Հա­յոց եւ ­Պոն­տա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց փա­ռա­շուք ո­գե­կո­չում Ա­թէն­քի մէջ

Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուրդ յար­գեց հայ եւ պոն­տա­ցի ժողովուրդ­նե­րու զո­հե­րու յի­շա­տա­կը

­(ԱԶԱՏ ՕՐ) Շա­բաթ՝ 22 ­Մա­յիս 2016ի ե­րե­կո­յեան, հա­կա­ռակ տե­ղա­տա­րափ անձ­րե­ւին, Ա­թէն­քի Աք­րո­բո­լի­սի ստո­րո­տը գտնո­ւող Ողիմպոսեան ­ Զէու­սի տպա­ւո­րիչ տա­ճա­րի շրջա­կայ­քին մէջ, հա­զա­րա­ւոր յոյ­ներ եւ հա­յեր միաս­նա­բար ո­գե­կո­չե­ցին ­Հա­յոց եւ ­Պոն­տա­կան ­Ցեղասպանուիւնները՝ ե­լոյ­թով մը, որ թէ՛ իր կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, թէ՛ յայ­տագ­րով տպա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը եւ լայն ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ լրատո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րէն։

Ե­լոյ­թի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ստանձ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ կը վա­յե­լէր ան­մի­ջա­կան հովա­նա­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­րար ­Փա­նոս ­Քա­մե­նո­սի։ Ա­միս­ներ ա­ռաջ սկսած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն իր գոր­ծօն մասնակցութիւ­նը բե­րաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը, որ յայ­տագ­րի կազ­մու­թեան հա­մար գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ նախարա­րու­թեան զի­նո­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան հետ։

­Բա­ցի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րէն, ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­րար­ներ եւ փոխ-նա­խա­րար­ներ, յու­նաց սպայա­կոյ­տի ե­րեք պե­տե­րը եւ հա­րիւ­րա­ւոր բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ, յունական հան­րա­յին կեան­քի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, պոն­տա­կան միու­թեանց ան­դամ­ներ եւ վար­չա­կան­ներ, լրագ­րող­ներ եւ հա­զա­րա­ւոր ժողովուրդ, որ ան­տե­սե­ցին օ­դի անն­պաստ վի­ճա­կը եւ ե­կան յար­գե­լու հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թիւնն ու զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։

­Հայ­կա­կան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան Հ.Հ. խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Է­տո­ւարտ ­Շար­մա­զա­նով, Հ.Հ. դես­պան ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեան, ­Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան, կրօ­նա­կան դա­սը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը, Հ.Կ. ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։
Ե­լոյ­թի սկիզ­բին, ­Յու­նաս­տա­նի զի­նո­ւած օ­դու­ժի նո­ւա­գա­խում­բը դի­մա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը՝ նո­ւա­գե­լով ծա­նօթ ո­գերգներ։ ­Յու­զիչ էր պա­հը բո­լո­րին հա­մար, երբ հնչե­ցին «Ե­րե­ւան-Է­րե­բու­նի» եւ «­Կի­լի­կիա» եր­գե­րը։

Ե­լոյ­թի հան­դի­սա­վա­րը հե­ռա­տե­սի­լի ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն Ա­լեք­սիս ­Գոս­թա­լասն էր, ո­րուն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը յա­տուկ փայլ տո­ւին հանդի­սու­թեան պա­րու­նա­կու­թեան։
­Խօսք ա­ռաւ նա­խա­րար ­Փա­նոս ­Քա­մե­նոս, որ բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ու­ղիղ կեր­պով դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Հա­յոց եւ ­Պոն­տա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ մին­չեւ այ­սօր ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ ու­րա­նալ իր ան­ցեա­լը՝ խոչընդո­տե­լով նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը ու մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լով ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­տե­րազ­մին մէջ։

