Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Դասընթացք Մը

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին` «Էյ.Եու.Պի.»-ի մէջ, գործակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հաստատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացք մը:

Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկուցումի մը, Լիբանանի մէջ մեծագոյն եւ Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող նշեալ համալսարանին քաղաքական գիտութեանց (Political Studies & Public Administration) բաժանմունքին մէջ ներառուած դասընթացքին պատասխանատուն է բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանը:

«Հայ-թրքական հակամարտութիւնը» խորագիրով դասանիւթը Հայոց ցեղասպանութեան կողքին պիտի անդրադառնայ նաեւ այլ ցեղասպանութիւններու:

Դասաւանդումը ընթացք պիտի առնէ 2016-ի աշնան, եւ արդէն արձանագրուած ուսանողներուն թիւը ամբողջացած է: