Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ նախարար Սուզան Անթոնի հետ

Մարտ 13-ին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Վանգուվըրի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար եւ նահանգի գլխաւոր դատախազ Սուզան Անթոնի հետ: Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները Նախարարուհիին շնորհակալութիւն յայտնեցին 2014-ի Ապրիլին Վանգուվըրի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը հովանաւորելուն համար: Հանդիպման ընթացքին նախարարուհիին փոխանցուեցան նաեւ Պրիթիմ Գոլոմպիայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շարք մը նախաձեռնութիւններու մասին մանրամսնութիւններ: Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վահէ Յակոբեան, Յակոբ Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան: