Տոքթ. Եաննոս Խարալամպիտիսի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին հեղինակած՝ «The Rage of War» գիրքի ներկայացում

Ուրբաթ երեկոյեան, Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող-վերլուծաբան՝ Նիկոսիոյ Ledra College-ի հիմնադիր Տոքթ. Եաննոս Խարալամպիտիսի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին հեղինակած՝ «The Rage of War» գիրքի ներկայացումը։

Յոյն-կիպրացի երեսփոխաններէ եւ քաղաքաքէտներէ, ինչպէս նաեւ՝ կիպրահայ համայնքի ղեկավարութեան եւ անդամներէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը ողողած էր սրահը, ունկընդրելու Նիկոսիոյ Համալսարանի Իրաւաբանութեան Բաժանմունքի ղեկավար Ախիլլէաս Էմիլիանիտիսի կողմէ կատարուած՝ գիրքի ներկայացումը։

Ներկաներուն իրենց ուղղերձը փոխանցեցին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Այնէճեան, ինչպէս նաեւ՝ կիպրացի եւրոերեսփոխան եւ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի բարեկամ Տոքթ Էլէնի Թէօխարուս, որոնք առանց բացառութեան, Խարալամպիտիսի գովքը հիւսեցին, իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորապէս՝ Արցախի դատին անվերապահ պաշտպանը։

Եաննոս Խարալամպիտիս
Եաննոս Խարալամպիտիս

Ձեռնարկի աւարտին, ելոյթ ունեցաւ Եաննոս Խարալամպիտիս, որ լայն բացատրութիւններ տուաւ «The Rage of War» գիրքը հրատարակելու իր որոշումի մասին, բացատրելով նաեւ Արցախեան հիմնահարցի իրաւացի եւ արդար ըլլալու նկատմամբ՝ իր համոզումի պատճառները, պնդելով որ ան հիմնուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնավարութեան իրաւունքին վրայ եւ յստակացնելով թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի բացակայութիւնը որեւէ ձեւով չի կրնար բաղդատուիլ հիւսիսային Կիպրոսի այսպէս-կոչուած պետութեան միջազգային ճանաչումի բացակայութեան հետ։

Յաւելեալ նկարներ:
https://www.facebook.com/media/set/?set=a.503044903201126.1073741847.377191855786432&type=3