա­ջի­նը մնա­յուն ար­ժէք, իսկ երկ­րոր­դը ան­ցո­ղիկ ե­րե­ւոյթ նկա­տե­լով։

Ա­ւե­լի՛ն. Հ.Յ.Դ. նոյ­նիսկ խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րուն միայն գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րով բա­ւա­րա­րո­ւած է խորհր­դա­յին կար­գե­րը մեր­ժե­լու եւ ա­նոնց դէմ ան­հաշտ հա­կադ­րու­թեան մէջ գտնո­ւե­լու իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։
Առ այդ, անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին քա­ռորդ դա­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ բռնի իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն կա­տա­րե­լու փոր­ձե­րուն եւ կո­չե­րուն, բա­նա­խօ­սը դի­տել տո­ւաւ, որ Հ.Յ.Դ. սկզբուն­քայ­նօ­րէն դէմ ե­ղաւ եւ կը շա­րու­նա­կէ դէմ կանգ­նիլ զէն­քի ու­ժով ներ­քին հա­շո­ւե­յար­դար­ներ կա­տա­րե­լու քայ­լե­րուն, ո­րոնք որ ալ ըլ­լան ա­նոնց հե­ղի­նակ­նե­րը։

Ա­ւար­տե­լով իր բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը՝ ըն­կեր ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց 25ա­մեա­կը նկա­տեց հա­ւա­քա­կան եւ հա­մազ­գա­յին ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ՝ ի խնդիր Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ստեղծ­ման մեր պայ­քա­րի յաղ­թար­շա­ւի ու­ժե­ղա­ցու­մին, ա­ռա­ջին մօ­տա­կայ թի­րախ ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խի վե­րա­դար­ձը մայր ­Հա­յաս­տա­նի գիր­կին։

­Հան­դի­սու­թեան բա­նա­խօ­սա­կան բաժ­նի ա­ւար­տին, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նով փա­կե­լով՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բը (պա­րու­սոյց՝ ըն­կեր Էտ­կար Ե­ղեան, օգ­նա­կան՝ ընկ. ­Ֆէյ ­Փի­լա­ֆեան) ներ­կա­յա­ցուց ե­րեք պա­րեր.- «­Դա­ւիթ ­Բէկ», «­Քեր­ծի», «­Մենք ենք, ­Մեր սա­րե­րը»։