«Հայ Դա­տի Լսա­րան»-ի չոր­րորդ նիս­տը, «Արեւմ­տա­հա­յե­րէնն ու Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը»

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին առ­թիւ, Սուր­իոյ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած «Հայ Դա­տի Լսա­րան» ձեռ­նար­կի դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին:

Հինգ­շաբ­թի, 18 Դեկ­տեմ­բեր 2014-ի յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 4:30-ին Ա. Մ. Ժ. Տ. «Անի» ճա­շա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ Դա­տի Լսա­րան»-ի չոր­րորդ նիս­տը, «Արեւմ­տա­հա­յե­րէնն ու Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը» խո­րագ­րով: Օր­ուան զե­կու­ցա­բեր­ներն էին Ֆի­մի Տէր Յա­կոբ­եանն ու Լե­ւոն Շա­ռոյ­եա­նը:

Ներ­կայ էին Բեր­իոյ Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տէր Զա­րեհ Քա­հա­նայ Շա­քար­եան, ազ­գա­յին­ներ, պա­տուոյ հիւ­րեր, հա­լէ­պա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ան­հատ ունկն­դիր­ներ:

Հան­դի­սա­վար Վար­դե­նի Խու­տէց­եան բաց­ման խօս­քէն ու պա­տուոյ հիւ­րե­րու ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, հրա­ւի­րեց նիս­տի առա­ջին զե­կու­ցա­բեր Ֆի­մի Տէր Յա­կոբ­եա­նը` ներ­կա­յաց­նե­լու իր զե­կոյ­ցը:

Զե­կու­ցա­բե­րը առա­ջին հեր­թին նշեց, թէ հայ լե­զուն ծնունդ առած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ծագ­ման հետ` դի­տել տա­լով, որ գի­տա­կան կարգ մը տե­սու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն հայ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են նախ­քան գի­րե­րու գիւ­տը, սա­կայն 405 թուա­կա­նի գի­րե­րու գիւ­տով հայ լե­զուն ու­նե­ցած է ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն, իսկ հա­յ ժո­ղո­վուր­դը ազ­գե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ ինք­նու­րոյն տեղ նուա­ճած է: Պատ­մա­կան ակ­նար­կով մը զե­կու­ցա­բե­րը յայտ­նեց, թէ հայ գի­րի եւ գրա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մէն մին­չեւ 18-րդ դար մեր գրա­կան լե­զուն եղած է գրա­բա­րը, սա­կայն Կի­լիկ­եան թա­գա­ւո­րու­թեան շր­ջա­նին հրա­պա­րակ եկած է ժո­ղովր­դա­կան լեզ­ուի տար­բե­րակ մը, որ կոչ­ուած է մի­ջին հա­յե­րէն, գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է նա­եւ Կի­լիկ­եան հա­յե­րէն, ապա 19-րդ դա­րու սկիզ­բը գրա­բար-աշ­խար­հա­բա­րի պայ­քա­րով գրա­բա­րը տե­ղի տուած է աշ­խար­հա­բա­րին դի­մաց: Զինք ծնող երկ­րին նման, աշ­խար­հա­բա­րը բաժն­ուած է եր­կու ճիւ­ղի` արեւմ­տա­հա­յե­րէն, հիմն­ուած Պոլ­սոյ բար­բա­ռին վրայ եւ արե­ւե­լա­հա­յե­րէն հիմն­ուած արա­րատ­եան բար­բառ­նե­րուն վրայ,սա­կայն Մեծ Եղեռ­նին իր ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տագ­րին են­թարկ­ուե­լով, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը տե­ղա­հան­ուած է իր հո­ղե­րէն, իր հետ տա­նե­լով հայ­րե­նի բնաշ­խար­հը, ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­վի­ճա­կին ար­ձա­գան­գը, մտա­հո­րի­զո­նը եւ մտա­ծե­լա­կեր­պը: Ան տե­ղա­հան­ուե­լով իր բնաշ­խար­հէն, զրկ­ուած է նա­եւ իր գա­ւա­ռա­բար­բառ­նե­րէն:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սուր­իոյ մէջ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի իրա­վի­ճա­կին, Ֆի­մի Տէր­ Յա­կոբ­եան նշեց, թէ Մեծ Եղեռ­նէն ետք, առա­ջին կէս դա­րու ըն­թաց­քին, մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս հա­յա­լե­զու գի­տու­թիւն ջամ­բե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնը ստեղծ­ուած էր, սա­կայն նոյ­նը չէր պատ­կե­րը երկ­րորդ կէս դա­րուն: 20-րդ դա­րու 60-ական թուա­կան­նե­րուն սկիզ­բը ար­դէն որոշ կր­ճա­տում­ներ ար­ձա­նագըր­ուած էին հա­յե­րէ­նով դա­սա­ւան­դուող նիւ­թե­րուն մէջ, իրենց տե­ղը զի­ջե­լով տե­ղա­կան լե­զուով դա­սա­ւան­դու­թեան,1963-1964 տա­րեշր­ջա­նին հա­յե­րէն լե­զուն կը դա­սա­ւանդը­ւէր շա­բա­թա­կան չորս պա­հով միայն, իսկ կրօ­նի դա­սա­ւան­դու­թիւնը` շա­բա­թա­կան եր­կու­քէն երեք պա­հով, հե­տե­ւա­բար հա­յե­րէն լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թիւնը սկ­սած էր ծանր հար­ուած­ներ կրել:

Ֆի­մի Տէր­ Յա­կոբ­եան իր զե­կոյ­ցով լու­սար­ձա­կի տակ առաւ արեւմը­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման ուղ­ղու­թեամբ յատ­կա­պէս Հա­լէպ գա­ղու­թի տա­րած աշ­խա­տան­քը: Ան թուեց կարգ մը հա­յե­րէն դա­սա­գիր­քե­րու անուն­ներ, որոնք ներ­քին եւ տե­ղա­կան ու­ժե­րով պատ­րաստը­ւած են Հա­լէ­պի մէջ, ինչ­պէս` «Շո­ղա­կան» , «Քե­րա­կա­նու­թիւն» Մի­նաս Թէ­օ­լէ­օլ­եան, «Հա­յե­րէն Դա­սա­գիրքս» Յա­կոբ Չո­լաք­եան, «Տիր» Ա. Աթ­թար­եան, ապա անդ­րա­դար­ձաւ1996-ին Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կի հիմ­նադ­րութ­եան, որուն նպա­տակն էր մեր վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սու­ցիչ­ներ, մա­մու­լի աշ­խա­տա­կից­ներ, իսկ մեր միու­թիւն­նե­րուն հա­մար մար­դուժ պատ­րաս­տել:

Որ­պէս վեր­ջա­բան զե­կու­ցա­բե­րը թուեց այ­սօր­ուան երի­տա­սարդ սե­րուն­դին մօտ նկատ­ուած լեզ­ուա­կան կարգ մը դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս` ար­տա­յայ­տու­թեան դժ­ուա­րու­թիւն, օտար բա­ռե­րու օգ­տա­գոր­ծում, քե­րա­կա­նա­կան սխալ­ներ եւ նա­խա­դա­սու­թեան կա­ռոյ­ցի խան­գա­րում, մեր բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րե­լով արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին սպառ­նա­ցող վտան­գին, դի­տել տա­լով, որ անոր պահ­պա­նութ­եան գոր­ծըն­թա­ցը կը կա­րօ­տի նոր ծրա­գիր­նե­րու ու աշ­խա­տան­քի առա­ւել հս­կայ քայ­լե­րու, մա­նա­ւանդ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան­կախ իր գրա­կան, պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին աւան­դէն, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը հան­դի­սա­նայ դա­սա­կան, մես­րոպ­եան կամ աւան­դա­կան ուղ­ղագ­րութ­եան պա­հա­պա­նը: Հե­տե­ւա­բար, ան կը դառ­նայ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու պայ­քա­րի ան­բա­ժան մէկ մա­սը:

Նիս­տի երկ­րորդ զե­կու­ցա­բեր Լե­ւոն Շա­ռոյ­եան իր զե­կոյ­ցը սկ­սաւ հե­տաքրք­րա­կան օրի­նա­կով մը: Ան պահ մը մեր ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց 1920-ական թուա­կան­նե­րու Շա­հան Շահ­նու­րի «Նա­հան­ջը Առանց Եր­գի» վէ­պը. «Կը նա­հան­ջէ Լե­զուն… Մե­ղայ Արա­րա­տին» ու այդ օրի­նա­կով բա­ցատ­րեց, թէ ինչ­պէս Շահ­նուր մօ­տա­ւո­րա­պէս ին­ի­սուն տա­րի առաջ կր­ցած էր պատ­կե­րաց­նել Սփիւռ­քի մէջ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի նա­հան­ջը: Թէ ինչ­պէս «սե­րունդ­նե­րը տա­կաւ առ տա­կաւ պի­տի փր­թին իրենց ազ­գա­յին եւ տոհ­միկ ապ­րում­նե­րէն, խառն ամուս­նու­թիւն­նե­րու ճամ­բով պի­տի հա­լին օտար մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ, իսկ հայ լե­զուն պի­տի չկա­րե­նայ եր­կար դի­մա­նալ եւ դի­մադ­րել ֆրան­սե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի հզօր եւ ճն­շող ալի­քին»:

Լե­ւոն Շա­ռոյ­եան իր զե­կոյ­ցով նկա­տել տուաւ, թէ Մեծ Եղեռ­նի 100ամ­եա­կի սե­մին կա­րե­լի չէ ան­տե­սել այն իրո­ղու­թիւնը, որ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը գտն­ուի կո­րուս­տի ճամ­բուն վրայ: Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը կորս­ուած է իբ­րեւ հող, կորս­ուած է նա­եւ հո­ղին վրայ գտ­նուող նիւ­թա­կան ժա­ռան­գու­թիւնը: Սա­կայն կորս­ուած Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նէն այ­սօր մե­զի հա­սած մի­ակ հարս­տու­թիւնն ու աւան­դը արեւմ­տա­հա­յե­րէնն է: «Կր­ցա՞ծ ենք մենք այդ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պա­հել իր մա­քուր եւ անեղծ վի­ճա­կին մէջ: Կըր­ցա՞ծ ենք ստեղ­ծել այն պայ­ման­նե­րը, որոնք անոր ապա­հո­վու­թիւնը կ՛երաշ­խա­ւո­րեն», հարց տուաւ Շա­ռոյ­եան, յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին լեզ­ուի պահ­պան­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին կա­րե­ւո­րու­թիւնը նշե­լով:

Այ­նու­հե­տեւ ան ներ­կա­յա­ցուց հայ լեզ­ուի պատ­կե­րը այ­սօր, Սփիւռ­քի գլ­խա­ւոր գա­ղութ­նե­րու, յատ­կա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի, Եւ­րո­պա­յի եւ Ամե­րի­կա­յի մէջ, անդ­րա­դառ­նա­լով նշ­եալ գա­ղութ­նե­րու հայ մա­մու­լին եւ գրա­կա­նու­թեան պար­զած վի­ճա­կին: Ապա ըսաւ, թէ Լի­բա­նա­նը սկիզ­բէն ի վեր Սփիւռ­քի սիր­տը նկատ­ուած է, սա­կայն ներ­կա­յիս կորսն­ցու­ցած է Սփիւռ­քին մար­դուժ մա­տա­կա­րա­րե­լու իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը: Հա­լէ­պի գլ­խա­ւոր հարըս­տու­թիւնը կը հա­մար­ուին անոր դըպ­րոց­նե­րը, սա­կայն հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րը ներ­կա­յիս սուր տագ­նապ կ՛ապ­րին: Պո­լիս ներ­կա­յիս 80% տո­կո­սով թր­քա­խօս հա­մայնք է: Ֆրան­սա­հայ գա­ղու­թը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ֆրա­նսա­խօս է: Նոյնն է պատ­կե­րը Կիպ­րո­սի, Լոն­տո­նի, Վե­նե­տի­կի, Վի­են­նա­յի, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի գա­ղութ­նե­րուն:

Իր զե­կոյ­ցի աւար­տին Շա­ռոյ­եան յայտ­նեց, թէ լե­զուն մշա­կոյ­թին մայր երակն է ու լեզ­ուի նա­հան­ջին ան­պայ­ման պի­տի հե­տե­ւի հո­գե­կան ու­ծա­ցու­մը: Ապա շեշ­տեց, թէ պէտք չէ ըլ­լալ յու­սա­հատ եւ յո­ռե­տես, յայտ­նե­լով, որ թէ­պէտ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կ՛ապ­րի իր վեր­ջա­լոյ­սը, սա­կայն քիչ մը ջանք թա­փե­լով կր­նանք գտ­նել մի­ջոց­ներ զայն վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու հա­մար: Մեր ժո­ղո­վուր­դը հրաշք­ներ կըր­նայ գոր­ծել, եթէ ճիգ եւ քր­տինք չխը­նա­յէ: Հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­նե­րէ ի վեր ան­դունդ­նե­րու եզեր­քէն կը քա­լէ, ու­րեմն կա­րե­ւո­րը այն է, որ գտն­ուին ան­դուն­դէն փըր­կուող­ներ եւ նոր երթ ստեղ­ծող­ներ:

Աւար­տին ներ­կա­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին:

Արտա Տէր Յակոբեան