«Սուր­իոյ դե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի հիւ­րըն­կալ­ման եւ պաշտ­պա­նութ­եան մէջ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած ներդ­րու­մը Սուր­իոյ բար­գա­ւաճ­ման ըն­թաց­քին»

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուր­իոյ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին, Հինգ­շաբ­թի 12 Մարտ 2015-ին, Հա­լէ­պի Ա.Մ.Ժ.Տան «Անի» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Դա­տի Լսա­րա­նի հեր­թա­կան 8-րդ նիս­տը: Նիս­տի զե­կու­ցա­բեր­ներն էին` դոկտ. Հու­րի Ազէզ­եանն ու դոկտ. Մու­համ­մետ Ճու­մ­աա Հա­մա­տէ: Զե­կոյ­ցի նիւթն էր «Սուր­իոյ դե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի հիւ­րըն­կալ­ման եւ պաշտ­պա­նութ­եան մէջ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած ներդ­րու­մը Սուր­իոյ բար­գա­ւաճ­ման ըն­թաց­քին»:

Բե­մա­վար Արա Մու­թաֆ­եան նիս­տին պա­տւոյ հիւ­րե­րը, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու ունկն­դիր ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­լէ ետք, բեմ հրա­ւի­րեց զե­կու­ցա­բեր­նե­րը:

Նիս­տին առա­ջին զե­կոյ­ցը փո­խան­ցեց դոկտ. Հու­րի Ազէզ­եան, որ իր խօս­քին սկիզ­բը յի­շա­տա­կեց Սուր­իոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը: Ապա նե­րա­ծա­կա­նին մէջ հա­մա­ռօտ կեր­պով յի­շեց, թէ հայ եւ արաբ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու սերտ յա­րա­բե­րու­թիւնը եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ կ՛եր­կա­րի` Մեծն Տիգ­րա­նի գա­հա­կա­լու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րէն, որուն իշ­խա­նու­թիւնը ըն­դար­ձակ տա­րա­ծու­թիւն ու­նե­ցած է: Ըստ պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու, Մեծն Տիգ­րա­նի բա­նա­կին մէջ կը գտն­ուէ­ին արա­բա­կան զօ­րա­գուն­դեր, որոնք մեծ ներդը­րում ու­նէ­ին հայ­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րու ընդ­լայ­նու­մի աշ­խա­տան­քին մէջ: Ան յի­շեց նա­եւ Ար­տա­ւազդ Բ.-ի բա­նա­կին մէջ գոր­ծող արա­բա­կան խում­բե­րը (Քա­թա­յեպ), ու նշեց, թէ առեւ­տուրն ալ իր ազ­դու դե­րը ու­նէր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման մէջ:

Զե­կու­ցա­բե­րը պատ­մա­կան ակ­նարկ մը ներ­կա­յա­ցուց նշե­լով թէ. «Եփ­րատն ու Տիգ­րիս գե­տե­րը աշ­խար­հագ­րա­կան իրենց դիր­քով եղան հիմ­նա­կան անց­քը Հա­յաս­տա­նի եւ Սուր­իոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման մէջ: Արա­բա­կան բազ­մա­պի­սի աղ­բիւր­ներ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը վկա­յեն այս եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան մա­սին: Սուր­ի­ան Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից էր հիւ­սիս-արե­ւել­եան կող­մէն, ինչ­պէս նա­եւ առեւտ­րա­կան բազ­մա­պի­սի ճա­նա­պարհ­ներ կը մեր­ձե­նա­յին իրենց մի­ջեւ»: Զե­կու­ցա­բե­րը պատ­մու­թե­նէն քաղ­ուած օրի­նակ­նե­րով ապա­ցու­ցեց Սուր­իոյ հետ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած կապ­ուա­ծու­թիւնը, ինչ­պէս` Գրի­գոր Մա­մի­կոն­եա­նի եւ Սըմ­բատ Բագ­րա­տունիի հան­դի­սա­ւոր դի­մա­ւո­րու­թիւնը արաբ խա­լի­ֆա` Մուաու­իա­յին կող­մէն, Դա­մաս­կո­սի մէջ, Մեծն Տիգ­րա­նի օրով հա­յե­րու եւ արաբ­նե­րու վա­յե­լած խա­ղաղ, բար­գա­ւաճ օրերն ու տն­տե­սա­կան զար­գա­ցու­մը եւայլն:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւնը այս տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, նախ­քան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ի յայտ եկած է դա­րե­րու վրայ եր­կա­րող զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով տե­ղի ու­նե­ցած գաղ­թի հե­տե­ւան­քով դէ­պի Կա­պա­դովկ­իա, Կի­լիկ­իա եւ Սուր­իա: Այս առ­թիւ Դոկտ. Հու­րի Ազէզ­եան տա­րեթիւե­րով, հայ եւ օտար աղ­բիւր­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րով հարս­տաց­ուած մէջ­բե­րում­նե­րով հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց հա­յե­րու յայտ­նա­բե­րու­մը Սուր­իոյ մէջ ընդ­հան­րա­պէս եւ Հա­լէ­պի մէջ յատ­կա­պէս: Այդ շր­ջա­նին Հա­լէ­պի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած էին հայ եւ օտար վա­ճա­ռա­կան­ներ, որով­հե­տեւ Հա­լէ­պը առեւտ­րա­կան բար­գա­ւաճ կեդ­րոն դար­ձած էր: Ան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րով լու­սար­ձա­կի տակ առաւ նա­եւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի եւ հայ եկե­ղե­ցի­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման շր­ջա­նը` աւե­տա­րան­նե­րու յի­շա­տա­կա­րան­նե­րէն փաս­տարկ­ներ ներ­կա­յացը­- նե­լով:

