حوار اليوم مع فيرا يعقوبيان – المديرة التنفيذية للهيئة الوطنية الأرمنية في الشرق الأوسط

حوار اليوم مع فيرا يعقوبيان – المديرة التنفيذية للهيئة الوطنية الأرمنية في الشرق الأوسط

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍ ՊԱՅՔԱՐԸ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՐԴԱՐ ԿՌԻՒ Է»
ՇԵՇՏԵՑ ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գիծին վրայ արձանագրուած վերջին հակամարտութիւններուն յաջորդած զինադուլին լոյսին տակ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյցի մը հրաւիրեց Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը, որ բացատրեց դէպքին եղելութիւնը, Ազրպէյճանի կողմէ գործուած վերջին յարձակումները՝ պատմական ակնարկ մը կատարելով Արցախի մասին։

«1994-ի զինադուլէն ի վեր Ազրպէյճան մնայուն կերպով եղած է նախայարձակ եւ բազմիցս խախտած է զինադուլը, սակայն վերջին յարձակումը եղած է լայնածաւալ եւ ամէնէն վտանգաւորը՝ յատկապէս նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութիւնը Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան», ըսաւ Վ. Եագուպեան։

Ան աւելցուց, որ իր կատարած իւրաքանչիւր անխոհեմ քայլին դիմաց Ազրպէյճան հայկական կողմէ ստացած է զօրաւոր հակահարուած՝ կորնսցնելով յաւելեալ տարածք։

Վ. Եագուպեան ներկայացուց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, որոնց պատճառով բռնկած էր ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծը։

Հարցազրոյցի աւարտին Վ. Եագուպեան եզրափակեց, որ անկարելի է վերադառնալ 1988-էն առաջ տիրող կարգավիճակին, հաստատելով, որ ասիկա Լեռնային Ղարաբաղի իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին համար արդար պայքար է, հողային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնորոշման պայքար է։