ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔԸ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուր­իոյ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին, Հինգ­շաբ­թի, 26 Մարտ 2015-ին, Հա­լէ­պի Ա.Մ.Ժ.Տան «Անի» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Դա­տի Լսա­րա­նի հեր­թա­կան 9-րդ նիս­տը: Նիս­տի զե­կու­ցա­բեր­ներն էին Հա­լէ­պի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Ար­հի. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ` Սուր­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Զե­փիւռ Րէ­իս­եան եւ Ք.Ո.Մ.-ի ատե­նա­պետ Յա­րութ Էօր­տէկ­եան:

Նիս­տին առա­ջին զե­կոյ­ցը փո­խան­ցեց Հա­լէ­պի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Ար­հի. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, իր զե­կոյ­ցին մէջ հիմք ու­նե­նա­լով Վա­տի­կա­նի Ս. Աթո­ռը եւ Հայ­կա­կան Հար­ցը: Ան նշեց, թէ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը Կի­լիկ­իոյ մէջ Հայ Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղե­ցին ու­նէր 16 թեմ, 300 քա­հա­նայ, 120 կրօ­նա­ւոր, 154 մայ­րա­պետ, 145 դպ­րոց եւ 36 վանք: 1915 – 1920 թուա­կան­նե­րէն ետք, Պոլ­սոյ թե­մը միայն շա­րու­նա­կեց գոր­ծել:

Հի­նէն իվեր Վա­տի­կա­նի քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րը շատ մօտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ: 1895-էն սկս­եալ ար­դէն սր­բա­զան քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րը իրենց դրա­կան կեց­ուած­քը ու­նէ­ին հա­յե­րու նկատ­մամբ, ապա օգտը­ւե­լով իրենց հա­մաշ­խար­հա­յին դիր­քէն փոր­ձե­ցին պաշտ­պա­նել օսմանական Թուրք­իոյ մէջ գըտ­նուող հայ ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րը: 1915-ին, օր­ուան քա­հա­նա­յա­պետ Պե­նե­տիք­թոս 15-րդ, հա­յոց հան­դէպ կա­տար­ուած բռ­նի գաղթն ու հա­լա­ծանք­նե­րը մատ­նան­շող բազ­մա­թիւ նա­մակ­ներ գրած է սուլ­թա­նին ուղղ­ուած: Սոյն նա­մակ­նե­րը հրա­տա­րակ­ուած են Վա­տի­կա­նի պաշ­տօ­նա­թեր­թին, ինչ­պէս նա­եւ եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան թեր­թե­րու մէջ: Փրոֆ. Անտ­ր­էա Րի­քար­տի հա­ւա­քե­լով այդ շր­ջա­նին հրա­տա­րակ­ուած պաշ­տօ­նա­կան նա­մակ­նե­րը պատ­րաս­տած է իր դոկ­տո­րա­կան աւար­տա­ճա­ռը` «Պե­նե­տիք­թոս 15-րդը եւ Հայ­կա­կան Հար­ցը» խո­րագ­իրով:

Զե­կու­ցա­բե­րը նշեց, թէ Վա­տի­կա­նը ար­տօ­նած է հրա­պա­րա­կել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն դէ­պի Ս. Աթոռ ու­ղարկ­ուած բո­լոր արխիւա­յին նա­մակ­ներն ու տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, զորս կ՛ապա­ցու­ցեն հա­յոց ծանր իրա­վի­ճա­կը: Ուս­տի այս փաս­տա­թուղ­թե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն ու հրա­տա­րա­կու­թիւնը ստանձ­նած է յի­սուս­եան վար­դա­պետ­նե­րէն` պել­ճի­քա­ցի մաս­նա­գէտ Անտ­րէ Ճորճ Հան­րի Ռուի­սէն, որ մինչ օրս հրա­տա­րա­կած է իտա­լե­րէն չորս հա­տոր­:

Արհ­ի­ա­պա­տիւ Միր­ի­ա­թեան իր խօս­քի աւար­տին ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն Վա­տի­կա­նի Ս.Պետ­րոս Մայր տա­ճա­րին մէջ, այժ­մու սր­բա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակին առ­թիւ որո­շեց ան­ձամբ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել` ի յար­գանս հայ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: Սոյն պա­տա­րա­գին Ս.Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի պի­տի հըռ­չակ­ուի տի­ե­զե­րա­կան վար­դա­պետ:

Զե­կու­ցա­բե­րը կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­ինին նուի­րեց Լի­բա­նա­նի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րակ­ուած Նա­ճի Նու­մա­նի «Հա­րիւր տա­րի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի» արա­բե­րէն հա­տո­րը:

