Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Քեպէգի կրթութեան նախարար Սեպասթիէն Փրուի հետ

Մայիս 9-ին, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Քեպէգ նահանգի Կրթական նախարար Սեպասթիէն Փրուի հետ, որուն հետ քննարկեց Քեպէգի վարժարաններուն մէջ 20-րդ դարու ցեղասպանութեանց պատմութիւնը պարտադիր դասաւանդման նիւթի վերածելու հարցը։ Յանձնախումբը միաժամանակ նախարարին ուշադրութեան յանձնեց Գանատա ներգաղթած սուրիահայ այն աշակերտներուն պարագան, որոնք կը յաճախեն Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան։ Նախարարը խոստացաւ մօտէն հետեւիլ յանձնախումբին ներկայացուցած հարցերուն։

Նշենք, որ Քեպէգ նահանգի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Տէյվիտ Պիրնպամ Ազգային Ժողովի Փետրուարի առաջին նիստին խնդրագիր մը ներկայացուց, որուն մէջ կը շեշտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, հրեաներու Ողջակիզումը, եւ ռուանտացիներու ցեղասպանութիւնը Քեպէգի կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկելու անհրաժեշտութիւնը։

Խնդրագիրի նախաձեռնողն է «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»ը (The Foundation for the Compulsory Study of Genocide in Schools), որ կը պահանջէ, որ ցեղասպանութեան նիւթը Քեպեքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ դարձնել պարտադիր։ Այդ նիւթը ներկայիս ձգուած է ուսուցիչներու անհատական հայեցողութեան։ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը այս ծիրէն ներս լայնածաւալ աշխատանք տարած է։