Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիոյ կազմակերպութեամբ՝ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան նուիրուած երկօրեայ խորհրդաժողով

Պելճիքայի Թագաւորական ակադեմիոյ հովանաւորութիւնը վայելող երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի կ’ունենայ Պրիւքսելի մէջ, 20-21 Փետրուար 2014ին, նուիրուած Սեւծովեան տարածաշրջանի մէջ բնակող յոյն ազգաբնակչութեան ցեղասպանութեան նիւթին:

Խորհրդաժողովի բացումը տեղի կ’ունենայ այսօր, Պելճիքայի ակադեմիոյ նախագահ Պուտէն Տեշարնոյի խօսքով: Դասախօսութիւններով ելոյթներ կÿունենան Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս («Յոյներու ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ընկերութիւնը» նիւթով), Պերլինի համալսարանի դասախօս տոքթ. Թեսա Հոֆման, Մոնփէլիէի համալսարանի դասախօս Իվ Թերնոն, Հարվարտ համալսարանի դասախօս Ճենիֆըր Ռայլի Քելոկ եւ այլ դասախօսներ:
Նիւթերը կ’ընդգրկեն հետազօտական, պատմական ներկայացումներ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած յոյներու ցեղասպանութեան մասին: Կազմակերպիչները կարեւոր կը նկատեն նաեւ քննարկումները՝ իրադարձութիւններու ճանաչման գործընթացի վերաբերեալ:
Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխոյժ աշխատանք կը ծաւալեն՝ պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ: Հակառակ հարցի արծարծման կարճ ժամանակին, այս ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին մեծ ոստումներով կը յառաջանայ Յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, յատկապէս ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր յունական մեծաթիւ համայնքներ գոյութիւն ունին:
Յունաստանի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս համագործակցութիւններ հաստատել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ, ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ:

ԱԶԱՏ ՕՐ