Նամակ Լիբանանի Մէջ Չիլիի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Չիլիի դեսպան Խոզէ Միկել Մենչաքային` իր գնահատանքը արտայայտելով Չիլիի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, որ կը դատապարտէ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինեալ յարձակումը»:

Մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, թէ միաձայնութեամբ որդեգրուած այդ բանաձեւը աշխարհի տարածքին իր տեսակին մէջ առաջինն է, որ յստակօրէն կը մատնանշէ յանցագործը, ինչպէս նաեւ Արցախի վերաբերեալ իւրաքանչիւր ակնարկին ընթացքին կ՛օգտագործէ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» բառակապակցութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակին մէջ յոյս յայտնեց, որ Չիլին, իբրեւ մարդկային իրաւանց եւ ազատութեան, ճշմարտութեան ու արդարութեան արժէքներուն խորապէս հաւատացող եւ աջակցող երկիր մը, յառաջիկային նաեւ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Մարմինը դեսպան Մենչաքայէն խնդրեց իր գնահատանքն ու մաղթանքը փոխանցել Չիլիի կառավարութեան:

Նամակը ստանալէ ետք, դեսպանատունէն Լիբանանի Հայ դատի մարմինին յայտնեցին, որ նամակը շուտով պիտի փոխանցուի Չիլիի կառավարութեան: