Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը դափնեպսակ զետեղեց Ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ

Աթէնքի արուարձաններէն Էղալէոյի շրջանին մէջ Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2014ին, բացումը կատարուեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի։
Յուշարձանի բացման արարողութիւնը կատարեց Յունաստանի մէջ Ասորիներու Միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, որ անդրադարձաւ 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ գործուած ոճիրին, շեշտելով թէ բոլոր հայերն ու ասորիները պահանջատէր կը մնան Թուրքիոյ հանդէպ։ «Չենք մոռնար զոհերուն յիշատակը, հայ ազգը, ասորիները, յոյները, բոլորս պահանջատէր ենք Թուրքիայէն։ Անմեղ զոհերու յիշատակը կը յաւերժացնենք այսօր, Էղալէոյի մէջ կանգնեցուած յուշարձանով, յիշեցնելով բոլորին թէ պէտք է ճանչնալ ու դատապարտել կատարուած ոճրագործութիւնը եւ անպայմանօրէն հատուցել մեր ազգերու ունեցած կորուստը»։
Արարողութեան ներկայ գտնուած են Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկերներ Խաչիկ Ապարեան եւ Արթօ Շեմմաս, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ընկ. Գէորգ Աւագեան։ Ներկայ եղած են նաեւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները։
Ընկ. Խաչիկ Ապարեան ողջոյնի խօսք ուղղած է, շեշտելով համագործակցութեան եւ համադրուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ, յոյն եւ ասորի ազգերու պահանջատիրական պայքարի գործընթացին մէջ։

Նկար՝ Խաչիկ Ապարեան իր ողջոյնի խօսքի ընթացքին