Ի հե­ճուկս ա­զե­րիա­կան ճնշում­նե­րուն, Լե­հաս­տա­նի մէջ՝ «­Խօ­սինք Հա­յաս­տա­նի մա­սին»

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յատ­կան­շա­կան է Լե­հաս­տա­նի մէջ 2014 տա­րո­ւայ հա­յան­պաստ քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժու­թիւ­նը: 2014 թո­ւի 12 Մար­տին կազ­մո­ւե­ցաւ Լե­հաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ան­ձե­րէ, այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ա­նոր հիմ­նա­կան նպատա­կը պի­տի ըլ­լայ իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ու ծրա­գիր­նե­րով հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­րե­կամ` Լե­հաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հանրային կար­ծիքն ու քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մօ­տէն ծանօթաց­նե­լու մեր հայ­կա­կան հիմ­նա­հար­ցե­րուն, ա­ւե­լի հա­ղորդ դարձ­նե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­դար դա­տին, հա­յոց ցեղասպա­նու­թեան ու մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շուրջ, արժանավա­յել կեր­պով հե­տապն­դե­լու հայ ազ­գա­յին տագ­նապ­նե­րու, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ու պա­հանջ­նե­րու հո­լո­վոյ­թը, իր գոր­ծօն ներկայու­թեամբ դառ­նա­լու Հայ դա­տի ազ­գա­նո­ւէր մեծ ցան­ցին մէկ մաս­նի­կը, հա­ւա­տա­րիմ պաշտ­պա­նը մեր ազ­գա­յին շա­հե­րուն, որ իր ներդ­րու­մը պի­տի ու­նե­նայ միաս­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ջող իրա­գործ­ման:

Պե­տա­կան մա­կար­դա­կով քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րէն կարելի է յի­շել Լե­հաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան ու Լե­հաս­տան-­Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի ղե­կա­վար ծա­գու­մով հայ` Լու­գաշ Աբ­գա­րո­վի­չի ու Լե­հաս­տա­նի Հանրա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու միա­ցեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հայ փոք­րա­մաս­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ծա­գու­մով հայ` Է­տո­ւարտ Միէր-Ենդ­ժէ­յո­վի­չի, Սեպ­տեմ­բեր 2014 թո­ւին Հայաստան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 5րդ հա­մա­ժո­ղո­վի ի­րենց մասնակ­ցու­թիւ­նը ու հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռըն­թեր պաշ­տօ­նա­կան հանդիպում­նե­րը: Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը քննար­կում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար՝ Էտո­ւարտ Նալ­պան­տեա­նի, Ար­ցախ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ:

