Hellenic Parliament President Zoe Konstantopoulou receives EAFJD ANC-Greece Delegation‏

Brussels, 24 June, 2015: Zoe Konstantopoulou, President of the Hellenic Parliament, received a joint delegation of European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) and Armenian National Committee of Greece (ANC Greece), comprised by EAFJD President Kaspar Karampetian, ANC Greece Chairman Hagop Hovaguimian, and ARF – Dashnaktsutyun Greece representative, Kerop Ekizian. Giorgos Thalassis, Secretary General of the Hellenic Parliament, was present, as well.

The President of the Hellenic Parliament reaffirmed, that in October 2015 an exhibition will take place to commemorate the centennary of the Armenian Genocide, in the premises of the Parliament, and that she looks forward to having the Republic of Armenia National Assembly Speaker Galust Sahakyan, as well as Armenian and Greek high ranking officials. The Armenian delegation offered its readiness to assist in the realization of this exhibition.

The need to strengthen even more the good relations between Armenia and Greece were also discussed, and the formation of a Friendship Group between both, the Armenian and Greek Parliaments. The joint EAFJD ANC-Greece delegation offered its help in this matter, too.

Issues of the Greek Armenian community’s difficulties were also discussed, especially the financial hardship of the educational institutes. Zoe Konstantopoulou promised to assist the community to find solutions, for the Armenian schools to continue to operate.

The President of the Hellenic Parliament once again affirmed the undeniable fact of the Armenian Genocide perpetrated by Ottoman Turkey, and the readiness of the Greek Parliament to assist the Armenian people in their struggle for Justice.

An exchange of views took place in regard to the Greek financial crisis, as well as the reparations of Germany to Greece, in regard to the damages inflicted on Greece during World War II.

Zoe Konstantopoulou was in Yerevan, on 24 April, 2015, during the official commemoration events of the Armenian Genocide centennary. During her visit in Armenia, she also met with ARF – Dashnaktsutyun Buro representatives.

Photo: (L-R) Hagop Hovaguimian, Kerop Ekizian, Kaspar Karampetian, Zoe Konstantopoulou, Giorgos Thalassis (source: Azad Or Armenian Daily, Athens, Greece)

Հանդիպում՝ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին, Եւրոպայի եւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ

Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան եւ ­Հայ ­Դա­տի առն­չո­ւող հան­դի­պում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 ­Յու­նիս 2015ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ­ Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լո­ւի հետ, հել­լէն խորհր­դա­րա­նէն ներս։

­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նար Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նէ, Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեա­նէ եւ Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեա­նէ։

­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­րա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եոր­ղոս ­Թա­լա­սիս։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լո­ւի ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի կեդ­րո­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս Ապ­րիլ 24ին ու, յատ­կա­պէս, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հետ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին ու­նե­ցած հան­դիպ­ման մա­սին։ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սին կազ­մա­կեր­պու­մը, որ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին՝ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ցու­ցաս­րա­հին մէջ։ ­Նա­խա­գահ ­Գոնս­տան­տո­բու­լու վե­րա­հաս­տա­տեց հել­լէն խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման ստանձ­նու­մը ու յայտ­նեց, թէ կ­՚ա­կըն­կա­լէ որ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ պի­տի ըլ­լան ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Պր. ­Գալուստ Սահակեան, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րա­գոյն կար­գի յոյն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ գործ­նա­կան կեր­պով սա­տա­րե­լու ցու­ցա­հան­դէ­սի յա­ջող ի­րա­գործ­ման, ո­րուն հա­մար նա­խա­գա­հը իր գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տեց։

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին խօ­սուե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կա­պե­րու ա­ռա­ւել սեր­տաց­ման ու ընդ­լայ­ման մա­սին եւ, այդ շրջա­գի­ծէն ներս, ար­ծար­ծո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Խում­բի կազ­մու­թեան հար­ցը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց, ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Խում­բի կազ­մու­թեան հա­մար, իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել կարգ մը ե­րես­փո­խան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Այ­նու­հե­տեւ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ծան­րա­ցաւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն վրայ, ո­րոնց լուծ­ման հա­մար դի­մո­ւե­ցաւ նաեւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի օ­ժան­դա­կու­թեան։ Իր կար­գին, ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լու յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց յու­նա­հայ հա­մայն­քի կրթա­կան հար­ցե­րու բար­ւոք լուծ­ման հա­մար եւ խոս­տա­ցաւ իր կա­րե­լին ը­նել՝ սա­տար կանգ­նե­լու հա­մար մեր վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տեւ­ման աշ­խա­տան­քին։

­Նոյն­պէս կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի մա­սին։ ­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ներ­կա­յա­ցուց «­Յու­նաս­տա­նի պարտ­քի ի­րա­կան պատ­կեր» խո­րագ­րով խորհըր­դա­րա­նի յա­տուկ յանձ­նա­խում­բի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած գրա­ւոր զե­կու­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի վե­րա­բե­րեալ ­Յու­նաս­տա­նի կող­մէ ­Գեր­մա­նիա­յէն պա­հան­ջո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան հա­տու­ցում­նե­րու հար­ցը։

Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մօտ ­Յու­նաս­տա­նի կա­տա­րած ջան­քե­րուն, ո­րոնց ուր որ հնա­րա­ւոր է ա­ջակ­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցոյց տալով։

­Հան­դիպ­ման ա­ռի­թով ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­վե­րա­պահ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։