Գանատայի ներգաղթի նախարարը այցելեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

(ՀՈՐԻԶՈՆ) Յունուար 5֊ին, Գանատայի ներգաղթի նախարար Ճոն Մքալըմ այցելեց Թորոնթոյի հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի բերած ներդումը Գանատա ներգաղթող սուրիացի քաղաքացիներու օժանդակութեան գծով։ Այս ծիրէն ներս նախարար Մքալըմ խոստացաւ նաեւ ներգաղթի նախարարութեան անմիջական զօրակցութիւնը Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ներգաղթողներու օժանդակութեան աշխատանքներուն։