Քն­նար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին նկա­տի առ­նո­ւե­ցան Լե­հաս­տան-­Հայաս­տան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը ընդ­լայ­նե­լու անհրաժեշ­տու­թիւ­նը, փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու, համագործակցու­թեան զար­գա­ցու­մը, Լե­հաս­տան-Ար­ցախ կա­պե­րու ընդ­լայ­նումն ու ամ­րապն­դու­մը, քննար­կո­ւե­ցան նաեւ Ատր­պէյ­ճան – Ար­ցախ հա­կա­մար­տու­թեան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նի գոր­ծըն­թաց­նե­րու վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Իսկ տե­ղա­կան մա­կար­դա­կով, Եւ­րո­պա­յի հնա­դա­րեան համալսարան­նե­րէն մէ­կը հա­մա­րո­ւող` Լե­հաս­տա­նի Ք­րա­քով քաղաքի Եա­կե­լո­նեան դա­րա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան ֆաքուլ­թե­թի` ազ­գագ­րու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ազ­գա­բա­նու­թեան ինս­տու­տի վա­րիչ Լե­հաս­տա­նի գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միա­յի արեւե­լեան Եւ­րո­պա­յի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նի վա­րիչ, լեհ պատ­մա­բան ու լե­հա­հա­յու­թեան մաս­նա­գէտ՝ փրօֆ. Անտ­ժէյ Ժիէն­պա­յի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ հա­մա­գոր­ծու­թեամբ նոյն համալ­սա­րա­նի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն, լեհ պատ­մա­բան, լե­հե­րէն լեզո­ւով լե­հա­հա­յոց պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի գիր­քե­րու ու մենագրու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ ու լե­հե­րէն լե­զո­ւով «­Լե­հա­հա­յեր» ուսում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու զոյգ հա­տոր­նե­րու (հրա­տա­րա­կո­ւած 2010 ու 2013 թո­ւա­կան­նե­րուն) խմբա­գիր` փրօֆ. Ք­շիշ­թոֆ Ս­թօբ­քա­յի միացեալ ջան­քե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կը բա­ցո­ւի «­Խօ­սինք Հայաս­տա­նի մա­սին» հան­րա­յին գի­տա­կան քննար­կում­նե­րու շարք մը, ուր 6 յու­նիս 2014 թո­ւին Ք­րա­քով քա­ղա­քի լե­հա­կան Եա­կե­լո­նեան հա­մալ­սա­րա­նի Collegium Maius գրա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Սում­կա­յիթ և Խո­ջա­լի» վեր­նագ­րով հեր­թա­կան ա­ռա­ջին նիս­տը: Ա­ռա­ջին քննար­կու­մի ո­րո­շո­ւած թո­ւա­կա­նէն շա­բաթ­ներ առաջ, Լե­հաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան կող­մէն գործադ­րո­ւե­ցան ան­նա­խա­դէպ քա­ղա­քա­կան ճնշում­ներ, խոչընդոտներ ու զա­նա­զան հա­կա­դար­ձու­թիւն­ներ, ուղ­ղար­կո­ւե­ցան գրա­ւոր բո­ղո­քա­գիր­ներ` կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ լե­հա­կան արտաքին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, թէ ա­զէ­րիա­կան կող­մը իբ­րեւ ար­դար ու ի­րա­ւա­ցի կողմ ի­րեն վերապա­հո­ւած է նման վեր­նա­գիր­նե­րու բա­նա­վէ­ճեր, քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ու ղե­կա­վա­րե­լու ի­րա­ւուն­քը, ամ­բաս­տա­նե­լով նաեւ վե­րո­յի­շեալ գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւնն ու ա­նոր կազմակերպիչները, ո­րոնք ըստ ա­զերիա­կան ամբաստանութիւններուն դրդո­ւած են հայ­կա­կան կող­մե­րէ եւ միակող­մա­նի ու ա­նար­դար մօ­տե­ցու­մով կը վե­րա­բե­րին այս վի­ճե­լի հար­ցին ու կը պաշտ­պա­նեն հայ­կա­կան ա­նի­րաւ ու կաս­կա­ծե­լի վարկած­նե­րը, փոր­ձե­լով ար­գե­լա­կել պատ­մա­կան իրականութիւններու բա­ցա­յայ­տու­մը, տա­պա­լե­լու նման քննար­կում մը, խա­փա­նե­լու հա­յան­պաստ գի­տա­կան ձեռ­նար­կի մը իրագործումը, խանգա­րե­լով նոյ­նիսկ փրօֆ. Ա. Ժիէն­պա­յի բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նը, ու զայն փո­խա­կեր­պե­լով ա­զե­րէ­նի:

Ի հե­ճուկս ա­զե­րիա­կան բո­լոր տե­սա­կի ճնշում­նե­րուն «­Սում­կա­յիթ և Խո­ջա­լի» վեր­նագ­րով քննար­կու­մը լե­հե­րէն լե­զ- ւով ներ­կա­յա­ցուց Լեհաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն ծագու­մով հայ՝ Ար­մէն Արդ­վի­խը, որ 2010 թո­ւա­կա­նին գերազանցութեամբ ա­ւար­տած է Վար­շա­վա­յի հա­մալ­սա­րա­նի իրաւա­բա­նու­թեան եւ կա­ռա­վար­ման ֆա­քուլ­թե­թը: Ա­զատ շու­կա­յի օ­րի­նա­գէ­տի իր մաս­նա­գի­տու­թեամբ ու Վար­շա­վա­յի մէջ մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տու­նի հաս­տա­տու­թեան մը մէջ ա­մէ­նօ­րեայ իր աշ­խա­տան­քի կող­քին, Լե­հա­հա­յոց մշա­կոյ­թի եւ ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նար­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մով 2009 թո­ւա­կա­նէն հրա­տա­րա­կո­ւող լե­հե­րէն-հա­յե­րէն «Ա­ւե­տիս» ե­ռամ­սեայ պար­բե­րա­կա­նի գլխա­ւոր խմբա­գիրն է: Ար­մէն Արդ­վի­խը հան­քա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց իր քննար­կու­մը Սում­կա­յիթ քա­ղա­քի մէջ 1988 թո­ւա­կա­նի փետ­րո­ւա­րի 27 էն 29-ի ժամանակահա­տո­ւա­ծին մէջ ազր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէն ու պե­տա­կան մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած ու իրականացո­ւած հայ խա­ղաղ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան դէմ ջար­դերն ու զան­գո­ւա­ծա­յին տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ ­Սումկայիթի բռնա­րարք­նե­րուն ու սպա­նու­թիւն­նե­րուն որ տե­ղի ունեցան հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան հան­դէպ: Ար­մէն Ա. բա­ցա­յայ­տեց նաեւ Հայ – Ազր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին բեմա­հար­թա­կին վրայ:

«­Խօ­սինք Հա­յաս­տա­նի մա­սին»

«­Խօ­սինք Հա­յաս­տա­նի մա­սին» հան­րա­յին քննար­կում­նե­րու շար­քի երկ­րորդ հեր­թա­կան հան­րա­յին նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի, Ուք­րաի­նա­յի եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վեր­ջին իրադարձութիւն­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդիրը» վեր­նագ­րով, Ուր­բաթ 12 Դեկ­տեմ­բեր 2014 թո­ւի ժա­մը 17:00-ին Ք­րա­քո­վի լե­հա­կան Եա­կե­լո­նեան դա­րա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի նոյն գրա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Լե­հաս­տա­նի մէջ ՀՀ դես­պան՝ Էտկար Ղա­զա­րեա­նի եւ բազ­մա­թիւ հա­յա­գէտ­նե­րու, հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րու ու ու­սա­նող­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ:

Նիս­տը կը ղե­կա­վա­րէր լե­հա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ար­տա­քին գործե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի վար­չու­թեան փոխտ­նօ­րէն, ՄԱԿ-ի Ժ­նե­ւի գրա­սե­նեա­կի Լե­հաս­տա­նի մշտա­կան պատ­գա­մա­ւո­րու­թեան դես­պա­նի տե­ղա­կալ (1998 թո­ւին), ՄԱ­Կի Ընդ­հա­նուր խնդիր­նե­րու վար­չու­թեան փոխտ­նօ­րէն (2002 թո­ւին), ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ Լե­հաս­տա­նի դես­պան 2004 – 2009 թո­ւի ըն­թաց­քին դոկտ. Թո­մաշ Ք­նո­թէն, իսկ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով հիմ­նա­կան բա­նա­խօս­ներն էին Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար` Կի­րօ Մա­նո­յեանն ու քա­ղա­քա­գէտ, լրագ­րող, Ռու­սիոյ մէջ ԼՂՀ մշտա­կան պատ­գա­մա­ւո­րու­թեան խորհր­դա­կան Ար­սէն Մե­լիք-­Շահ­նա­զա­րո­վը, որ հե­ղի­նակ է նաեւ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ գիր­քե­րու (ինչ­պէս՝ «­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ. Փաս­տերն ընդ­դէմ սուտի» 2009թ., «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, Ա­տե­լութ­եան ժա­մա­նա­կակրթութիւն» 2011 թ.):

Զոյգ փոր­ձա­գէտ­նե­րը քննար­կու­մի նիւ­թին քա­ջա­ծա­նօթ ու արդարախոհ մօ­տե­ցու­մով ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­ր-­ւայ վեր­նագ­րի իս­կա­կան խորհուր­դը ու ա­նոր զար­գաց­ման քա­ղա­քա­կան ու­ղի­նե­րը:

Յատ­կան­շա­կան է յի­շել, որ Վար­շա­վա­յի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դեսպանու­թեան եւ ա­նոր յա­րա­կից մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի կող­մէ «Սում­գա­յիթ եւ Խո­ջա­լի» թե­մա­յով յու­նի­սեան ա­ռա­ջին նիս­տի նախօրեա­կին ար­տա­յայ­տո­ւած հա­մա­պա­տաս­խան քննադատութիւն­նե­րուն ու բո­ղոք­նե­րուն ու ա­պա­գա­յի հեր­թա­կան նիս­տե­րու մաս­նակ­ցե­լու ա­զե­րիա­կան կող­մի կամ­քին հա­մա­ձայն ու հա­կա­ռակ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին ուղ­ղար­կո­ւած քննար­կու­մի մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւէ­րին, ու մաս­նակ­ցող թեկ­նա­ծու­նե­րու ա­նուն­նե­րը հայ­թայ­թե­լու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու կան­խօ­րոք խնդրան­քին ատրպէյճա­նա­կան կող­մը մին­չեւ երկ­րորդ նիս­տի թո­ւա­կա­նը չներկայա­ցուց իր փոր­ձա­գէտ­նե­րու ա­նուն­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: Ուս­տի բա­ցա­յայտ է նման գի­տա­կան ձեռ­նարկ մը խա­փա­նե­լու ազերիա­կան դի­տում­նա­ւոր ու չա­րա­խոհ մտադ­րու­թիւ­նը:

Յս­տակ է նաեւ որ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­մե­քե­նան սան­ձար­ձակ կ­՛ար­շա­ւէ ա­մէն ուղ­ղու­թեամբ, նոյ­նիսկ թա­փան­ցած է ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մէջ, սա­կայն ինչ­պէս զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, հոս` ուր ու­թը­հա­րիւր ա­մեայ հայ պատ­մա­կան ու մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ` հայ­կա­կան ա­ռա­ջին սփիւռք­նե­րէն համա­րո­ւող Լե­հաս­տա­նի մէջ ալ այդ հա­կաար­շա­ւը կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւի քա­րան­ձա­ւա­յին մտա­ծե­լա­կեր­պով ու միշտ լռեց­նե­լու, չե­զո­քաց­նե­լու գոր­ծե­լաո­ճով, որ դժբախ­տա­բար ան­հա­րիր է մտա­ւո­րա­կան լուրջ մօտե­ցու­մով շրջա­նակ­նե­րու հա­մար: Նման կա­ռոյց­նե­րու հա­մար բաւա­կան խորթ է հասկ­նալ ու ա­նըն­դու­նե­լի է խա­վիա­րի, գոր­գե­րու եւ այլ նո­ւէր­նե­րով ար­գե­լա­կե­լու, խա­փա­նե­լու ա­զե­րի­կան ըն­դու­նո­ւած ու փտած կա­շա­ռա­կե­րու­թեան քա­ղա­քակ­րու­թու­թիւ­նը:

Իսկ մենք հա­մո­զո­ւած ենք որ հայ­կա­կան հար­ցե­րու ու մա­նա­ւանդ հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­նե­րով նման գի­տա­կան քննար­կում­ներ, հան­րա­յին հան­դի­պում­ներ աշ­խար­հի զա­նա­զան գի­տա­կան ոլորտ­նե­րու մէջ թէ այ­լուր կը նպաս­տեն հայ դա­տի լու­սա­բան­ման ու նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած հա­յան­պաստ քա­րոզ­չա­կան ներդ­րու­մի, նման ծրա­գիր­ներ կ­՛ամ­րապն­դեն ու կը բարձ­րաց­նեն մի­ջազ­գա­յին խղճի ձայ­նը, ե­րե­ւան հա­նե­լու պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներն ու ա­ւե­լի լսե­լի դարձ­նե­լու մեր նա­հա­տակ­նե­րու կտա­կը ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը:

Դոկտ. Ա­րա Սա­յեղ – յատուկ «ԱԶԱՏ ՕՐ»ին