Նիս­տին երկ­րորդ զե­կու­ցա­բերն էր Զե­փիւռ Րէ­իս­եան, որ նկա­տել տուաւ, թէ Հա­մաշ­խար­հա­յին Առա­ջին Պա­տե­րազ­մը յար­մար առի­թը ստեղ­ծեց թր­քա­կան կա­ռա­վա­րութ­եան հայ­կա­կան բնաջնջ­ման ծրա­գի­րի իրա­գործ­ման համար: Հա­կա­ռակ բո­լոր ջան­քե­րուն, որոնք թուր­քե­րը ի գործ դրին քօ­ղար­կե­լու հա­մար հա­մա­տա­րած սպա­նու­թիւն­ներն ու ոճիր­նե­րը, արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րը` հա­սա­րա­կու­թիւնն ու ղե­կա­վա­րու­թիւնը, լրիւ իրա­զեկ դար­ձած էին եղե­լու­թե­ան: Դիւա­նա­գի­տա­կան պար­տա­ւո­րու­թեամբ, միսի­ո­նա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թեամբ, թէ անձ­նա­կան գոր­ծի բե­րու­մով հայ­կա­կան շըր­ջան գտ­նուող արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու տա­րա­ծած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյց­ներ թէ անձ­նա­կան յու­շագ­րու­թիւն­ներ վա­ւե­րա­կան հա­րուստ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն իրա­դար­ձու­թեանց մա­սին: Տա­կա­ւին 1915-ի առա­ջին ամիս­նե­րէն տա­րա­ծաշր­ջա­նով շա­հագրգռ­ուած եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ իրենց ելոյթ­նե­րուն մէջ սկ­սած էին մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նել պա­տա­հար­նե­րուն շուրջ:

Արեւմտ­եան շատ մը եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ, խորհր­դա­րան­ներ ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ հա­մա­պա­տաս­խան որո­շում­նե­րով դա­տա­պար­տե­ցին 1915-ին Օս­ման­եան կայս­րու­թեան կող­մէ հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան հան­դէպ իրա­գործ­ուած զանգ­ուա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րը, զայն հա­մա­րե­լով նա­խօ­րօք ծրագր­ուած եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն իրա­գործ­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:

Զե­կու­ցա­բե­րը նշեց, թէ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տը իր հետ բե­րաւ զանգ­ուա­ծա­յին բնաջնջ­ման խն­դի­րին գծով նա­խա­ձեռ­նու­թեան սուր կա­րիք, որով կոչ կ՛ուղ­ղէր ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած ազ­գի նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւնն ու զգա­ցու­մը: Մար­դու կեան­քի, ան­հատ­նե­րու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ հիմն­ուած բա­րո­յա­կան հա­մա­կար­գին` Մ.Ա.Կ.-ի շարք մը մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նա­գիր­նե­րու մէջ ամ­րագր­ուի­լը յոյս ներշն­չեց հայ ժո­ղո­վուր­դին իր դա­տին մի­ջազ­գայ­նաց­ման առըն­թեր:

Արեւ­մուտ­քի եր­կիր­նե­րուն կող­մէ մոռց­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կու­մը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար հա­յու­թիւնը աշ­խար­հով մէկ` Սփիւռ­քի տա­րած­քին նա­խա­ձեռ­նեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այս առ­թիւ յիս­նամ­եա­կը ան­կիւ­նա­դարձ մը եղաւ Հայ Դա­տի պայ­քա­րին մէջ: Ուս­տի կազ­մա­կերպ­ուած աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը դուրս եկաւ տաս­նամ­եակ­նե­րու լռու­թե­նէն եւ մի­ջազ­գա­յին հե­տա­զօ­տու­թեան առար­կայ դար­ձաւ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ հս­կա­յա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­ներ տար­ուած են սփիւռք­եան գա­ղութ­նե­րէն թէ հայ­րե­նի­քէն ներս: Այս աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ հետզ­հե­տէ մեծ­ցաւ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան շր­ջա­նակ­նե­րու եւ գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թիւնը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վերոնշեալ ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին նկատ­մամբ:

Սփիւռք­եան գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­կեր­պած ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու առա­ջին տաս­նամ­եա­կի դան­դաղ ըն­թաց­քէն ետք, 1980-ական թուա­կան­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ըն­թա­ցան եւ ար­ձա­նագր­ուե­ցան յի­շար­ժան նուա­ճում­ներ: Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քը թե­ւա­կո­խեց այլ հանգր­ուան մը: Հա­յոց պե­տու­թիւնը տէր կանգ­նե­ցաւ իր ար­դար դա­տին:

Ապա Զ. Րէ­իս­եան ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գով ներ­կա­յա­ցուց 1965-2015 յիս­նամ­եա­կի վրայ եր­կա­րած սե­րունդ­նե­րու յա­ջոր­դա­կան հըս­կա­յա­կան աշ­խա­տանք­ներն ու նուա­ճում­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու պե­տու­թեանց կող­մէ ճա­նաչ­ման փաս­տե­րը:

Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը ըսաւ. «Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը, ժա­մա­նա­կի հա­մա­հունչ քայ­լե­րու ճշ­դու­մը, խնդ­րոյ առար­կայ երկ­իրի կամ ատ­եա­նի ճա­նաչ­ման բնա­գի­րի բո­վան­դա­կու­թիւնը, իր օգ­տա­գոր­ծած բա­ռա­պա­շա­րը ու շարք մը այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հաշ­ուար­կու­մը Սփիւռ­քի թէ հայ­րե­նի­քի պե­տա­կա­նու­թեան վրայ կը դնեն լուրջ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ»:

Նիս­տին եր­րորդ զե­կու­ցա­բե­րը` Յա­րութ Էօր­տէկ­եան, իր զե­կոյ­ցին սկիզ­բը լու­սար­ձա­կի տակ առաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման մի­ջազ­գա­յին մե­քա­նիզ­մը:

Ան ըսաւ, որ թուրք իշ­խա­նու­թիւն­- նե­րուն կող­մէ իրա­կա­նաց­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ըստ էութ­եան պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ իրա­ւա­կան հարց է: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խն­դի­րը պատ­մա­կան եւ իրա­ւա­կան հար­թա­կէն դէ­պի քա­ղա­քա­կան հար­թակ փո­խադ­րո­ղները նոյ­նինքն յան­ցա­գործ իշ­խա­նու­թիւն­ներն էին, որոնք ան­տե­սե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր օտար մաս­նա­գէտ աշ­խա­տող­նե­րու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն, թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ օր­ուան յան­ցա­գործ պա­րագ­լուխ­նե­րը պր­ծե­ցան Մի­ջազ­գա­յին Դա­տա­կան ատ­եան­նե­րէ եւ գոր­ծըն­թաց­նե­րէ, որով­հե­տեւ 1920-ին Պել­ճի­քա­յի լի­ա­զօր դես­պա­նը Ազ­գե­րու Լի­կա­յին մէջ ներ­կա­յա­ցուց աշ­խա­տու­թիւն մը, ուր կը քըն­նար­կէր Մի­ջազ­գա­յին Քր­է­ա­կան Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ատ­եա­նի մը ստեղծ­ման մա­սին, սա­կայն սոյն առա­ջար­կը մերժ­ուե­ցաւ: Այ­նու­հե­տեւ, թր­քա­կան յան­ցա­գործ կող­մը դա­տա­վա­րու­թեան են­թարկ­ուե­ցաւ թուրք ռազ­մա­կան ատ­եա­նին կող­մէ: Երիտ­թուր­քե­րուն կող­մէն բե­մա­կա­նաց­ուած թր­քա­կան դա­տա­վա­րու­թեան մէջ ընդ­հան­րա­պէս բո­լոր մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներն ու վճիռ­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան են Մ.Ա.Կ.-ի 1948-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ անոր պա­տի­ժի սահ­մա­նու­մին մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նա­գի­րին:

Զե­կու­ցա­բե­րը սոյն դա­տա­վա­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րը սահ­մա­նեց հե­տեւ­եալ կէ­տե­րու մէջ.-

-Ամբաս­տան­եալ­նե­րը յան­ցա­ւոր չհա­մար­ուե­ցան հա­յե­րու հան­դէպ զանգ­ուա­ծա­յին կո­տո­րած­ներ կազ­մա­կեր­պել­նուն հա­մար:

-Հե­ռա­կայ դրու­թեամբ մահ­ուան վճի­ռով դա­տա­պարտ­ուե­ցան Թա­լ­է­ա­թը, Էն­վե­րը, Ճե­մա­լը եւ Նազ­մին, իսկ միւ­սե­րը` տար­բեր ժամ­կէ­տե­րով սպա­սար­կում­նե­րու են­թարկը­ւե­ցան: Սոյն վճի­ռը հու­նի մէջ մտաւ 1915-ին օս­ման­եան սուլ­թան Մե­հմետ 6-րդի վա­ւե­րա­ցու­մէն ետք:

Աւե­լի ուշ, 1922-ին քե­մա­լա­կան­նե­րը լու­ծե­ցին Երիտ­թուր­քե­րու կազ­մած Ազ­գա­յին Ռազ­մա­կան ատ­եա­նը եւ հա­մա­նե­րում շնոր­հե­ցին Երիտ­թուրք պա­րագ­լուխ­նե­րուն: Սա­կայն այդ դա­տավ­ճի­ռը իրա­կա­նա­ցաւ հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րուն կող­մէն: Իրա­ւա­կան գետ­նի վրայ հա­մա­նե­րու­մը չի հեր­քեր կա­տար­ուած ոճի­րը:

Հուսկ, Յա­րութ Էօր­տէկ­եան ներ­կա­յա­ցուց պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ոչ պե­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­կար­դա­կը:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան