«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կարեւոր Կը Նկատէ Ցեղասպանութեան Դասաւանդումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը նահանջած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ընդդիմանալու իր դիրքորոշումէն եւ Երկուշաբթի, Փետրուար 3ին, թերթի «Խմբագրական-Կարծիքներ» բաժինին մէջ բացայայտօրէն գրուած է  Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին. այս մասին կը նշէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ վկայակոչելով թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր անդրադարձ կատարուած է շարք մը նահանգներու դպրոցական ծրագիրներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ներառելու ջանքերուն մասին:

«Այսօրուան խմբագրակազմը, թէեւ ակնյայտօրէն ու սխալմամբ ապակողմնորոշուած է ամերիկեան հասարակական դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուսուցման գործին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ազդու եւ շինիչ դերակատարութեան նկատմամբ, սակայն բացայայտօրէն կը հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կը շեշտէ 1915 թուականին սկսած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդման կարեւորութիւնը», նշուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի յայտարարութեան մէջ:
Յօդուածին մէջ ամերիկեան թերթը կարծիք կը յայտնէ, թէ միշտ չէ, որ ամերիկացի օրէնսդիրները պէտք է միջամտեն դպրոցական դասագիրքերու եւ կրթական ծրագիրներու պատրաստութեան գործընթացին: Կը տեղեկացուի նաեւ, որ Վըրճինիա նահանգի օրէնսդիրները այժմ աշխատանք կը տանին բանաձեւի մը վրայ, որ կ՛առաջարկէ ամերիկեան դասագիրքերուն մէջ փոխել Ճափոնական ծովուն անունը, որ քորէացիներու պնդումով՝ պէտք է «Արեւելեան ծով» ըլլայ: Սակայն, այս նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին, այս փոփոխութեան աջակցած Վըրճինիայի նահանգապետը դժուարին կացութեան մատնուած է, երբ բացայայտուած է, թէ ճափոնական ընկերութիւնները նահանգին տնտեսութեան մեծագոյն ներդրողներն են ու Ճափոնը համաձայն չէ այս փոփոխութեան:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը անցեալ շաբաթ միաձայնութեամբ վաւերացուց նահանգի վարժարաններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու կապակցութեամբ բանաձեւ մը: