Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Բացում Սէնթ Գաթրինզ, Գանատայի Մէջ

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ, Մայիս 2, 2016) Գանատայի Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Լաւալ, Գէմպրիճ եւ Վանգուվըր քաղաքներէն ետք, Սէնթ Գաթրինզի հայութիւնն ալ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր յուշարձանը։

Շաբաթ, 30 Ապրիլ 2016-ին Սէնթ Գաթրինզի հայ համայնքը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը։

Նիակարայի եւ այլ շրջաններէ եկած հայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ հաւաքուեցան 156 Մարթինտէյլ Ռոտ գտնուող Հայ կեդրոն մասնակցելու համար Սէյնթ Գաթրինզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի պաշտօնական բացումին։ 11 ոտք բարձրութեամբ եւ 7 ոտք լայնքով յուշակոթողը զետեղուած է Հայ համայնքի կեդրոնին մուտքին, առ ի յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն։

Սէյնթ Գաթրինզի Հայ դատի յանձնախումբի քարտուղար եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամ Սեւակ Պելեան յայտնեց. «Սէնթ Գաթրինզի պատմական հայ համայնքին մէջ այս յուշակոթողի բացումը առաջին հերթին պիտի ծառայէ ցոյց տալու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը մեր անցեալին եւ արդարութեան պահանջին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ սերունդներուն սորվեցնելու, որ անցեալին ինչ պատահեցաւ եւ այսօր ինչպէս պէտք է մենք, իբրեւ մեր ինքնութեան ու պատմութեան պահապանները միասնական կեցուածք որդեգրենք»։

Ներկաներուն շարքին էր Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, Թորոնթոյի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Մարք Թրույէ, հոգեւորականներ, ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, կառավարութեան երեք թեւերու ընտրեալ պաշտօնատարներ եւ Սէնթ Գաթրինզի քաղաքապետը, որոնք բացումը կատարեցին յուշակոթողին։ Յուշակոթողին առջեւ զետեղուեցաւ խաչքար մը՝ խորհրդանշելով հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան հետ հոգեւոր կապը։ Խաչքարը օրհնուեցաւ Սուրեն արք. Գաթարոյեանի եւ Աբգար եպս. Յովակիմեանի կողմէ։

Հակառակ մէկ դար անցնելուն՝ Նիակարայի հայ համայնքը այս յուշակոթողը կը կանգնեցնէ իբրեւ նշան յարատեւութեան եւ յանուն մարդկութեան ու արդարութեան զոհուածներուն յիշատակին կառչածութեան։

Սէյնթ Գաթրինզի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Գաւազանճեան յայտնեց. «Մեր նախահայրերուն դիմագրաւած պայքարը այսօր մեզի նոյնքան նշանակալից է, որքան հարիւրմէկ տարի առաջ։ Ուստի կոչ կ՝ուղղենք համայնքի իւրաքանչիւր անդամին իր անվերապահ յանձնառութիւնն ու աջակցութիւնը տրամադրել նահատակներուն յիշատակին տէր կանգնելու եւ մեր յարատեւութեան համար տարուող հաւաքական ջանքերուն»։