­Խօսք ա­ռաւ նաեւ ­Հա­րա­ւա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Պոն­տա­կան ­Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, որ իր կար­գին դա­տա­պար­տեց երկու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կրած տա­ռա­պան­քը։ ­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Էքիզեան, որ ող­ջու­նե­լով ե­լոյ­թը՝ յայտ­նեց, թէ ­Թուր­քիոյ ոճ­րա­գործ ան­ցեա­լը ա­ռիթ տո­ւաւ իր ցե­ղա­կից Ատր­պէյ­ճա­նին ան­գամ մը եւս յարձակե­լու Ար­ցա­խի վրայ, ջար­դե­լով գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­ներ եւ ան­մեղ պա­տա­նի­ներ։ ­Հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի հսկա­յա­ծա­ւալ յար­ձակ­ման, հայկա­կան ու­ժե­րը դի­մադ­րե­ցին եւ ետ շպրտե­ցին թշնա­մին։ Ան յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցեղասպա­նու­թեան ճա­նաչ­ման օ­րէն­քը 1996ին, ինչ­պէս նաեւ ­Ցե­ղասս­պա­նու­թեանց ժխտման քրէա­կա­նաց­ման օ­րէն­քի կի­րար­կու­մը վեր­ջին տարի­նե­րու ըն­թաց­քին։

Յա­ջոր­դա­բար, ձե­ռամբ նա­խա­րա­րի եւ սպա­յա­կոյ­տի պե­տե­րուն՝ ե­ղան պար­գե­ւատ­րում­ներ պոն­տա­ցի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք նշանակալից ներդ­րում ու­նե­ցած են ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին եւ հա­սա­րա­րա­կան կեան­քին մէջ։ ­Պար­գե­ւատրուե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Է­տուարտ ­Շար­մա­զա­նով, որ խօսք առ­նե­լով դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի վրայ։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը եւս պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յու­շա­տախ­տա­կով մը, որ յաձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ներկայացու­ցի­չին։

­Յա­ջոր­դեց տպա­ւո­րիչ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը՝ հայ­կա­կան եւ պոն­տա­կան ազ­գագ­րա­կան ու ժո­ղովր­դա­յին հա­րուստ եր­գա­ցան­կով եւ պա­րե­րով։ Ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ա­ւե­լի քան 100 հայ պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «Նանօր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րով տպա­ւո­րե­ցին ներ­կա­նե­րը եւ խլե­ցին ջերմ ծափա­հա­րու­թիւն­ներ։

­Յու­նա­հայ սի­րո­ւած եր­գիչ եւ տա­ղան­դա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Հայկ Եա­զը­ճեան եւ իր նո­ւա­գա­խում­բը հայ­կա­կան եր­գե­րով հմա­յե­ցին հասարակութիւ­նը, հա­յաշ­խար­հի ա­նուշ մե­ղե­դի­նե­րը հնչեց­նե­լով օ­րո­ւան ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին։ Տ­պա­ւո­րիչ էր հայ­կա­կան նո­ւա­գա­խում­բի եւ ­Համազգա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու միաս­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը՝ հայ­կա­կան պա­րե­րու նո­ւագ­նե­րով եւ մեր տղոց իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ շարժուձեւերով։

­Յոյն ծա­նօթ դե­րա­սան­նե­րու աս­մունք­նե­րուն ներ­քոյ, լսո­ւե­ցան յու­նա­րէն թարգ­մա­նո­ւած հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, մինչ կեն­դա­նի պատկեր­նե­րով ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ պոն­տա­կան պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը կա­տա­րե­ցին ե­րաժշ­տա­խառն ներ­կա­յա­ցում­ներ։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին ­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի նո­ւա­գա­խում­բը ժո­ղովրդա­յին գոր­ծիք­նե­րով հնչե­ցուց «­Մեր ­Հայ­րե­նիք»ը, իսկ պոն­տա­կան երգ­չա­խում­բը՝ յունա­կան ո­գեր­գը։ ­Յու­զու­մի այդ պա­հե­րով ամ­բող­ջա­ցաւ ­Հայ եւ ­Պոն­տա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց փա­ռա­շուք բա­ցա­ռիկ ո­գե­կո­չու­մը։

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը մօ­տե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ իր գնա­հա­տան­քի խօս­քը ուղ­ղեց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան եւ ե­լոյ­թի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։ Ե­լոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ սփռո­ւե­ցաւ հա­մա­ցան­ցի հե­ռա­տե­սի­լա­յին կա­յան­նե­րէն ու պե­տա­կան կա­յա­նէն, ինչ­պէս նաեւ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ մամ­լոյ մէջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