Պարգեւատրում՝ ՀՀ դեսպանատունէն ներս

Պելճիքայի ՀՀ դեսպանատունէն ներս, յունուար 28-ին դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ՀՀ Սփիւռքի նախարարին կողմէ պատուոյ գիրեր յանձնեց Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնք մեծ դեր ունեցան Պելճիքայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն մէջ եւ ճանաչման միջազգային գործընթացին օժանդակելու համար:

Պատուոյ գիր ստացան Շահնուր Մինասեան (Ամվերսի «Նուարդ» միութիւն), Էրիք Ենոքեան (Մեխելենի «Անի» միութիւն), Նիքոլաս Դաւիթեան (ՀԲԸՄ Եւրոպա) Պետրոս Պետրոսեան (Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբ), Պետօ Տէմիրճեան (Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ):
Պատուոյ գիրեր ստացան նաեւ Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ Անտրէ Կիւմիւշճեան եւ Միշել Մամուրեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի մեծ բարեկամ՝ փրոֆեսոր Պերնար Քուլի:

Լուսանկար – Ձախէն՝ Պետրոս Պետրոսեան, Պետօ Տէմիրճեան, Թաթուլ Մարգարեան, Էրիք Ենոքեան, Շահնուր Մինասեան