Հաս­նե­լով 1915-ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն, անդ­րա­դար­ձաւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան արաբ պե­տու­թեան կող­մէ ան­շա­հախն­դիր հիւ­րըն­կալ­ման եւ ապա որ­բա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քի զօ­- րակ­ցու­թեան: Զե­կու­ցա­բե­րը շեշ­տեց, թէ տա­րի­նե­րու թա­ւա­լու­մով հա­յե­րը աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ իրենց գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւնը բե­րին` ար­ժա­նա­նա­լով տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դի յար­գան­քին: Ինչ­պէս նա­եւ բաժ­նե­կից դար­ձան անոնց բո­լոր ցա­ւե­րուն եւ ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն:

Նիս­տին երկ­րորդ զե­կու­ցա­բերն էր դոկտ. Մու­համ­մետ Ճու­մ­աա Հա­մա­տէ: Ան իր խօս­քին մէջ մե­ծա­րեց հա­յոց ար­գա­սա­բեր ներ­կա­յու­թիւնը, որոնք ռահ­վի­րա­նե­րը դար­ձան լու­սան­կար­չու­թեան, եր­կա­թու­ղի­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան եւ եր­կա­թա­գոր­ծու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րէն ներս: Ան բարձր գնա­հա­տեց հայ կնոջ դե­րը արա­բա­կան իրա­կա­նու­թեան մէջ, մա­նա­ւանդ անոր ձե­ռար­ուես­տի իւ­րա­յա­տուկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Հա­մա­տէ իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց այն հայ նա­հա­տակ­նե­րուն, որոնք Սուր­իոյ բա­նա­կին զօ­րակ­ցե­լով իրենց քաջ ներ­կա­յու­թիւնը բե­րին` յա­նուն հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան:

Հա­յե­րուն նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րուն ակ­նար­կե­լով զե­կու­ցա­բե­րը ըսաւ. «Հա­յե­րը տի­պար օրի­նակ դար­ձան իրենց ազ­նուու­թեամբ, պար­կեշ­տու­թեամբ եւ աշ­խա­տա­սի­րութ­եամբ: Անոնք հան­դուր­ժո­ղա­կան կերտ­ուած­քով եւ գի­տակ­ցու­թեան ար­ժա­նիք­նե­րով օժտ­ուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ են, որոնց ներ­կա­յու­թիւնը կը հարս­տաց­նէ սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը: Հա­յե­րը Սուր­իոյ մէջ լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցի­ներ են եւ ան­բա­ժան մաս­նիկն են այս երկ­րին»: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին առի­թով զե­կու­ցա­բե­րը կոչ ուղ­ղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` հաս­նե­լու ար­դա­րութ­եան:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան