Կլենտէյլի Հայ Դատը Թեկնածուներու Հետ Հանդիպումներու Կը Նախաձեռնէ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 24ին ու 26ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, հանդիպումներ պիտի ունենայ Կլենտէյլի քաղաքապետական արտակարգ ընտրութեանց մասնակցելու նպատակով նախնական դիմումներ ներկայացուցած թեկնածուներուն կամ թեկնածութեան հաւանականութիւնը քննողներուն հետ:

ANCAGlendaleՀանդիպումները տեղի պիտի ունենան «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 West Chestnut Street in Glendale, Suite 302):

Կլենտէյլի քաղաքապետական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին: Անոնք, որոնք կը փափաքին ապահովել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին քաղաքական նեցուկը, կրնան դիմել talar@ancaglendale.org հասցէին, հանդիպումներ ունենալու համար Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներուն հետ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-3444 թիւին կամ այցելել www.ancaglendale.org կայքը: