Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի հետ

Յունուար 29-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ռիչմընտ Հիլի մէջ կայացած Գանատայի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութեան նոր թեկնածուներու ի նպաստ յատուկ հաւաքի մը, որուն գլխաւոր հիւրն էր գանատայի վարչապետ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Սթիվըն Հարփըր։

Հաւաքի աւարտին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առանձնազրոյց մը ունեցան վարչապետ Հարփըրի հետ եւ անոր փոխանցեցին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Վարչապետը իր կարգին հաստատեց, որ Գանատան յստակ դիրքորոշում ունի Հայկական Ցեղասպանութեան գծով, զորս արտայայտած է պետական յատուկ յայտարարութեամբ 2006-ի Ապրիլ 19-ին, ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Նորայր Պէրպէրեան, Սամ Մանուկեան եւ Յակոբ Թորոսեան։