Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպում՝ հելլէն խորհրդարանի «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան երեսփոխաններու հետ

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Աւագեան, Չորեքշաբթի 3 Դեկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, հանդիպում մը ունեցան հելլէն խորհրդարանէն ներս, «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան երեսփոխաններ՝ Էլէնա Քունտուրայի եւ Թերենս Քուիքի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առընչուած հարցեր, հայկական պատուիրակութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ:
Հայ Դատի ներկայացուցիչները մանրամասն պարզեցին Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան հետ կապուած դէպքերու զարգացումները, ինչպէս եւ անհիմն ազերիական ապատեղեկատուութիւնը, որ լուրջ վտանգներ եւ անկայունութիւն կը ստեղծեն տարածաշրջանէն ներս, գրգռելով լարուածութիւնը եւ ուղղակիօրէն հակասելով միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքներուն:
Յոյն երեսփոխաններու ուշադրութեան յանձնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման կենսական իրաւունքի հարցը, զգուշացնելով բոլոր այն անհատական պարագաներէն, որոնք խեղաթիւրուած կը ներկայացնեն հարցերը:
Տիկին Քունտուրա յայտնեց թէ Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրէն ներս, վերջերս որդեգրուած բանաձեւին կապակցութեամբ՝ ազերիական կողմը մեծ ճիգ գործադրեց իր միակողմանի ու անհիմն տեսակէտները պարտադրելու համար յոյն երեսփոխաններուն վրայ: Այսուհանդերձ, յոյն երեսփոխանները որ լիագումար նիստին ներկայ գտնուեցան, համոզուած ըլլալով թէ ճիշդ եւ արդար լուծում մը պէտք է տալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին գծով՝ քուէարկեցին յօգուտ հայկական պատուիրակութեան առաջարկին:
Հանդիպման աւարտին երկուստեք շեշտուեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդէն ներս հայկական պատուիրակութեան հետ աշխուժօրէն համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը: Հայ Դատի ներկայացուցիչները ստանձնեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերող ամբողջական թղթածրար մը տրամադրել յոյն երեսփոխաններուն: