$50,000 raised in Australian Appeal to Help Armenians in Syria

(ARMENIA ONLINE) SYDNEY: The Sydney Armenian community has responded magnificently to an “Appeal to Help Armenians in Syria”, donating $50,000 during a week of fundraising between 22nd June and 28th June, 2015.

The Australian chapters of the Armenian Revolutionary Federation, the Armenian Relief Society, Homenetmen, Hamazkaine, the Armenian National Committee, the Armenian Youth Federation and Armenia Media Inc., joined forces to organise a series of fundraising activities in response to news of severe financial hardship coming from their counterparts in Syria.

These activities were:

  1. Radiothon on Armenia Radio 99.3FM on Monday 22nd June;
  2. Door Knock Appeal throughout Sydney’s suburbs, powered by members of the ARS, AYF and Hamazkaine, every night between Monday and Thursday;
  3. Online Credit Card Appeal, organised by the ANC;
  4. Appeal to Businesses for Donations;
  5. Sydney Benefit Concert for Syrian-Armenians, which was held at Galstaun College’s Nalbandian Hall on Sunday, 28th June.

All fundraising activities leading up to the Benefit Concert had already raised $26,000, and the attendees at the Concert increased the amount to $40,000.

Considering the Benefit Concert had a turnout of just over 120 people, the result of raising an additional $14,000 was amazing and commendable.

The Benefit Concert featured five of the Armenian-Australian community’s top singers, who had donated their services to help their brothers and sisters in Syria. Karnig & Hovik, Styop Avedissian, Raffi Adourian, Vartan Gulumian and Hagop Gulumian entertained the audience with their repertoire of Armenian dance and patriotic songs. The audience was on their feet with a Kochari tribute to Syrian-Armenians, when Karnig & Hovik raised the roof with the popular song, Ter Asdvadz.

The finale featured all singers on stage, singing “Hayer Miyatsek”.

Nora Sevagian was the MC of the Concert, and she delivered an emotional opening address in Armenian, which outlined the troubles being faced by the Armenians in Syria. She called on the community to unite and help a community that had given so much to the rest of the Armenian world.

Garineh Torossian delivered a deeply personal opening address in English, in which she thanked the community in Syria for some of the people who had influenced her Armenian upbringing here in Sydney, including her mother and many friends who had recently moved as refugees to Australian shores.

ARF Australia Chairman, Haig Kayserian delivered a message on behalf of the organisers.

He said: “Despite the physical and psychological turmoil they face, our brothers in sisters in Syria have not forgotten the importance of their Armenian origins. Our schools are still open, our churches are praying, our clubs are serving… these are some of the modern heroes of the Armenian world, and they deserve our moral and financial support.”

During his speech, the contributions of the volunteers fundraising over the week were acknowledged with applause, as were the donors who had given so generously.

Kayserian ended his speech with a meaningful quote by historic Armenian military commander, Andranik, which says: “Every night, when you place your head on your pillow and before you go to sleep, ask yourself what did you do today to help your race.”

Primate of the Armenian Apostolic Church, His Grace Bishop Haigazoun Najarian, closed proceedings with a message of praise for those who participated in this fundraising drive, and with a prayer for Syrian-Armenians.

Immediately following the Concert, which took the total amount raised to $40,000, Armenian-owned businesses were approached and generously contributed in order to bring the total to $50,000, which will aid the Armenians in Syria, particularly those in war-torn Aleppo.

Աւստրալիոյ մէջ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան նուիրուած հանգանակութեան շաբթուայ ընթացքին հաւաքուեցաւ 50,000 տոլար

(ARMENIA ONLINE) Սիտնի. Ընդառաջելով ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան հրապարակած կոչին Աւստրալահայ գաղութը յաջողութեամբ պսակեց Սուրիահայութեան Օժանդակութեան նուիրուած հանգանակութեան շաբաթը, որու ընթացքին հաւաքուեցաւ 50,000 Աւստրալիական տոլար:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբթուայ ընթացքին վերոյիշեալ կազմակերպութիւնները իրենց բոլոր մասնաճիւղերով արձագանգեցին Սուրիահայ իրենց ազգակիցներուն կոչին, որոնք ներկայիս կը գտնուին եւ՝ ապահովական եւ՝ նիւթական անբարենպաստ պայմաններու մէջ:

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան շաբթուայ ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալ միջոցառումները՝

ա- 22 Յունիս 2015ին <<Արմենիա Ձայն>> ռատիօժամի միջոցաւ (FM 99.3 MHz) տեղի ունեցաւ ռատիօթոն:
բ- 22-25 Յունիս 2015ին կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան տեղի ունեցաւ դուռէ-դուռ հանգանակութիւն, ուր ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները Համազգայինի եւ ՀՕՄի անդամներուն հետ միասնաբար ամէն գիշեր շրջեցան Սիտնիի արուարձաները պէտք եղած հանգանակութիւնը կատարելու:
գ- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին կազմակերպեց ելեկտրոնային հանգանակութիւն:
դ- Աւստրալահայ գործատէրերուն կոչ ուղուեցաւ իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարելու Սուրիահայ իրենց ազգակիցներուն:
ե- Կիրակի 28 Յունիս 2015ին, հանգանակութեան շաբաթը եզրափակելու համար տեղի ունեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած երգահանդէս, մասնակցութեամբ Աւստրալահայ գաղութի երգիչներուն:

Հանգանակութեան շաբթուայ միջոցառումներուն շնորհիւ հաւաքուած էր 26,000 Աւստրալիական տոլար: Եզրափակիչ երգահանդէսի ընթացքին այս գումարը հասաւ 40,000 Աւստրալիական տոլարի:

Յուսադրիչ երեւոյթ էր երգահանդէսի ընթացքին հաւաքուած 14,000 Աւստրալիական տոլարը նկատի ունենանալով ներկաներուն թիւը՝ որ հազիւ կը հաշուէր 120 հայորդիներ:

Սուրիահայութեան Օժադակութեան երգահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աւստրալահայ գաղութին ծանօթ ու սիրուած երգիչներ, որոնք կամաւոր ու սիրայօժար իրենց ժամերը տրամադրեցին փայլեցնելու համար ծրագրուած յայտագիրը: Իրենց հայրենասիրական եւ ազգային երգերով Ռաֆֆի Ատուրեան, Սթյոբ Աւետիսեան, Վարդան Կիւլիւմեան, Յակոբ Կիւլիւմեան, Գառնիկ Պետրոսեան եւ Յովիկ Մարգարեան խանդավառեցին ու յուզեցին ներկաները: <<Հզօր Հայաստան>> ի երգեցողութեան ընթացքին ներկաները շուրջպար բռնեցին խորհրդանշելով հայ ժողովուրդի միասնակամ ոգիին եւ դժուարութեան ու աղէտի պահուն զիրար թեւ ու թիկունք կանգնելու պատրաստակամութիւնը:

Յայտագրի վերջին բաժինով մենակատար երգիչները միասնաբար կատարեցին <<Հայեր Միացէք>> երգը, հասցնելով ներկաներու խանդավառութիւնն ու ոգեւորութիւնը իրենց գագաթնակէտին:

Յայտագրի հանդիսավարն էր ընկերուհի Նորա Սեւակեան: Ան իր բացման խօսքին խօսքին մէջ իր իւրայատուկ ոճով ներկայացուց Սուրիահայութեան իրավիճակը եւ կոչ ուղեց Աւստրալահայ գաղութին միասնական ըլլալ ու տալ հոգիով ու սրտով օժանդակելու Սուրիահայ իրենց ազգակիգներուն, որոնք ժամանակին իրենք ալ իրենց օգնութեան ձեռքը չզլացան երկարել պատերազմէն ապաստանած Իրաքահայ ու Լիբանանահայ իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Բացման խօսքը անգլերէն լեզուով արտասանեց ընկերուհի Կարինէ Թորոսեան: Իր խօսքին մէջ նշեց թէ ան երախտապարտ է Սուրիահայ գաղութին ուր իր մայրը հասակ նետած է եւ թրծուած է նոյն այն ազգային ոգիով, որ այսօր իրեն փոխանցուածէ: Ան յիշեց նաեւ թէ երախտապարտ է Սուրիահայ գաղութին, որովհետեւ իր կեանքին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր Սուրիահայ ընկերները որոնք վերջերս գաղթած են Աւստրալիա:

Կազմակերպիչ մարմնի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան:

Ընկեր Գայսէրեան ըսաւ <<Հակառակ ֆիզիքական եւ հոգեբանական դժուարութիւններուն, որոնց ենթարկուած են մեր ազգակիցները, անոնք տակաւին կառչած մնան իրենց արմատներուն: Հայկական դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային կեդրոնները մինչեւ օրս աշխոյժօրէն կը գործեն Սուրիոյ մէջ: Հերոսութիւն է Սուրիահայ գաղութի տարած աշխատանքը եւ անոնք արժանի են մեր նիւթական եւ բարոյական լուրջ աջակցութեան>>:

Ընկեր Գայսէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք կամաւորաբար իրենց ժամերը տրամադրեցին եւ մասնակից դարձան Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբթուայ աշխատանքներուն: Ան երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց նուիրատուներուն իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան:

Ընկեր Գայսէրեան իր խօսքի աւարտին մէջբերեց Զօրաւար Անդրանիկի խօսքը <<Ամեն գիշեր գլուխդ բարձին դնելուց առաջ մի պահ մտածիր, թէ ի՞նչ ես արել քո ազգի համար>>, կրկին անգամ խրախուսելով ներկաները, որ իրենց ազգային պարտականութեանց հանդէպ շարունակեն մնալ գիտակից ու մասնակից:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեան փոխանցեց իր շնորհակալական խօսքերը կազմակերպիչ մարմնին եւ շեշտեց Սուրիահայ մեր ազգակիցներու օժանդակութեան այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը ապա Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով փակեց օրուայ երգահանդէսը:

Երգահանդէսի աւարտին հաւաքուած գումարը հասած էր 40,000 Աւստ. տոլարի, որմէ ետք Հայ գործատէրերը ընդառաջելով կազմակերպիչ մարմնի կոչին եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով գումարը բարձրացուցին 50,000 Աւստ. տոլարի: Յիշենք որ այս գումարը ամբողջովին պիտի յատկացուի Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն յատկապէս Հալէպահայութեան օժանդակութեան որոնք ներկայիս կը դիմագրաւեն կենցաղային եւ ապահովական ծանր ու լուրջ դժուարութիւններ: