Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ Գանատայի ընտրութիւններու թեկնածու Ռոլանտ Տիքի հաւաքին

Հոկտեմբեր 4-ին, Լաւալի Embassy Plaza սրահին մէջ կայացած ընդունելութեան մը ընթացքին, Laval- les Îles ընտրատարածքի հարիւրաւոր քաղաքացիներ, կազմակերպութիւններ եւ քաղաքական գործիչներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Գանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու Ռոլանտ Տիքին։ Հաւաքին մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Գանատայի Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի, Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Գանատայի Ծերակոյտի խօսնակ Լէօ Հուսաքոս, որ յայտնեց, թէ Laval- les Îles-ի քաղաքացիներուն համար Ռոլանտ Տիքը վստահելի թեկնածու է։ Իր կարգին Ռոլանտ Տիք իր ուղերձին մէջ խոստացաւ ծառայել իր ընտրատարածքի քաղաքացիներուն։ Ռոլանտ Տիք իր խօսքին մէջ նաեւ հաստատեց, որ պիտի զօրակցի հայութեան արդար դատին։